Սուրիացի դաշնակահար Յակոբ Քընուզի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցած «Four Notes» մրցումին երկրորդ դիրքը գրաւեց:

Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին արաբական եւ եւրոպական երկիրներէ 102 երաժիշտներ:

Յիշենք, որ Յակոբ Քընուզի Դամասկոսի Երաժշտութեան Բարձրագոյն Հիմնարկին մէջ դաշնամուրի դասատու է: Ան երաժշտական իր ուսումը սկսած է 2004-ին, Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան Սըլհի ալ-Ուատի հիմնարկէն ներս, Ժագ Մոմճեանի հսկողութեամբ: Ան հիմնարկէն շրջանաւարտ դարձած է 2013-ին, ռուս մասնագէտ Վլատիմիր Զարեցքիի հսկողութեամբ: