Չորեքշաբթի, 29 Մայիսին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան Հալէպ իր ժամանման առիթով այցելեց խմբագրատունը «Գանձասար» շաբաթաթերթին, որուն առաջին խմբագիրը եղած էր Հալէպ կեցութեան շրջանին՝ 1993-ին։

«Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան ծանօթացուց ներկայ խմբագրակազմը, ներկայացուց տարուող աշխատանքը, թերթի աշխատակիցներն ու յառաջիկայ ծրագիրները։

Խաժակ Մկրտիչեան վերյիշեց թերթի հիմնադրութեան առաջին քայլերն ու մանրամասնութիւններ պատմեց այդ օրերէն։

Այնուհետեւ կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրադարձութիւններուն շուրջ։

Այս առիթով «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ Խաժակ Մկրտիչեանի հետ, զոր կը հրատարակենք յաջորդիւ։