Իրանի նախագահին ու անոր ընկերակիցներուն ուղղաթիռին կործանումը թէեւ վերագրուեցաւ կլիմայական վատ պայմաններու, սակայն լրատուամիջոցներ այսօր յայտնեցին, որ մնացեալ երկու ուղղաթիռներ վարողները  Թաւրիզ վերադառնալէ ետք պարզած են որ մարախուղ չկար այդ բարձրութեան վրայ, թէեւ ցած մակարդակի վրայ, ձորերու խորքը նկատելի էր կլիմայական վատ վիճակ։ Փաստօրէն մնացեալ երկու ուղղաթիռները յաջողած են բնականոն շարունակել իրենց թռիչքը ու հասնիլ Թաւրիզ, ու նախագահը, արտաքին գործոց նախարարը եւ անոնց ընկերակիցները փոխադրող ուղղաթիռը յատկապէս կործանած եւ ջախջախուած է։
Եթէ նկատի ունենանք դէպի Թաւրիզ օդային տարածքներու տակ ինկող Արցախէն Ատրպէյճանի բռնագրաւած շրջանները, ուր տեղակայուած են իսրայէլեան ռազմական կայաններ, կարելի է մասամբ ըմբռնել թէ Իսրայէլ Արցախեան պատերազմի օրերուն ինչո՞ւ բացայայտօրէն զօրավիգ կը կանգնէր Ատրպէյճանի, դիւրացնելով Արցախի բռնագրաւումը: Այստեղ խնդիրը ճանապարհներու օգտագործումը չէր փաստօրէն, ինչպէս էր պարագան Ատրպէյճանի յարձակողական քայլերը խրախուսող այլ կողմերու, այլ՝ Իրանի սահմանին իսրայէլեան զինուորական կէտերու հաստատումն էր ու շարունակաբար Իրանի շարժումներուն հետապնդումը։
Լրատուամիջոցներ լուսարձակի տակ առին նաեւ նախագահ Ռայիսիի Ատրպէյճանի նախագահին հետ կամուրջի բացման ընթացքին արտասանած վերջին խօսքը, ուր ան կը յայտնէր, թէ «կրնայ որոշ կողմի մը հաշուոյն չգալ այս մեր միասնական ծրագիրներն ու համատեղ յաջողութիւնները», նշաձողը յստակօրէն ուղղելով Իսրայէլի։
Այս դէպքերը նաեւ կը յիշեցնեն Հալէպի եւ Դամասկոսի օդակայաններուն մերթ ընդ մերթ հրթիռակոծումները իսրայէլեան օդուժին կողմէ, լրատուամիջոցներու վկայութեամբ յատկապէս Իրանէն ժամանող թռիչքները թիրախ դարձնելու համար։
Միւս կողմէ նկատելի է այս ժամանակաշրջանին նոյնինքն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Հարաւային Կովկասի մէջ Իրանի դերակատարութեան սահմանափակման կամ Հիւսիս-հարաւ ճանապարհին վրայ Իրանը շրջանցելու ճիգերը։
Այս բոլորին միանալու կու գայ Իրանը շրջափակման մէջ պահելու ամերիկեան գործօնը, ու մօտաւոր պատկեր մը կը ստեղծուի Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ազդեցութիւններու բանեցման սուր պայքարին առնչուող։
Այսօր Իրան հերքեց նաեւ թրքական լրատուադաշտին մէջ տարածուող այն պնդումները,  թէ իբրեւ Իրանի նախագահ Ռայիսին տեղափոխող ջախջախուած ուղղաթիռը յայտնաբերուած է թրքական անօդաչու թռչող սարքի (ԱԹՍ) կողմէ:
Ամերիկեան «BBC»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այդ մասին խօսեցաւ Իրանի Կարմիր Մահիկի նախագահ Պիր Հուսէյն Կոլիվանտ՝ ընդգծելով, որ ուղղաթիռի գտնուելու վայրը յայտնաբերուած է Իրանի սեփական միջոցներով:
Թուրքիան պարզապէս ուզեց օգտագործել այս աղէտը եւս՝ իր հետախուզական կարողութիւններուն քարոզչութիւնը ընելու եւ շրջանի մէջ մրցունակ ներկայութեան շեշտադրումը կատարելու։