2023-2024 տարեշրջանի աւարտին,
քուէթաբնակ, հալէպահայ բարերար
Կիրակոս Գույումճեան նախորդ
տարիներուն նման «Ներսէս Շնորհալի»
ուսումնական մրցանակով պիտի
պարգեւատրէ պաքալորիայի պետական
լրացուցիչ քննութիւններուն հալէպահայ
վարժարաններու առաջին երեք
բարձրագոյն նիշերը ապահովող հայ
աշակերտները:

Բարերարը հալէպահայ
վարժարաններու 12-րդ կարգի քննութիւններ յանձնող հայ
աշակերտներուն յաջողութիւն կը մաղթէ, ցանկալով, որ անոնք
աշխատասիրութեամբ եւ մրցակցութեան
առողջ ոգիով ուսման ոլորտէն ներս
գիտական բարձր մակարդակներ
նուաճեն։