Ուրբաթ, 24 Մայիս 2024-ին, Լաթաքիոյ «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Ս. նահատակաց մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի երեսփոխանական ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան, Պատկան Մարմինի անդամներ, Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան, Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարանի հոգաբարձութեան, Լաթաքիոյ մշակութային, մարզական, եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Մէկ վայրկեան յոտնկայս ներկաները յարգեցին նահատակներուն յիշատակը, բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ հայաստանի հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով։
Մանկապարտիզպանուհի Ցոլին Պալեան ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անխոնջ աշխատանքով թեւ եւ թիկունք կանգնեցան մանկապարտէզի յառաջընթացին, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ծնողներուն բարձր գիտակցութեան, որովհետեւ անոնք վստահեցան իրենց զաւակները ժրաջան մշակներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին մեր փոքրիկները դարձնելու ինքնավստահ տիպար ու խիզախ հայ աշակերտներ։
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Շաքէ Մանճեան։
Բեմ բարձրացան փոքրիկները խանդավառութեամբ ներկայացուցին Հայերէն լեզուով , եւ այս տարուան հանդէսը կոչեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ վեհափառի 2024 տարեշրջանի հռչակած «Մարդուժի պատրաստութեան տարի», հաստատելով որ այս սրբազան կոչումին նպատակը յառաջդիմելով հայավայել եւ տիպար հայորդիներ դառնալն է, զինուելով հայրենասիրութեամբ եւ ապրելու անամպ հայրենիքի երկնքին ներքեւ։
Ապա անոնք երգեցին երեք լեզուներով, պարեցին հայկական, արաբական եւ եւրոպական պարեր, որոնցմէ ետք ցուցադրուեցաւ աշակերտներուն երեք տարիներու աշխատանքը։ Անոնք հրաժեշտ տուին իրենց սիրալիր մանկապարտէզին։
Վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Գարամարտեան իր խօսքը արտասանեց հակիրճ տեղեկութիւններ տալով 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի գործունէութեան մասին։ Ան աշակերտներուն դէպի նախակրթարանի շարքերը բարի երթ մաղթեց։
Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում Սրբազան հօր ձեռամբ։
Ապա սրբազան հայրը իր պատգամը ուղղելով ներկաներուն նախ բարձր գնահատեց երկրի նախագահ Պաշշար ալ-Ասատը, որ պատերազմի ամէնէն դժնդակ տարիներուն, երկրի շրջափակման պայմաններուն մէջ իսկ իր ժողովուրդի կողքին, բանակի կողքին մնաց ու պայքարեցաւ, միեւնոյն ատեն նախագահը մնաց քաջալերող մշակութային, կրթական հաստատութիւններուն ու ամէն աշխատանքի, որ մարդը կը վեհացնէ, կը մարդկայնացնէ։
Ապա սրբազանը վերյիշել փորձելով իր վկաձուիլը ափսոսանք յայտնեց շատ մը մանրամասնութիւններ չյիշելուն համար եւ երանի տուաւ նոր սերունդին, որ օգտուելով ճարտարագիտութեան զարգացումէն կարելիութիւն պիտի ունենայ հանդէսի նկարահանումը դիտել ապագայիլ ու յիշել բոլոր մանրամասնութիւնները։
Սրբազան հայրը այնուհետեւ շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու իրենց ծնողները, ինչպէս նաեւ հանդէսը կազմակերպողներն ու քուլիսներու ետին գործողները, վարժարանի ուսուցիչներն ու մանկապարտիզպանուհին, վերջապէս յաջողութիւն մաղթեց միջնակարգի աւարտական կարգի աշակերտներուն, որոնք կը նախապատրաստուին պետական քննութեան։
Նայիրի Կարապետեան