Խաժակ Մկրտիչեան․« «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը Վերքաղաքական, Վերկուսակցական Շարժում Է, Ազգային Շարժում Է, Հեռու Քաղաքական Տարաբնոյթ Հաշուարկներէ»
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ.Տ.Մակար Սրբ.Արք.Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան, Երեքշաբթի, 28 Մայիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, ԱՔԵ Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 106-ամեակին։
Վարժարանի մուտքին ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը փունջ մը յեղափոխական երգեր նուագելով կը դիմաւորէր հիւրերը։
Տօնախմբութեան ներկայ էին` հայ երեք հոգեւոր պետերը, հալէպահայ քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, Ազգ. իշխանութեան, հալէպահայ բարեսիրական, երիտասարդական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հարիւրաւոր հալէպահայեր։
Տօնախմբութիւնը սկսաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին կատարողութեամբ։
Օրուան հանդիսավար Նանար Պապեան-Քիլէճեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակներուն յիշատակը։
Հայերէն բացման խօսքով Մարիա Չաղլասեան յայտնեց, որ 106 տարի առաջ ճիշդ այս օրերուն հայուն արեւը ճառագայթեց Սարդարապատէն ու Սարդարապատեան լուսաւոր ղօղանջը նոր էջ բացաւ մեր պատմութեան մէջ։ Հայը թօթափեց գերութեան կապանքը, հաւատաց իր բազուկի ուժին եւ վերակերտեց իր պետութիւնը՝ որպէս անկախ երկիր եւ ինքնուրոյն զարգացող ժողովուրդ համաշխարհային ընտանիքին մէջ։ Ապա դիտել տուաւ, որ ազգովին շատ դժուար օրեր կ`ապրինք։ Զանգերը կը ղօղանջեն ու ներքին թէ արտաքին հակառակորդը կը փորձէ մերթ պատերազմով, մերթ դիւանագիտութեամբ ու յատկապէս փաշինեանական քաղաքականութեամբ մեզ վերացնել, սակայն հայոց պատմութիւնը վկա՛յ, հայ ժողովուրդը օրհասական պահերուն ունակ է հրաշքներ գործելու, անդունդի եզրին հասնելէ ետք փիւնիկի նման վերածնելու։ Այս նպատակի իրագործման համար պիտի յայտնուին նոր Արամ Մանուկեաններ, Կանայեաններ ու Նազարբէկեաններ ու ոտքի հանեն մեր ժողովուրդը իր թմբիրէն, վերականգնեն Մայիս 28-ի ոգին ու կրկին հնչեցնեն Սարդարապատի ղօղանջը՝ յաղթանակի լուսաբացին առաջնորդելու մեր ժողովուրդը։
Արաբերէն բացման խօսքով Անժելլա Չաղլասեան յայտնեց, որ պայքարը մօտեցում է, դիմադրութիւնը ճանապարհ, իսկ անկախութիւնը՝ ձեռքբերում։ Մենք որպէս հայ ազգ մեր պապերու ժամանակներէն որոշած ենք քալել պայքարի ճամբէն, ուրկէ քալած են նաեւ հերոսները։
Իր խօսքի աւարտին Չաղլասեան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ եւս, որպէս հաւատարիմ քաղաքացիներ, Աստուծոյ եւ ժողովուրդին դիմաց կը խոստանանք քալել նոյն ճամբէն, գլխաւորութեամբ երկրիս վսեմաշուք նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի, զօրութեամբ սուրիական բանակին՝ ազատագրելու թշնամիներուն կողմէ բռնագրաւուած սուրիական հողերը։
Տօնախմբութիւնը ջերմացուց գեղարուեստական յայտագիրը։ Նախ ելոյթ ունեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի «Ս.Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբի աշակերտները՝ յաջորդաբար երգելով «Հէյ հէ՜յ․․․ Ոտքի, Հա՛յ Ժողովուրդ» եւ «Պիտի Ապրենք», գեղարուեստական ղեկավարութդամբ մայեսթրա Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցոյթեամբ Շողեր Օհանեան-Քահքէճեանի։ Ապա երգչախումբին միացաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը ու երկու խումբերը միասնաբար հրամցուցին՝ «Հայաստան» եւ «Հայ, Հայաստան, Հայրենիք ու Աստուած» երգերը արժանանալով ներկաներու ջերմ ծափողջոյններուն։ Երգերու մեկնաբանութեան ընթացքին պաստառի վրայ կը ցուցադրուէին Հայաստանը եւ Արցախը խորհրդանշող պատկերներ։
Օրուան բանախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան իր խօսքը սկսաւ «Զանգե՛ր, ղօղանջէ՛ք Սարդարապատից» նախադասութեամբ, դիտել տալով, որ այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, հայն ու Հայաստանը ականջ պէտք է դնեն Սարդարապատէն հնչած զանգերու ղօղանջին, որովհետեւ մեր դարաւոր թշնամին մեր ազգը լռեցնելու ելած է՝ այս անգամ անխոհեմ քաղաքական մօտեցումներ շահագործելով։
Բանախօսին համաձայն, շատեր հայ ժողովուրդի կեանքը կը նմանցնեն Քրիստոսի կեանքին, ու այնպէս ինչպէս Քրիստոս բարձրացաւ Գողգոթա եւ երեք օր վերջ յարութիւն առաւ, նոյն նմանութեամբ հայ ժողովուրդը 106 տարի առաջ յարութիւն առաւ եւ Ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ մղելով իր գոյամարտը 600 տարուան ստրկութենէ վերջ պատմական մեր հայրենիքի մէկ կտորին վրայ անկախ հանրապետութիւն ստեղծեց գերագոյն զոհաբերութեամբ ։
Բանախօսը շեշտեց, որ Գերագոյն զոհաբերութեամբ, նահատակութեամբ, հայ ժողովուրդը կրցաւ նուաճել իր ազգային պետութիւնը եւ նահատակութեան լաւագոյն բնութագրումը կատարելու համար թարգմանաբար մէջբերեց զօրավար Հաֆէզ ալ-Ասատի հետեւեալ խօսքը. «Նահատակները աշխարհի ամէնէն նուիրեալներն ու մարդկութեան ազնուագոյն օրինակներն են»։
Բանախօսը համեմատեց Հարաւային Կովկասի մէջ 1918-ի եւ տիրող ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմանները ու նմանութիւններ ընդգծեց, ապա համեմատեց 1918-ի պետականակերտ ղեկավարներն ու Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը ու ըսաւ, որ ներկայ իշխանութիւնը երկրին ղեկը ստանձնած առաջին օրէն յստակօրէն յայտնեց իր միտումներն ու ծրագիրները՝ վերյիշեցնելով Կրթութեան,Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարզանքի Նախարարութեան առաջին քայլերը, որոնք կը միտէին հայոց դպրոցներէն վանել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, Հայոց լեզուին տալ երկրորդական տեղ եւ քայլ առ քայլ հայ ժողովուրդի ազգային արժէքները նսեմացնել։ Ան նկատել տուաւ, որ այդ օրերուն շատեր կը կարծէին, թէ առաջին քայլերը անփորձութեան հետեւանք էին ու կը սրբագրուէին ժամանակի ընթացքին, սակայն պատահեցաւ ճիշդ հակառակը։ Այս իշխանութիւնները շարունակեցին հայրենակործան քաղաքականութիւնը այս անգամ արցախեան ճակատի վրայ։ Անոնք յստակ ճամբայ կտրած Արցախի բանակցային գործընթացը տապալեցին եւ բանակցութիւններու սկսան զեռօ կէտէն, յետոյ յայտնեցին, որ Արցախի կարգավիճակի նշացողը պէտք է իջեցնել ու իրենց տհաս քաղաքականութեան հետեւանքով 44-օրեայ պատերազմը հրահրեցին։ Յետոյ արցախեան հարցը տապալեցին՝ արցախահայութեան ցեղասպանութեան, տեղահանման ու Արցախի ամբողջական կորուստին պատճառ դառնալով։
Մկրտիչեան ըսաւ որ ներկայ իշխանութիւններուն հայրենակործան արարքները այսքանով վերջ չգտան, անոնք Հայաստանը դարձուցին գերուժերու բախման թատերաբեմ, սահմանափակեցին յարաբերութիւնները ռազմավարական դաշնակիցներու հետ, առանց նոր դաշնակիցներով փոխարինելու զիրենք։ Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան շատ փոքր է քաղաքական հակադրութիւններու թատերաբեմ դառնալու համար, սակայն այսօր դարձած է նման թատերաբեմ իշխանութիւններուն վարած ձախաւեր քաղաքականութեան հետեւանքով։ Աւելին․ Հարաւային Կովկասի մէջ սկսած է աճիլ թրքական գործօնը իրենց քաղաքականութեան նպաստով եւս։
Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Արցախի կորուստով Ատրպէյճեան կանգ չառաւ, այլ ներխուժեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածք եւ սկսաւ թելադրութիւններ տալ Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ Սահմանադրութիւն փոխելու, Հայաստանի պետական խորհրդանիշերը եւ պատմութիւնը կասկածի տակ առնելու եւ այլն։
«Ալ բաւ է։ Հայ ժողովուրդը այսօր պարտաւոր է իր մէջքը շտկել, այս պարտուողական ընթացքը շրջել եւ ինքնակազմակերպման նոր ընթացք բռնել։ Այս տեսլականով Հայաստանի ամենապաշտպանուած տարածքէն, Տաւուշէն ծայր առած «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումը այսօր իր յստակ պահանջքը դրած է սեղանի վրայ՝ վերջ տալու ազգագործան իշխանութիւններու ընթացքին։ Համահայկական այս շարժումը աստիճանաբար ծաւալելով յաջողած է իր շուրջ համախմբել ազգային գաղափարախօսութեան հաւատացող բոլոր ուժերը։ Գիտնականներ, քաղաքական գործիչներ, մշակութային գործիչներ, մտաւորականներ, կուսակցութիւններ, կրթական հաստատութիւններ համախմբուած են մէկ գաղափարի շուրջ, հեռու մնալով քաղաքական տարաբնոյթ հաշուարկներէ։ Այս շարժումը վերքաղաքական, վերկուսակցական, ազգային շարժումի վերածուած է։ Ան սկիզբ առած է յանուն Հայաստանի անվտանգութեան, յանուն հայ ժողովուրդի ներքին համերաշխութեան, յանուն հայ ժողովուրդի կարողութիւններու մէկտեղման, յանուն պարտուողականութեան կասեցման եւ յանուն արցախահայութեան իրաւունքներու ձեռքբերման։ Այս շարժումը ծնունդ առած է ընդդէմ պարտուողականութեան, ընդդէմ զիջողականութեան, ընդդէմ Արցախի հարցի ուրացման, ընդդէմ Հայաստանի անվտանգութեան հիմքերու խարխլման։ Եւ Այսօր համարձակօրէն կրնանք ըսել որ պէտք է սկիզբ առնէ Նոր Սարդարապատը։ Այսօր Սփիւռքէն մինչեւ հայրենիք պէտք է գիտակցինք, որ իշխանութիւններու այս զիջողական քաղաքականութիւնը չորս գիւղերու հարց չէ, այլ Հայաստանի գոյութիւն ունենալ չունենալու հարցն է։ Ուստի Հայաստանի մեր հարիւրհազարաւոր քոյրերու եւ եղբայրներու բարձրացուցած բողոքին կը ձայնակցինք եւ յոյսով ու հաւատքով կը սպասենք երկրորդ Սարդարապատի զանգերու ղօղանջին։ Զանգե՛ր, ղօղանջէ՛ք», եզրափակեց բանախօսը։
(Բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ կարդալ «Գանձասար»-ի Մայիս Ե․ համարով)։
Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Դիա Քէշիշեանի եւ Գարլա Աթաշեանի Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»-ի ասմուքով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Մկօ Ղազարեանի։
Օրուան հանդիսավարը յայտագիրի ընթացքին Մերթ ընդ մերթ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հակիրճ պատմականը։
Ապա այս առիթով իր պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեան։
Սրբազան հայրը վեր առաւ հայու ազատատենչ ոգին, լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին դժուարութիւնները աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներուն լոյսին տակ եւ յորդորեց գօտեպնդուիլ, ձեռք-ձեռքի տալով, միասնական ոգիով գործել՝ պաշտպանելու մեր հայրենիքի տարածքային ամբողջականութիւնը, տէր կանգնելու մեր ազգային-կրօնական արժէքներուն, որոնցմով հայը գոյատեւած է ու պիտի շարունակէ ծաղկիլ ու գոյատեւել։
Ապա շեշտեց, որ բոլորս կը հրաւիրուինք գիտակցօրէն մեր զօրակցութիւնը յայտնելու Հայաստանի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք արդար ցասումով իրենց պահանջքը կը ներկայացնեն անարդարութեան դէմ։
Մակար սրբազան դատապարտելով ամէն տեսակի բռնարարքները աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի իմաստութեամբ օժտէ մեր հայրենիքի ղեկավարները ու ճիշդ քայլերու առաջնորդէ զիրենք ու մեր ժողովուրդը։
Տօնախմբութիւնը իր աւարտին հասաւ յեղափոխական երգերու փունջով մը, զոր ներկայացուցին Լիբանանէն այս առիթով ժամանած Լոռի Կիւլիւմեան, Դամասկոսէն ժամանած Մարտիկ Գաթկլեանի եւ Հալէպէն Կասիա Պաղտիկեան, երգեհոնի ու կիթառի ընկերակցութեամբ Ներսէս Թօփճեանի եւ Յակոբ Լէհիմճեանի։ Յայտագիրին պարերով միացան նաեւ Համազգայինի Ն․ Աղբալեան Մասնաճիւղի «Սարդարապատց» պարախումբէն Լիլիթ Նալպանտեան, Ալիսիա Լախոյեան, Մարինա Քէշիշեան եւ Մարալ Ղազէլեան-Տէիրմէնճեան։
Երգերու ընթացքին ներկայ փոքրիկներն ու պատանիները Հայաստանի դրօշը բարձրացուցած բեմահարթակ ներկայացան ու ձայնակցեցան երգիչներուն։
Գարոլին Քիւրքլեան