28 Մայիս 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան պատմութեան անդրադառնալու համար հարկ է հայեացք մը նետել 6 դար առաջ 1375 թուականին, երբ հայ ազգը կը կորսնցնէր իր պետականութիւնը եւ Կիլիկեան թագաւորութիւնը անկումի կ’ենթարկուէր, որուն կը յաջորդէր արաբական մամլուքութիւններու, ապա Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութիւնը հայկական աշխարհին վրայ: 543 տարի ժողովուրդ մը բռնատիրութեան տակ առանց ինքնիշխանութեան կամ պետականութեան, հալածանքներու եւ տառապանքներու ենթարկուեցաւ, ինչպէ՞ս կարելի էր անկախանալ եւ պետութիւն կառուցել:
Խորանանք եւ տեսնենք այն դէպքերը, որոնք այս հարցին պատասխան կուտան:
Մօտ 500 տարի ժողովուրդը կառավարելու պարտականութիւնը կատարեց Հայ Առաքելական եկեղեցին, որ հօր նման հայրենասիրութիւնը պահեց եւ մօր նման Ս.Աւետարանի միջոցաւ հոգեւոր կաթ սնուցանեց: Օգտագործեց վանքերը կղերականներ պատրաստելու, միեւնոյն ատեն կամաւորական գունդերու  ապաստան տալու համար, որպէսզի այդ գունդերը պատերազմէին ընդդէմ բռնատիրութեան: Ապա Զարթօնքի շրջանին մեր ազգի մտաւորականները ազատութեան գաղափարը սրսկեցին հայութեան մէջ,  որուն յաջորդեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններու յառաջացումն ու հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան կեանքի վերածուիլը։
Ու սկսած պայքարը աստիճանաբար առաջնորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման: Պաթումի պայմանագիրը (հաշտութեան համաձայնագիրը), որ արդիւնք էր Օսմանեան կայսրութեան պարտութեան համաշխարհային Ա. պատերազմին, ստորագրուած օրերուն Օսմանեան կայսրութիւնը անգամ մը եւս փորձեց իր սկսած գործը աւարտին հասցնել եւ ոչնչացնել հայը՝ տիրելով անոր հայրենիքին: 11 Մայիսին կը պահանջէր Երեւանը, սակայն հայ ժողովուրդը կը ՄԵՐԺԷՐ յանձնել մնացած իր բուռ մը հողը:
15 Մայիսին օսմանցիները խախտեցին զինադադարը եւ հսկայ զօրքով խուժեցին Երեւան:
19 Մայիսին Ա.Մանուկեան եւ զօրավար Մ.Սիլիկեան որոշում առին վերջ տալու նահանջին եւ դէմ դնելու խուժան ասկեարին։ Ապա Արամ Մանուկեան կոչ ուղղեց ողջ հայ ժողովուրդին՝ կին թէ տղամարդ, փոքրիկ թէ տարեց լծուելու հայրենիքը պաշտպանելու սուրբ գործին, զէնք շալկելու կարողութիւն ունեցողները ռազմադաշտ, իսկ մնացեալը փամփուշտ, ջուր եւ հաց  պիտի ապահովէին բանակին: Սիլիկեան 3 ճակատամարտերուն՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի  պատասխանատուութիւնը յանձնեց Դանիէլ Բեկ Փիրումեանի, Դրոյի եւ եզիտի Ջանգիր աղայի, իսկ մնացեալ ճակատը՝ Թ.Նազարբեկեանին :
Նահանջը կը շարունակուէր մինչ 21 Մայիս, երբ թուրքերը կը գրաւէին Երեւանէն 30 քիլոմեթր հեռու գտնուող Սարդարապատը, որ վտանգ էր Երեւանի ու Էջմիածնի համար: Օրուան պատասխանատուները կ’ուզեն փոխադրել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրենեանցը դէպի աւելի ապահով վայր: Կաթողիկոսը կը մերժէ ըսելով. «Հայ բանակին ըսէ՛ք, որ ես տեղէս չեմ շարժիր, չեմ ձգեր Էջմիածինը: Եթէ մեր զինուորները չեն կրնար պաշտպանել եւ թուրքերը մըտնեն Ս. Էջմիածին, իմ դիակը պէտք է գտնեն Իջման Սուրբ վայրը», ապա հրահանգեց բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջել տալ 7 օր ու գիշեր, որպէս հայ ժողովուրդի ազգային վտանգ, միաժամանակ դպրեվանեցիներու եւ հոգեւոր հայրերու հետ Էջմիածնի մէջ խոր եւ յուզիչ աղօթք մը ընելէ ետք ուղղուեցաւ առաջնագիծ տղոց մօտ՝ աղօթելու, քաջալերելու եւ հարկ եղած պահուն զէնք վերցնելու:
28 Մայիս 1918-ի յայտարարուեցաւ այն քաղցր լուրը, զոր 543 տարիէ ի վեր կը սպասուէր…  Ազատ Անկախ Հայաստանի կերտումը  այնպիսի ժամանակի մը մէջ, ուր եթէ ուրիշ ազգ մը ըլլար, պիտի կորսուէր պատմութեան էջերէն։ Հայութիւնը, սակայն, հակառակ տիրող սովին, համաճարակին, զօրքերու անհաւասարութեան, 3 տարի առաջ Ցեղասպանութեան ենթարկուած իր մեծ տոկոսին եւ անոր նախօրէին ղեկավարութեան սպանութեան ոտքի ելաւ մարտի ու պետութիւն կերտեց:
Ի՜նչ հրաշք ժողովուրդ…
Սովի ժամանակ մայրը իր որդւոյն կերակրելէ առաջ հացը կ’ուղղարկէր առաջնագիծ:
Ու թէեւ աւելի քան 650 մտաւորականներ եւ  քաղաքական գործիչներ սպանուած էին 23 Ապրիլի գիշերը, Արամ Մանուկեաններն ու անոր ընկերակիցները ձեռք ձեռքի տալով ղեկավարեցին ազգը ու Հանրապետութիւն կերտեցին:
Ինչպիսի՛ հպարտալի ժողովուրդ, ինչպիսի՛ ուժեղ կամք, ինչպիսի՛ ղեկավարներ…:
28 Մայիսէն ետք, Գէորգ Ե.  վերադարձաւ աղօթքին, իսկ Ա. Մանուկեան՝ հեզ ղեկավարը մերժեց վարչապետի կամ նախագահի պաշտօնները ու փափաք յայտնեց Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը ստանձնելու, որպէսզի ժողովուրդին մօտ ըլլայ եւ անոր հարցերով զբաղի:
Այսօր նոյնպէս ազգային եկեղեցի, Բագրատ սրբազան, ժողովրդային պայքար եւ նոյն թշնամին, բայց հողային զիջում եւ սահմանազատում…
Յաղթելու եւ ոտքի կանգնելու բանաձեւը գտնողներուն է ապագան այլեւս։  «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար», կ’երգէին Սարդարապատ կերտողները։ Ներկայ ժամանակներու «խենթեր»-ը ճամբայ ելած են արդէն։
Համազասպ Շաքարեան