Մայիսի օր մը չքնաղ
Արարատի հովանիին տակ
Խրոխտօրէն բարձրացող
Բարտիի մը նման
Եռագոյնը ծածանեցաւ:

Երեքշաբթի, 28 Մայիս 2024-ին, «Քեսապ» համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 106-ամեակի նուիրուած հացկերոյթ-երգահանդէս, ներկայութեամբ Քեսապի հոգեւոր հայրերուն, կազմակերպող մարմինին եւ քեսապահայ բազմութեան:

Տօնախմբութեան ընթացքը վարեց Դալար Լնդեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ մէջընդմէջ ընթերցեց անկախութիւնը կերտած այրերու մտածումներէն, որոնցմէ հետեւեալ խօսքը շեշտադրեց. «Մարդկային պատմութեան մէջ չկան ստրկութեան տօներ, այլ միայն ազատութեան տօներ: Որովհետեւ մարդ չի կրնար տօնել իր անկումը, բայց կը տօնէ իր բարձրացումը, իր վերելքի օրը, իր ազատագրութեան թուականը, որ ստեղծագործութեան կը տանի, մարդկային արժանաւոր կեանքի կ’առաջնորդէ: Կեցցէ՜ Մայիս 28-ը»:

Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Քեսապի ճեմարանի Երկրորդական բաժինի հայ լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Շողեր Աշըգեան՝ ներկայացնելու օրուան պատգամը, որ ազգային ներկայ իրադարձութիւններու եւ կացութեան մէջ Մայիս 28-ի այժմէականութիւնը կ’ընդգծէր, որմէ անմիջապէս ետք հնչեց «Սարդարապատ» յաղթերգը, որուն ժողովուրդը յոտնկայս մասնակցեցաւ:

Տեղի ունեցաւ սեղանի օրհնութիւն Հոգշ. Տէր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի կողմէ:

Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Տէր եւ Տիկ. Ժիրայր եւ Ծաղիկ Չէլէպեաններուն, որոնք յանձն առած էին պատրաստելու օրուան գլխաւոր ճաշը:

Տօնակատարութեան ընթացքին իրենց սրտի խօսքը ներկայացուցին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան եւ Քեսապի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ՝ գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան:
Հոգեւոր հայրերը լուսարձակի տակ առին օրուան խորհուրդը, անդրադարձան ազատութեան անհրաժեշտութեան ու արժէքին եւ իրենց խօսքերով ներկաները հայրենասիրութեան ոգիով ներշնչեցին:

Ներկայացուեցաւ Կոկիկ եւ համեստ յայտագիր մը, որ կ’ընգրկէր երկու պար խումբ մը պարմանուհիներու կողմէ, պարուսոյց՝ Էլիզապէթ Չէլէպեան- Սահակեան:
Երգով ելոյթ ունեցան Յովիկ Դանիէլեան եւ Անդրանիկ Հանէսքէհեան, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ երգիչ Սեւակ Պետուրեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Էտի Ծիծաղեանի՝ ներկայացնելու փունջ մը աշուղական երգեր եւ Քեսապի աւանդական երգը:

Պէյրութէն ժամանաց երգչուհի Կասիա Շատարեւեան սիրայօժար իր մասնակցութիւնը բերաւ տօնախմբութեան՝ երգելով գաւառական երգեր:

Երգիչները տօնակատարութեան աւարտին ազգային-յեղափոխական երգերով տօնական խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին:

Տօնախմբութիւնը եզրափակուեցաւ «Տաւուշը Յանուն հայրենիքի» շարժումին երգով. «Հայ, Հայաստան, Հայրենիք ու Աստուած»: Երգի աւարտին Դալար Լնդեան մաղթեց, որ երգին գաղափարները մտնեն տուներէն ներս եւ դառնան իւրաքանչիւրիս սեփականութիւնը: Այդպիսով ալ մենք բոլորս հոգեպէս մասնակից դառնանք Սրբազան պայքարին:
Տօնակատարութիւնը հայ սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով վերջ գտաւ :

Մարինա Բենդէզեան