ՊԱՏԺԵ՞Լ ՄԱՆՈՒԿԸ, ԹԷ՞…
Դաստիարակութեան ոսկեայ կանոնն է խրախուսել դրականը, անտեսել բացասականը: Շատ մը ծնողներու համար ասիկա անհասկնալի կը թուի: Անոնք չեն պատկերացներ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է անտեսել բացասական վարքը եւ խրախուսել միայն դրական արարքները:
Իրականութեան մէջ մանուկի վարքին մէջ որեւէ բան ամրագրելու համար անհրաժեշտ է միայն մեծ ուշադրութեան արժանացնել այդ երեւոյթը: Նոյն սկզբունքով կ’ամրանան մանուկին բացասական սովորութիւնները, որոնց համար ծնողները կը զայրանան, կը սպառնան կամ կը վախցնեն մանուկը: Յետոյ անընդհատ կը զարմանան, որ ինչո՞ւ ոչ մէկ բան կը փոխուի մանուկին մօտ, ինչո՞ւ մանուկը կը շարունակէ մատիկը քթիկին տանիլ եւ այլն: Փոքրիկին վարքին ուշադրութիւն դարձնելու ձեւ մըն ալ պատիժն է, որ սակայն միշտ չէ որ դաստիարակչական բնոյթ կրնայ ունենալ։
Ծնողներ կը պատժեն մանուկները, երբ անոր վարքին վրայ ազդելու այլ միջոցի ծանօթ չեն։ Սակայն կան միջոցներ, որոնք արդիւնաւէտ կերպով կրնան փոխարինել պատիժը եւ օգնել մանուկին, որ տեսնէ իր վարքին բացասական կողմերը եւ սրբագրէ զանոնք։
1.Յայտնաբերեցէ՛ք ձեր զաւկին թաքնուած պահանջները:
Մանուկին բացասական վարքին հիմնական պատճառը անկատար մնացած իր պահանջներն են: Խելամիտ ծնողներ պէտք է հասկնան, որ մանուկը իր վարքով ինչ կ’ուզէ ցոյց տալ: Յաճախ փոքրիկները պարզապէս կ’ուզեն ուշադրութեան արժանանալ, հետեւաբար ալ բազմաթիւ պարագաներու բաւարար է միայն զիրենք գրկել ու գուրգուրալ անոնց։
2.Բացատրեցէ՛ք փոքրիկին, տեղեկութիւն տուէ՛ք։
Եթէ մանուկը պատին վրայ կը գծէ, պէտք է բացատրել անոր, թէ մարդիկ ինչո՞ւ կը գծեն թուղթի վրայ, իսկ ինչո՞ւ կարելի չէ պատին վրայ գծել։
3.Փնտռեցէ՛ք թաքնուած զգացումները:
Ընդունեցէ՛ք, հանդուրժեցէ՛ք եւ լսեցէ՛ք մանուկին, հասկցէ՛ք անոր զգացումները: Եթէ փոքրիկը իր դասընկերոջը կը հարուածէ, ընդունեցէ՛ք, որ բարկացած է եւ փորձեցէ՛ք այդ բարկութիւնը փարատել աւելի ընդունելի ձեւով՝ վազվզելով, բարձրաձայն խօսելով եւ այլն։
4.Փոխեցէ՛ք փոքրիկին միջավայրը:
Եթէ ձեր փոքրիկը յաճախ կը խառնէ խոհանոցին պահարանը, փակեցէ՛ք զայն, որպէսզի այլ սենեակ ուղղուի եւ այլ տեղեր զբաղում փնտռէ։
5.Գտէ՛ք ընդունելի տարբերակներ:
Ձեր մանուկին դիմաց այլ ընտրանքներ դրէ՛ք։ Եթէ չէք ուզեր որ փոքրիկը հիւրասենեակը տարտղնէ իր խաղալիքներով, առաջարկեցէ՛ք այլ սենեակ ուղղուիլ, իրեն ընկերակցեցէ՛ք ու միասին խաղցէ՛ք։
6. Բացատրեցէ՛ք ձեր փոքրիկին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուի։
Եթէ ձեր փոքրիկը կատուին պոչը կը քաշէ, ցոյց տուէ՛ք անոր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է սիրել կատուն: Օրինակը ցոյց տուէ՛ք անձամբ։
7. Փափաքելի է ցուցմունքներ չտալ, այլ՝ առաջարկել։
Յորդորները ընդհանրապէս հակառակ վարմունք կը դրսեւորեն, օրինակ՝ փոխանակ թելադրելու որ ակռաները լուայ, հարցուցէ՛ք, թէ ակռաները ե՞րբ կ’ուզէ լուալ, գիշերանոցը հագնելէն առա՞ջ, թէ վերջ։
8.Փոքր զիջումներ կատարեցէ՛ք:
Օրինակ` «Կ’արտօնեմ, որ այսօր ակռաներդ չլուաս, որովհետեւ գիտեմ, թէ շատ յոգնած ես»։
9.Նախապատրաստեցէ՛ք փոքրիկը։
Եթէ, օրինակ, հիւրեր պիտի ընդունիք, բացատրեցէ՛ք փոքրիկին, թէ ինչպիսի՞ վարք կ’ակնկալէք իրմէ հիւրերուն դիմաց:
10.Ձեր զգացումները յայտնեցէ՛ք փոքրիկին։
Առիթ տուէ՛ք, որ փոքրիկը իմանայ, թէ ձեր վրայ ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կ’ունենայ իր վարքը։ Ըսէք, օրինակ, թէ շատ կը յոգնիք գետին թափած խաղալիքը օրուան ընթացքին քանի մը անգամ հաւաքելէ։
11.Անհրաժեշտութեան պարագային քայլեր առէ՛ք:
Եթէ փոքրիկը կ’ուզէ փողոցը վազվզել, ամուր բռնեցէ՛ք ձեռքը եւ բացատրեցէ՛ք, որ վտանգաւոր է նման բան ընելը։ Որոշ պարագաներու հարկ է անդրդուելի մնալ, որպէսզի մանուկը հասկնայ հարցին լրջութիւնը։
12.Միասին խաղցէ՛ք:
Շատ մը բարդ վիճակներէ կարելի է դուրս բերել մանուկը միասին խաղալով, նոյնինքն այդ իրավիճակը խաղի վերածելով։ Եթէ մանուկը կերած պահուն կ’աղմկէ ճաշարանին մէջ, կարելի է միասնաբար խաղալ սրճարանի խաղը եւ ընկերաբար գալ, խնդրել լռութիւնը պահպանել՝ միւս յաճախորդները չխանգարելու համար: Փոքրիկը, այս պարագային, կը խնդայ, սակայն կը սորվի, որ կարելի չէ ճաշարանը բարձրաձայն խօսիլ։