Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, կազմակերպութեամբ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Շաբաթ, 25 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ «Համազգային» միջդպրոցական մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը, «Գէորգ Եսայեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Ազգ. Վարչութեան անդամին, պատկան մարմինի անդամներու, հալէպահայ բոլոր վարժարաններու հոգաբարձութիւններու եւ տնօրէններու, մրցումներու դատական կազմերու անդամներուն, հրաւիրեալներու, մշակութասէր աշակերտներու եւ իրենց ծնողներուն։

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը բոլոր նահատակներուն։
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց եւ բեմավարութիւն կատարեց Մարինա Պոզեաքալեան-Պազարպաշեան։ Արաբերէն լեզուով բացման խօսք արտասանեց Սարգիս Սարգիսեան։ Անոնք յայտնեցին, թէ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը հայկական մշակութային արժէքները եւ արեւմտահայերէնը աշակերտներուն մօտ վառ պահելու հեռանկարով, 2023-2024 տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեց «Համազգային» Միջ-Դպրոցական Մրցանակ, նուիրուած՝ հայկական մշակոյթին եւ հայերէն լեզուին:
Անոնք նշեցին, թէ կրթական եւ մշակութային ոլորտներու մրցումները, մրցակցութեան առողջ ոգիով խթան հանդիսացան, որպէսզի հալէպահայ վարժարաններու աշակերտները գործակցին իրարու հետ եւ լսելով դատական կազմին ցուցմունքները՝ իրենց ունեցած կարողութիւնները առաւել եւս զարգացնեն:
Անոնք, յանուն Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, շնորհակալութիւն յայտնեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին՝ իր հայրական հովանաւորութեան համար: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին հալէպահայ բոլոր վարժարաններու տնօրէններուն եւ մրցումներու դատական կազմերու անդամներուն, իրենց սիրալիր գործակցութեան համար:

Յիշենք, որ մրցանակը ընդգրկեց ութ մրցումներ՝ ասմունք, ընթերցում, ուղղագրութիւն, պար, զաւեշտ, երգ, նուագ եւ գծագրութիւն: Մրցումները տեղի ունեցան միջնակարգի եւ երկրորդական կարգի առանձին բաժիններով, շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին: Մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հալէպահայ բոլոր վարժարանները՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարան, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարան, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրդ. Վարժարան, Կիլիկեան Ճեմարան, Մխիթարեան Վարժարան եւ Զուարթնոց Վարժարան։ Մասնակից աշակերտներուն ընդհանուր թիւը կազմեց 165 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք մրցումներու աւարտին յատուկ գնահատագրերով գնահատուեցան։
Դատական կազմերուն մաս կազմեցին Հալէպի մէջ գործող մասնագէտներ, որոնք սիրայօժար կերպով ընդառաջեցին Շրջ. Վարչութեան փափաքին եւ իրենց փորձառութիւնը կիսեցին հալէպահայ վարժարաններու մշակութասէր աշակերտներուն հետ:

Բեմին վրայ առաջին անգամ ըլլալով Համազգայինի նշանակին եւ դրօշակին կողքին տեղադրուած էր միութեան վերջերս հրապարակուած նշանաբանը. «Լոյսով՝ Լոյսին»։ Լոյսը կը խորհրդանշէ պայծառամտութիւնը եւ յառաջդիմութիւնը։ «Լոյսով՝ լոյսին» նշանաբանը կը բացատրուի գիտութեամբ, կրթութեամբ, քաղաքակրթութեամբ եւ մշակոյթով առաջնորդուիլ դէպի աւելի զարգացած, աւելի մշակուած կրթութիւն եւ մշակոյթ:

Բեմը յանձնուեցաւ աշակերտներուն։ Հանդիսավարութիւնը կատարեցին ընթերցանութեան մրցումի առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտները:
Գեղարուեստական յայտագիրով բեմ բարձրացան ասմունքի, նուագի, երգի եւ զաւեշտի մրցումներու առաջին հանդիսացող աշակերտները, նաեւ պարի մրցումի բոլոր մասնակից պարախումբերը, որոնք իրենց լաւագոյնը ներկայացուցին, հաստատելով, որ հայկական մշակութային արժէքներուն ժառանգորդներն են։

Հանդիսութեան աւարտին, Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեան խօսք առնելով կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հալէպահայ վարժարաններու տնօրէններուն, դատական կազմերու անդամներուն եւ հանդիսութեան կազմակերպչական աշխատանքները ստանձնած յանձնախումբին։ Ան հրաւիրեց Հայր Սուրբը մրցանակաբաշխութիւնը կատարելու եւ յուշանուէրով պատուելու դատական կազմերու անդամները եւ հալէպահայ վարժարաններու տնօրէնները։
57 աշակերտներ եւ խումբեր առաջին երեք դիրքերը գրաւելով «Համազգային» միջդպրոցական մրցանակը ստացան։
Առ ի շնորհակալութիւն իրենց ցուցաբերած ներդրումին, դատական կազմերու անդամները Շրջ. Վարչութեան կողմէ ստացան Համազգայինի 95-ամեակին առիթով հրատարակուած
«Համազգայինը (Յուշեր, Վկայութիւններ, Խորհրդածութիւններ Եւ Մտածումներ)» գիրքը։
Ապա, հալէպահայ վարժարաններու տնօրէններուն յատուկ յուշանուէր փոխանցուեցաւ, առ ի շնորհակալութիւն իրենց ցուցաբերած գործակցութեան։

Աւարտին, Հայր Սուրբը յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները։ Ան անդրադառնալով Համազգայինի նշանաբանին, մէկական լոյս համարեց տաղանդաւոր աշակերտները, որոնք միասնաբար կը լուսաւորեն հայ ժողովուրդին ապագան։ Հայր Սուրբը գնահատեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը քաջալերեն հայկական մշակոյթը սիրելու եւ պահպանելու։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։