Ուրբաթ, 31 Մայիս 2024-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հանդիսապետութեամբ, շինարարական ընթացքի մէջ եղող Գամիշլիի Ս. Յակոբ նորակառոյց եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ կատարուեցաւ Աստուածամօր նուիրուած մայիսեան վերջին ժամերգութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Գամիշլիահայութիւնը։
Աստուածամօր նուիրուած հոգեպարար աղօթքներ արտասանելով եւ շարականներ երգելով, հաւատացեալները հայցեցին Աստուածամօր բարեխօսութիւնը:

Օրուան խորհուրդը հաւատացեալներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան
դիտել տուաւ, որ Մայիս ամսուան ընթացքին ողջ աշխարհը շարականներով, աղօթքներով, սաղմոսներով եւ քարոզներով կը մեծարեն եւ կ՚օրհնաբանեն Աստուածամայրը, որ 14 տարեկանին Աստուծոյ կենդանի ներկայութիւնը իր մէջ ունենալով, Աստուծոյ խօսքով դաստիարակուեցաւ եւ արժանի դարձաւ երկնային պատգամաբերին՝ հրեշտակին բերած աւետիսը ստանալու եւ Աստուածամայր դառնալու։

Սրբազան Հայրը մէջբերելով Աստուածամօր նուիրուած շարականներու գեղեցիկ արտայայտութիւնները, յայտնեց, թէ Աստուածամայրը սերովբէներէն օրհնաբանուեցաւ եւ իրմէ լոյսը ծագելով՝ մայր դարձաւ Աստուծոյ եւ բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները մեծարեցին զինք։ Շարունակելով, Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Աստուածամայրը եկեղեցւոյ հիմը դարձաւ, Ս. Հոգիին խորանը եւ ճշմարիտ Աստուծոյ խօսքը մարմնով ծնաւ։ Ատոր համար Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ՝ մեծ է աստուածպաշտութեան խորհուրդը, որովհետեւ Աստուած մարմինով յայտնուեցաւ։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները Ս. Կոյս Մարիամի օրինակին հետեւելով զգաստութեամբ ապրելու, հոգեւորապէս պայքարելու եւ զոհողութիւն յանձն առնելու, որպէսզի առաքինութիւններով զարդարուած Աստուծոյ հաճելի տաճար դառնանք։
Սրբազան Հայրը գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին եւ Քահանայ Հօր եկեղեցանուէր ծառայութիւնը Ճեզիրէ շրջանէն ներս եւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցեց։

Աւարտին, Ս. Յակոբ եկեղեցասիրաց Յանձնախումբի տիկինները կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարեցին։