Գարուն է: Բնութիւնը հետզհետէ կը վերականգնի: Ծառերը ծաղկած են. ամէն մէկ ծառ կարծէք մէկ հարս ըլլար՝ ճերմակ հագած, կամ հարսնքոյր՝ վարդագոյն հագած: Դաշտի խոտերն ու մանր-մանր ծաղիկներուն ցողիկները կարծէք վիզեր ըլլային ու անոնց վրայ մանր ծաղիկները մէյ-մէկ վեր ցցուած գլուխներ, որոնք ամբողջ ձմեռը, ցուրտէն ու բուքէն պահուըտած գետնի տակ, գարնան առաջին արեւուն տաքուկ շողերուն հետ, հողը ճեղքած դուրս կ’ելլէին: Հապա թռչուններու ճլվլոցը… երբեմն իւրաքանչիւր թռչուն ծառերու թարմ ճիւղերուն վրայ օրօրուելով առանձին կը ճլվլայ, երբեմն մէկը միւսին ձայն կու տայ, պատասխանը ստանալով կրկին ձայն կու տայ ու այդպէս անոնց առաւօտեան երգը կը տարածուի թաղին մէջ:
Ես ալ կը խանդավառուիմ, բնութեան վերականգնումը զիս ալ կը վարակէ կարծէք: Կ’ուզեմ տունէն դուրս գալ: Ձմռան ծանր հագուստներս մէկ կողմ նետած բանտի ճաղերէն դուրս փախչողի նման ազատութիւն կը փնտռեմ բնութեան գրկին մէջ:
Հազիւ տունէն դուրս կ’ելլեմ, շուքս ինձմէ առաջ դուրս կու գայ: Նախ թաղին մէջ կ’ուզեմ քիչ մը ճեմել: Ներսիդիս փոքրիկը կ’արթննայ, կ’ուզեմ աջ-ձախ ցատկռտել, դէմքս դէպի կապոյտ երկինք կ’ուղղեմ, ու արեւուն տաքուկ շողերը երեսս կը շոյեն սիրաբար: Շուքս այս բոլորէն հիացած ու զմայլած, կամքէս եւ գիտակցութենէս անկախ ձեռքերը ուղղահայեաց բացած, ոտքի մատներուն վրայ կը սկսի կլոր-կլոր դառնալ, անգամ մը եւս կը դառնայ, մէկ հատ ալ կը դառնայ:
_ Ամօթ է, տեսնողները ի՞նչ պիտի ըսեն,_ կը բարկանամ շուքիս: Ինքզինքս շտկռտելով կը շարունակեմ քալել:
Այս անգամ շուքս գոյնզգոյն թիթեռնիկ մը կը նկատէ, ոգեւորուած կը սկսի անոր հետեւիլ ու կը փորձէ անոր հետ թռչիլ:
_ Աս ի՞նչ խենթ ու խելար ձեւեր կ’ընես,_ կը յանդիմանեմ զինք ու կրկին կը սաստեմ,_ մարդիկ պիտի ըսեն, թէ տարիքէն ալ չ’ամչնար,_ կրկին կը փորձեմ շուքս խելքի բերել եւ դէպի առաջ ճամբաս կը շարունակեմ:
Շուքս անհանգիստ վիճակի մէջ կը յայտնուի ու զզուած, ջղայնացած ձանձրացուցիչ քայլերէս կ’ըսէ.
_ Քիչ մը աւելի խանդավառ ու եռանդով չե՞նք կրնար քալել:
Հարցումը անպատասխան կը մնայ: Ո՞վ ըսաւ, որ ես գոհ եմ քալելու այս ընթացքէս, ես ալ կ’ուզեմ ցատկռտել, վազվզել ու իմ ուզած ձեւով առաջ երթալ: Ինչ հոգ տարիքս: Ես ալ կ’ուզեմ շրջանակիս հաշուետու չըլլալ, բայց այդ շրջանակին մէջ ապրելու համար պէտք է անոր օրէնքներուն հետեւիմ: Իսկ եթէ շուքիս այս օրէնքներուն մասին խօսիմ, քմծիծաղով պիտի դառնայ ու ըսէ.
_ Այդ օրէնքները ո՞վ դրաւ, ձգէ՛ այդ բոլորը ու եկո՛ւր ուրախ ապրինք միասին: ՉԷ՜, չէ՜, չեմ կրնար ազատ ապրիլ ու միայն կամքիս հետեւիլ:
_ Ես ալ չեմ կրնար մտքի կալանքիդ համակերպիլ ու այդպէս ապրիլ,_ կը պատասխանէ շուքս:
Մեր տան անկիւնադարձին, յստակ երեւցող շուքս հետզհետէ կը սկսի անհետանալ, կարծէք կը նեղանայ ու աջ կողմս կ’երթայ: Քանի մը քայլ ետք, երբ կ’անցնիմ շէնքերու մօտէն, շուքս լրիւ կ’անհետանայ:
Աջ ու ձախ զինք կը փնտռեմ, արդեօ՞ք կորսնցուցի զայն, արդեօ՞ք մտածելակերպէս խռոված անցաւ, գնաց ու զիս մենակ թողուց: Հէ՜յ վա՜խ… առանձնութեանս մէջ ի՜նչ լաւ ուղեկից էր, եթէ հիմա կրկին գտնեմ, բնաւ պիտի չնեղացնեմ զայն:
Շէնքերու աւարտին, ըհը՜, կրկին կը գտնեմ զայն, ուրախութեամբ կը բարեւեմ ու խօսք կու տամ չնեղացնել հաճելի ընկերակիցս:
_ Խօսքիդ չեմ հաւատար,_ կ’ըսէ ու գլուխը կախ, յուսահատ, ստիպուած կը հետեւի քայլերուս:
Սեւան Ա. Մանճիկեան