Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը 2020-ի աշնան, իր իսկ սանձազերծած պատերազմէն ետք, ամէն առիթով կը քննադատէր, կը նսեմացնէր եւ նոյնիսկ կը ծաղրէր ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան բանակցային ձեւաչափը, որուն մասնակցած էր շուրջ 28 տարի: Ան համանախագահները կը մեղադրէր այդ 28 տարիներու ընթացքին արդիւնքի հասնելու եւ պատերազմը կանխելու անկարողութեամբ, խոչընդոտելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի համապարփակ կարգաւորման շուրջ Մինսքի ձեւաչափով բանակցութիւններու վերսկսումը, հակառակ այդ տարիներուն Երեւանի ցուցաբերած պատրաստակամութեան եւ եռանախագահողներու բազմաթիւ կոչերուն:
Հետագային, սակայն, 24 Սեպտեմբեր 2021-ին Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանի ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահներուն միջնորդութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որ առաջինն էր 9 Նոյեմբեր 2020-ի զինադադարէն ետք: Հնգակողմ հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը յայտնեց վերսկսելու ղարաբաղեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով։
Հանդիպումէն ետք միատեղ յայտարարութիւն տարածուեցաւ այս առումով, ուր համանախագահները, ողջունելով երկու արտաքին գործոց նախարարներուն առաջին հանդիպումը, կոչ ուղղեցին ներգրաւուելու խաղաղութեան գործընթացի մէջ՝ ուղղակի երկխօսութեան միջոցով, յանուն տարածաշրջանի կայունութեան եւ բարգաւաճման:
Սակայն Ատրպէյճան Արցախի հարցի խաղաղ կարգաւորման մասին չէր իսկ մտածեր։ Ան մտադրած էր խափանել այն խաղաղ գործընթացները, կամ բանակցութիւններու ձեւաչափերը, որոնք կրնային արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան նպաստել։
Ատրպէյճան շարունակեց ամէն առիթի յայտարարել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անկարեւորութիւնը եւ պահանջել անոր լուծարումը, որպէսզի արցախահայութիւնը պատերազմով բռնի տեղահանելու իր ծրագիրը իրականութիւն դարձնէր եւ գետնի վրայ իրադարձութիւնները անցեալի գիրկը նետէին բոլոր այն փաստաթուղթերը, որոնք երկար տարիներ կը քննարկուէին Մինսքի խումբին ձեւաչափով։
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը լուծարելու Ատրպէյճանի նպատակը միայն արցախը կլանելը չէր փաստօրէն, այլեւ Հայաստանի հետ սահմանազատման գործընթացին մէջ զանց առնելն էր՝ ԵԱՀԿ քարտուղարութեան «Պետական սահմաններու սահմանազատում եւ սահմանագծում, հրատապ հարցեր եւ լուծման ուղիներ» 2017-ի փաստաթուղթի հայեցակարգային կանոնները, այդ կարգին այն հիմնարար սկզբունքը, որուն համաձայն առ ոչինչ է ուժի սպառնալիքի կամ զայն կիրառելու միջոցով ձեռք բերուած իւրաքանչիւր միջազգային համաձայնութիւն:
Արեւմուտք-Ռուսիա յարաբերութիւններու վատթարացումն ու տարածաշրջանին մէջ մէկը միւսին հաշուոյն ազդեցութիւն բանեցնելու մրցակցութիւնը նպաստեցին ԵԱՀԿ Մինսքի դերակատարութեան նսեմացումին։
Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները այլ ձեւաչափերով սկսան ընթանալ։
Ատրպէյճանի 2024-ին սանձազերծած պատերազմէն ետք, Հայաստանի վրայ ճնշումները սաստկացան, ու բոլոր կողմերը սկսան խօսիլ խաղաղութեան հաստատման համաձայնագրի մասին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, անտեսելով Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին նախապէս տեղի ունեցած համաձայնութիւններն ու պատերազմով հարցեր լուծած ըլլալու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախորդ օրերուն ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Իեն Պորճի հետ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ԵԱՀԿ-էն պահանջեց լուծարել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման երկարամեայ միջնորդ Մինսքի խումբը։ Ալիեւի պնդումին համաձայն, հայկական կողմը այդ հարցով ընդդիմանալու պատճառ անգամ չունի։
Ատրպէյճանի նախագահը կրկին քննադատեց ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ գլխաւորած միջնորդական առաքելութիւնը եւ պնդեց, որ եռանախագահներու հիմնարկը ծառայած է «ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումի շարունակութեան»։
Յստակ է որ Ատրպէյճան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արցախահայութեան տեղահանումն ու Արցախի բռնագրաւումը վերջնականացնելու, ետդարձի ուղիները այրելու, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համաձայնագրեր շրջանառութեան մէջ չձգելու եւ վերջապէս Հայաստանի հետ սահմանազատման համաձայնութիւնը պատերազմի սպառնալիքին տակ իրականացնելու համար, անտեսելով՝ միջազգային կանոններն ու սկզբունքները, մասնաւորապէս «ՄԱԿ-ի միջազգային պայմանագրերու իրաւունքի մասին  Վիեննայի համաձայնագիր»-ը 1969, «Հելսինքիի եզրափակիչ աքտ»-ը 1975 եւ ԵԱՀԿ քարտուղարութեան «Պետական սահմաններու սահմանազատում եւ սահմանագծում, հրատապ հարցեր եւ լուծման ուղիներ»  փաստաթուղթի հայեցակարգային կանոնները, 2017:
Հայկական կողմին համար արցախահայութեան իրաւունքներու հարցին արծարծումն ու առանց սպառնալիքներու եւ պարտադրանքներու սահմանազատման իրականացման պնդումը նուազագոյն պահանջներն են, որոնցմէ կարելի չէ հրաժարիլ։ Այս պահանջներուն համար ծայր առաւ նաեւ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» համաժողովրդային շարժումը։