ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ՝ 1918-1920
28 Մայիս 1918-ին՝ երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, Հայաստանի Անկախութեան վերականգնումը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ոչ միայն քաղաքական, այլեւ պատմամշակութային կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ։ Աշխուժացաւ հասարակական-քաղաքական կեանքը, սկսան բուռն ծաղկում ապրիլ պարբերական մամուլը, լրագրական ու ստեղծագործական կեանքը։ Հայաստանի Հանրապետութեան կարճատեւ՝ ընդամէնը 2,5 տարուան գոյութեան ընթացքին, տարբեր յաճախականութեամբ լոյս տեսած են, ընդհանուր առմամբ, 60 պարբերականներ։ Անոնց ճնշող մեծամասնութիւնը կը հրատարակուէր մայրաքաղաք Երեւանի մէջ։
Զգալի թիւով թերթեր լոյս կը տեսնէին Ալեքսանդրապոլի, Կարսի, Էջմիածնի, Գորիսի մէջ եւ այլուր։ Հայաստանի Հանրապետութեան պարբերական մամուլը կարելի էր բաժնել 3 խումբի՝ պաշտօնական, կուսակցական եւ անկախ (անկուսակցական)։ Պաշտօնական պարբերականներու ընդհանուր թիւը կը կազմէր 14 թերթ, կուսակցականը՝ 38, իսկ անկախ մամուլինը՝ 8 թերթ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԴՐՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ ԿԻՆԵՐ
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան շրջանին կիները այրերու կողքին իրենց պատուաբեր մասնակցութիւնը բերին պետութեան հիմերը ամրապնդելու եւ պետական ու ազգային առողջ կեանք ստեղծելու աշխատանքին: Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի՝ հայ կինը սահմանադրութեամբ քուէարկելու իրաւունք ստացաւ եւ այս ձեւով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եղաւ առաջին պետութիւնը, որ կիներուն ազգային-քաղաքական կեանքին մասնակցելու իրաւունքը պաշտօնապէս ճանչցաւ:
Կիները օգտակար եղան մասնաւորաբար որբահաւաքի, խնամատարական, կրթական եւ գաղտնի գործունէութեան մարզերուն:
Այս շրջանին նշանաւոր դարձան, զոր օրինակ Մարո Ստեփանեանը եւ Սաթո Յակոբեանը: Երկուքն ալ ազգային աշխատանքներ կը տանէին: Սաթոն բանտարկուեցաւ համայնավարներուն կողմէ, սակայն Փետրուարեան
Ապստամբութեան օրերուն փրկուեցաւ: Իր ընկերուհիին՝ Մարոյին հետ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արխիւները եւ գաղտնի թղթածրարները պահեց, երբ ղեկավար ընկերները հարկադրաբար հեռացան:
Հետագային անցաւ Զանգեզուր եւ դարձաւ Գարեգին Նժդեհի քարտուղարուհին, ապա՝ Հայաստանի Խորհրդայնացումէն ետք Մարոյին հետ հաստատուեցաւ Փարիզ ու ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ հանրային-կուսակցական գործունէութեան:
Ֆրանսահայ գաղութի Կապոյտ Խաչի հիմնադիրներէն եղաւ, իսկ Բ. Աշխարհամարտին Գերմանիա մեկնեցաւ եւ հայ ռազմագերիներու փրկութեամբ զբաղեցաւ:
Մահացաւ Փարիզ, 1965-ին:
Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան այլ օրինակ մըն է։ Ան կ’երազէր Սուլթան Համիտը ահաբեկել: Իր ամուսնոյն Սարգիս Բարսեղեանի թելադրութեամբ, ան օրիորդներու խմբակ մը կազմեց, հայ գիրը, գրականութիւնը, պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ յեղափոխական գաղափարախօսութիւնը տարածելու համար: Յետոյ Ժընեւ մեկնեցաւ գրականութիւն եւ մանկավարժութիւն ուսանելու: Հետագային գրեց պատմուածքներ, որոնք հաւաքուած են «Փոթորիկէն Վերջ» հատորին մէջ:
1914-ին Կարնոյ մէջ գումարուած ՀՅ Դաշնակցութեան 8-րդ Ընդհ. Ժողովը Հայաստանի Բիւրոյի անդամ ընտրեց Սարգիսը եւ ան ստանձնեց Պոլսոյ հատուածի գործավարութիւնը: Երբ համաշխարհային պատերազմը սկսաւ եւ միջազգային քաղաքական կացութիւնը փոխուեցաւ ի վնաս հայութեան, Սարգիս եւ իր ընկերները առիթ ունէին Պոլիսէն հեռանալու, սակայն անոնք նախընտրեցին մնալ իրենց ժողովուրդին կողքին:
24 Ապրիլ 1915-ին հարիւրաւոր մտաւորականներու կարգին Սարգիսն ալ ձերբակալուեցաւ եւ նահատակուեցաւ:
Պերճուհի իր զաւկին հետ Պուլկարիա փոխադրուեցաւ, անկէ ալ՝ Թիֆլիս, ուր ուսուցչութեամբ զբաղեցաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին Երեւան գնաց եւ խորհրդարանի անդամ ընտրուեցաւ: Ան կարեւոր աշխատանք տարաւ մանաւանդ Ամերիկեան խնամատարութեան կոմիտէին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, ատեն մը Սոֆիա մնաց, ապա Փարիզ հաստատուեցաւ եւ պաշտօնավարեց Նանսէնեան գրասենեակին մէջ: Ան շարունակեց իր գրական աշխատանքը, իր հերոսներուն ճակատագիրը իր ալ ճակատագիրն էր՝ անժպիտ տարիներու պայքար մը, որ կը յոգնեցնէ մարմինն ու հոգին: Պերճուհի մահացաւ 18 Մայիս 1940-ին, տարիներով ուղեղի խլիրդէ տառապելէ ետք:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան