Շատ փոքր գրքոյկ մըն է ձեռքերուս մէջ, հազիւ քսանհինգ էջանի, հրատարակուած Ղալաթիա, 1909 թուականին, ուր սակայն ամփոփուած կը գտնենք Արեւմտահայաստանի կեանքէն կարեւոր դրուագ մը, կարեւոր մասնագիտութեան մը մասին:
Այնտեղ կը գտնենք նաեւ մեր այդ օրերու ազգային կեանքին մէկ շատ տխուր պահը, որ նկարագրուած է կարելի հարազատութեամբ, անգա՛մ մը եւս հաստատելով մեր բնածին ախտերը, անգա՛մ մը եւս խորապէս տխրեցնելով մեզ: Հակառակ առթած տխրութեան սակայն, այդ գլուխը կը նկարագրէ եւ կը հաստատէ հայերուն խաղցած դերը Օսմանեան կայսրութեան ամէնէն վերի աստիճանաշարին (echelon) վրայ:
Գրիգոր Մալխասեան, թոռը Գրիգոր աղա Մալխասեանի, գրեր է իր մեծ հօր մասին բոլոր մանրամասնութիւններով՝ կենսագրութենէն մինչեւ մասնագիտութիւնը, որ հակառակ տարածուած ըլլալուն, այսօր գրեթէ գոյութիւն չունի, գոնէ հայերուս պարագային՝ դրամահատում եւ կնիքներու ստեղծում. իսկ պակագործութիւնն1 ու ոսկերչութիւնը, փառք Տիրոջ, կը շարունակուին հայերուն կողմէ, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:
«ԺԹ. Դարուն առաջին կէսին եւ Տիւզեան Յակոբ Չէլէպիի վերատեսչութեան օրով, Օսմանեան Կայսերական Փողերանոցը եղած է արդիւնաշատ դպրոց մը կարգ մը արհեստներու, որոնց մէջ առաջին հանդիսացած են հայերը իրենց բնածին տաղանդովը: Կայսերական Փողերանոցին մէջ, Եւրոպայէն բերուած մասնագէտներու հսկողութեան տակ, բազմաթիւ հայ գործաւորներ կը կրթուէին մեքենավարութեան, մետաղագործութեան եւ փորագրութեան: Յետոյ պակագործութեան մասնաճիւղին մէջ, գոհարներու գծագրութիւնը, շինութիւնը, ինչպէս նաեւ ոսկերչութիւնը, որ կը զբաղի մետաղեայ անօթներու եւ զարդերու շինութեամբ, կը բանային բեղմնաւոր ասպարէզ հայ մտքի եւ հանճարի գործունէութեան»:
«Այդ միջավայրին մէջ զարգանալով, մեծ արժանիք եւ համբաւ շահած է Գրիգոր աղա Մալխասեան, ինչպէս կ’ապացուցանեն իր ձեռակերտ արտադրութիւնները, կատարեալ արթիսթի յատուկ վայելչութեամբ, որոնք մինչեւ մեզի կը հասնին այսօր (նաեւ մեզի՝ շնորհիւ Մալխասեան աղայի թոռ Գրիգոր Մալխասեանին, որ արձանագրած է եւ գիրքի վերածած այս բոլոր տեղեկութիւնները. ՄԵ)շնորհիւ իր որդւոց եւ թոռներուն հոգածու եւ խղճահար խնամոցը»:
«Փարուած էր եկեղեցիին եւ երգեցողութեանցը, արհամարհած է բոլոր ազգային կռիւները, եւ մինչեւ 1839 հեռու կեցած է բոլոր եղբայրասպան երկպառակութիւններէ, մնալով միշտ հաւատարիմ զաւակ հայ ազգին եւ եկեղեցւոյն»:
Կ’ըսուի թէ Գրիգոր աղա մահացեր է 65 տարեկանին՝ 1854 կամ 1855 թուականին: Հետեւաբար ծնած ըլլալու է 1790 կամ 1789 թուականին:
«Թաղուած է հայ գերեզմանատան մէջ, Օրթաքէօյ, այն բլուրին վրայ, ուր յետոյ կառուցուեցան այնչափ զինուորանոցներ եւ բարձրացան արքունական շէնքերու անվերջանալի պատեր: Ցաւալի է այդ գերեզմանատան աւերեալ վիճակը, որով կարելի չեղաւ գտնել Գրիգոր աղայի դամբանը, որ դեռ ասկէ քսանըհինգ տարի առաջ կանգուն կար արեւելեան հարաւային անկիւնին մօտ»:
Գալով ազգային կռիւներուն, ահա թէ ինչ կ’ըսէ Գրիգոր Մալխասեան այդ մասին.
«Կարելի չէ խօսիլ Օսմանեան Կայսերական Փողերանոցին վրայ, առանց յիշելու այն եղբայրասպան երկպառակութիւնները, որ վնասեցին հայ ազգին, վարկաբեկ ըրին հայ անձնաւորութեանց ամէնէն նշանաւորները, զոհեցին թանկագին կեանքեր, որոնցմէ Տիւզեանց տարաբախտ գերդաստանին անդամոց աղետալի վախճանը»:
«Ինչպէս ծանօթ է, հարիւրէ աւելի տարիներէ ի վեր Տիւզեանք, յաջորդութեան կարգով, մենաշնորհը կը վայելէին շահագործելու Կայսերական Փողերանոցը ի նպաստ Պետութեան, մուգաթաի(fermage) իրաւունքովը, զոր կը հաստատէր Կայսերական հրովարտակ մը»:
«Հոն կը շինուէր պետութեան դրամը, արծաթ կամ պղինձ, ոսկի Մահմուտիէն, Սանտըքլըն, Ֆընտըք ալթունըն, ինչպէս նաեւ կեդրոնացուած էր արքունեաց յատուկ պակագործութեան եւ ոսկերչութեան գործանոցը: Մեծ ապսպրանքներով կը ներմուծուէին թանկագին քարեր Պարսկաստանէն, Հնդկաստանէն: Այդ ակները կը վերածուէին պակերու, կը զարդարէին աւագանու կուրծքը, հարէմին կանանց լանջքն ու մատները, օտար անձնաւորութեանց իբր պատուանշան կամ իբր յիշատակ նուիրուած մեծագին առարկաները: Ադամանդներով կը պճնուէին Կայսեր սուրերը, մարգարտահիւս վերարկուներ, պերճանքի ամենաթանկ զարդեր կը կերտուէին պակագործերու ձեռօք: Տարին հարիւր հազարներով ոսկւոյ առուտուր մը կը դառնար առ երեւոյթս համեստ այդ փողերանոցին շէնքին տակ»:
1819-1830-ի շրջանին ծանրակշիռ դէպքեր պատահած են Օսմանեան պետութեան ներքին թէ արտաքին կացութեան մէջ, որոնցմէ եղած են Տիւզեան գերդաստանին դէմ քսութիւններն ու սպանութիւնները՝ 1819-ին, Պարսիկներու դէմ պատերազմը՝ 1822-ին, Եէնիջերիներու ջնջումը՝ 1827-ին, կաթողիկէ հայոց դէմ հալածանքը՝ 1827-ին, Մորէայի նաւային պատերազմը եւ Օսմանեան նաւատորմին փճացումը՝ 1827-ին, կաթողիկէ հայոց աքսորէ վերադարձը 1830-ին:
Տիւզեան գերդաստանին դժբախտ պայմաններու տակ ջնջումէն ետք, Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան, որ ծանօթ էր որպէս Գազազ Արթին, կ’անցնի փողերանոցի վարչութեան գլուխը եւ կը փնտռէ վստահելի եւ կարող անձ մը, որուն յանձնէր Պակագործութեան եւ Ոսկերչութեան ճիւղին բարձրագոյն վարչութիւնը: Ընդհանուրին միաձայն հաւանութիւնը ցոյց կու տայ Մալխասեան Գրիգոր աղան, ուղղամիտ եւ պարկեշտ անձ, որ կ’անուանուի արքունական ոսկերչապետ: Սակայն որպէս համեստ անձնաւորութիւն, Գրիգոր աղա կը մերժէ «փառաւորուիլ անհնարին դժբախտութիւններովը ամբողջ գերդաստանի մը» եւ կը մերժէ իրեն տրուած պաշտօնն ու անուանումը, առարկելով.
«Ես պարզ արհեստաւոր եմ. ինծի շինելիք գործ տուէք որքան որ կ’ուզէք, բայց վարիչ ըլլալու հարկաւոր ուսումը չունիմ»:
Գրքոյկին հեղինակը՝ Գրիգոր Մալխասեան ապա կը թուէ Պակագործութեան ճիւղին կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ այն բազմաթիւ հայ արհեստաւորները, որոնք իրենք զիրենք նշանաւոր դարձուցած են իրենց աշխատանքով, «ասպարէզի մը մէջ, որ անվիճելիօրէն հայունը եղած է»:
Պակագործներու կազմակերպութիւնը ունեցած է.
Ա. Գծագրիչներու սենեակ (թարգմանութիւն chambre բառին, որ նաեւ ժողով կամ վարչութիւն կը նշանակէ). ասոնք կը պատրաստէին ապսպրուած զարդերուն պատկերները, որոնց պիտի հետեւէր գործաւորը: Այս արուեստին մէջ գերազանց տաղանդ եւ ճարտարութիւն ունեցած է Րէսիմճի Ռափայէլ, որուն տարեկան 1.500 ոսկիով աշխատանք առաջարկուած է Լոնտոնէն, բայց ինք մերժած է, չուզելով եւ չկարենալով բաժնուիլ իր միջավայրէն:
Բ. Սատէքեարներու սենեակ.
Գ. Մխլայըճիներու սենեակ.
-Ադամանդի, ուր Գրիգոր աղա Մալխասեան պետ էր եւ շատ աշակերտներ ունեցած ըլլալով, կը հսկէր անոնց վրայ, իսկ բացառիկ կարեւորութիւն ունեցող գործերը ինք կ’ընդելուզէր:
-Հասարակ քարերու.
Դ. Գաքմաճիներու սենեակ, ասոնք բո՛ւն ոսկերիչներն են, որոնց գործը ոչ թէ թանկարժէք քարերու հետ է, այլ՝ ոսկիի, արծաթի եւ այլ մետաղներու:
Կը տեսնենք թէ փոքրիկ գրքոյկ մը որքա՜ն պատմութիւն կրնայ ամփոփել իր վտիտ կազմին մէջ (25 էջ): Ճիշդ ա՛յս է պատճառը, որ յարատեւօրէն կը խնդրենք պահել մանաւանդ լուսանկարները, որովհետեւ օր մը անոնք եւս, մանաւանդ եթէ գիրով պահուին անոնց մանրամասնութիւնները, պատմութեան մաս պիտի կազմեն: Մե՛ր պատմութեան, որ անընդհատ «սրբագրումի» եւ ջնջուելու վտանգին տակ է:
***
1- Գոհարեղէն զարդեր շինելու արհեստը. բառը թերեւս կու գայ ֆրանսերէն bague մատանի բառէն, թէ՛ Աճառեանի եւ թէ՛ Մալխասեանի հաստատումով:
Մարուշ Երամեան