Սուրիոյ Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու Նախարարութիւնը գործակցաբար ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին հետ, աշխատանքային շուկայի շուրջ գիտելիքներու յատուկ հարթակ մը հրապարակեց: Հարթակը օգտակար կրնայ դառնալ անոնց, որոնք աշխատանք կ’որոնեն, ինչպէս նաեւ գործատէրերու՝ յարմար տուեալներով պաշտօնեաներ գտնելու:

Այս առիթով Սուրիոյ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Լուէի Մունաճէտ յայտնեց, որ սոյն հարթակը աշխատանքային շուկան աշխուժացնող ռազմավարական միջոց մըն է, որ տեղեկութիւններով կը հարստացնէ տուեալ շուկային մէջ գործողները: