Երեխայ մը նահատակուեցաւ, 10 քաղաքացիներ վիրաւորուեցան Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ կեդրոնական շրջանի ու Պանիասի մէջ գտնուող բնակարանի մը հրթիռակոծման հետեւանքով։

Զինուորական աղբիւր մը յայտնեց, որ Չորեքշաբթի, 29 Մայիսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Իսրայէլ լիբանանեան տարածքներու ուղղութենէն Սուրիոյ կեդրոնական շրջանի կարգ մը դիրքեր ու ծովեզերեայ Պանիաս քաղաքի բնակարաններէն մէկը հրթիռակոծեց։

Աղբիւրին համաձայն, նահատակին եւ վիրաւորներուն կողքին նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։