Սուրիոյ մասնակցութեամբ, Ժընեւի մէջ ընթացք առաւ Համաշխարհային Առողջապահութեան Միութեան 77-րդ շրջանի աշխատանքային նիստը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 1 Յունիս 2024, «Բոլորը՝ Առողջութեան Համար. Առողջութիւնը՝ Բոլորին Համար» խորագրով:

Նիստին օրակարգը կ’ընդգրկէ Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան աշխատանքին վերաբերող բաժիններ եւ համաշխարհային առողջապահական արտակարգ իրավիճակներուն հետ վերաբերելու միջոցներ:
Սուրիական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սուրիոյ Առողջապահութեան նախարար դոկտ. Հասան Ղապպաշ, ՄԱԿ-ի եւ Ժընեւի այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց դեսպան Հայտար Ալի Ահմէտ եւ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ պատուիրակութեան խորհրդատու դոկտ. Ռիմ Ճապըր: