Վերջին օրերուն ոստիկանութեան տարբեր ստորաբաժանումներուն դրսեւորած աննախադէպ լկտի պահուածքը, ապօրինութիւններն ու բռնութիւնները ուղղակիօրէն կը վկայեն պետական մակարդակով իրականացուող ահաբեկչութիւնը։ Աներկբայ է, որ Հայաստանի մէջ ոտնահարուած են ժողովրդավարութիւնն ու մարդու իրաւունքները։
Նախօրէին ՀՅԴ Հայստանի Գերագոյն մարմնի գրասենեակի եւ խումբ մը դաշնակցականներուն, ներառեալ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի նախագահ, ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանին վրայ կատարուած յարձակումէն, սադրիչ ու խուլիկանական գործողութիւններէն վերջ երէկ ականատեսը եղանք ոստիկանական անօրինակ եւ խայտառակ վարքագիծի նոր դրսեւորման։
Հանրապետութեան օրուան առիթով ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ու Մայր Աթոռի միաբաններու Սարդարապատի յուշահամալիր այցելութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր վարչակարգի անվտանգութեան ծառայողներու ու ոստիկանութեան յարուցած արգելքներն ու նողկալի պահուածքով ուղեկցուած միջադէպը մեծագոյն վիրաւորանք են ոչ միայն Վեհափառին եւ եկեղեցւոյ, այլեւ հաւատայոր ողջ հայ ժողովուրդին նկատմամբ։
Խուլիկանական բնոյթի ոստիկանական ապօրինութիւնները չեն կրնար հակազդեցութեան չարժանանալ եւ անհետեւանք մնալ։ Խիստ կարեւոր է հանրային յստակ եւ հրապարակային վերաբերմունքը այս անպատկառ վարքագիծին նկատմամբ։ Խայտառակ այս բեմականացումին բոլոր դերակատարները պէտք է գիտակցին, որ ոչ մէկ ապօրինութիւն անպատիժ չի մնար եւ բոլոր մեղաւորները, ըստ օրէնքի, պիտի ենթարկուին խիստ պատասխանատուութեան։
Կոչ կ’ուղղենք համայն հայութեան շարունակելու պայքարը՝ հայրենիք, պատիւ ու սրբութիւն չունեցող աղէտաբեր վարչախումբին դէմ։
Ազատ, անկախ, հզօր ու ժողովրդավար պետութիւն ունենալու մեր հաւաքական ձգտումը անկասելի է։

ՀՅԴ Բիւրօ
29 Մայիսի 2024