Սուրիոյ մշակոյթի նախարարուհի, դոկտ. Լուպանա Մշաուէհ, ընդառաջելով Սէուտական Արաբիոյ մշակոյթի նախարար իշխան Պատըր պըն Ապտալլա պըն Ֆարհան ալ-Սէուտին հրաւէրին, մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան ներկայացուցիչին եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Հանդիպումին ընթացքին, կողմերը խորհրդակցեցան ազգային ժառանգութեան եւ թանգարաններու պահպանման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու մշակութային գործակցութեան զարգացման շուրջ:
Անոնք կարեւոր համարեցին հնագիտական արդիւնաբերութեան ու արհեստներու աջակցութիւնը, ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ այլն: