(Շողիկ Աշըգեանի արտասանած խօսքը Մայիս 28-ի Քեսապի տօնակատարութեան ընթացքին)

Հոգշ. Տէր Եսայի վրդ. էօրտէքեան,
Գերպ. Հայր Նարեկ Լուիսեան,
Սիրելի’ քեսապցիներ,

Բարի եկած էք Մայիս 28-ի առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկին։
Հանապազօրեայ հացի եւ սիրոյ սեղանի շուրջ հաւաքուած ենք Մայիս 28 խորհուրդով, միասնաբար ականջալուր ըլլալով 106-ամեայ Սարդարապատէն հնչող պատգամներուն, իրարմով զօրանալու եւ ապացոյցը տալու, որ հաստատ ենք մեր համոզումներուն մէջ, ինչ կը վերաբերի հայութեան եւ Հայաստանին, անոնց ներկային ու ապագային, թէ կառչած կը մնանք մեր իրաւունքներէն ու նահանջող չենք մեր պահանջատիրութեան դիրքերէն։
106 տարի առաջ այս օրը, որ նոյնպէս Երեքշաբթի էր, Արամ Մանուկեան յայտարարեց Հայաստանի անկախութիւնը՝ Ղարաքիլիսայի, Բաշ-Ապարանի եւ Սարդարապատի ճակատամարտերու աւարտին։

Սովի մատնուած ու գաղթական հայութիւն մըն էր, որ կուրծք պարզեց թշնամիի զօրամիաւորումներուն, կասեցուց անոնց յառաջխաղացը. Իր վերջին գօտեմարտը տուաւ Երեւանի մատոյցներուն. Բոլոր ճակատներուն վրայ գերազանցեց ինքզինք ու իր պայմանները եւ կերտեց փառապանծ յաղթանակ։ Հայ ժողովուրդը վասն իր գոյութեան ու հայրենիքին կրցաւ ցուցաբերել իր լաւագոյնը եւ տուաւ իր առաւելագոյնը, օրուան ղեկավարութեան ու անձնուրաց առաջնորդներու օրինակով։
Հայաստանի անկախութեան հռչակման եւ հանրապետութեան հիմնադրութեան 106- ամեակը կը յիշատակենք տարականոն իրավիճակի մէջ։ Չափազանց դժուար, նոյնիսկ կարելի է ըսել ճակատագրական է ՊԱՀը. Վտանգուած է հայաստանի պետականութիւնը իբրեւ անկախ, ինքնիշխան պետութիւն՝ իր տարածքային ամբողջականութեամբ։ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան ապաշնորհ, անհեռանկարային քաղաքականութեան պատճառով հինգ տարիներէ ի վեր կը հիւծի ներքնապէս եւ կը փոքրանայ տարածքով։

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը սպառնան Հայաստանին։ Ազգային գետնի վրայ կայ ու կը գործէ զիջողական քաղաքականութիւն վարող, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կամքը կատարող , հայրենի հողը թշնամիին զիջող իշխանութիւն, իսկ անոր դիմաց եւ անոր քաղաքականութեան դէմ ընդվզած , գիտակից ու պահանջատէր հայութիւն։
Անցեալ Սեպտեմբերին հայաթափուեցաւ հազարաւոր նահատակներուն գնով ազատագրուած Արցախը՝ նոյնինքն իշխանութիւններուն վարած սխալ քաղաքականութեան հետեւանքով։ Չհաշուած Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հանրապետութեան տարածքէն գրաւած տարածքները, Արցախի պարագային միայն թշնամիին յանձնուած է 10 քաղաք եւ 366 մեծ ու փոքր գիւղ։ Լիբանանէն աւելի մեծ տարածք է ասիկա։ Այս շաբաթ ալ սահման գծելու պատրուակին տակ Ատրպէյճանին յանձնուեցան տարածքներ Տաւուշի շրջանէն։

Ո՞ր հայը կրնայ հանդուրժել այս կացութեան։
Մենք շատ լաւ գիտենք սեփական հողին արժէքը, ուր մնաց երբ այդ հողը հայրենիք է։
Ցաւալի է, որ անցնող հինգ տարիներուն դրական նուաճում չարձանագրուեցաւ ներազգային կեանքի մէջ։ Ընդհակառակը․ ինչ որ նուաճած էինք անցած երեսուն տարիներուն ՝ Հայաստանի իշխանաւորները ամէն ինչ ըրին, որ զանոնք գետնին հաւասարեցնեն՝ իրենց իշխանութիւնը պահելու համար։
Հայրենի հայութիւնը ելած է պայքարի՝ ազգի միասնութեան, Հայաստանի հզօրացման, բռնագրաւուած Արցախին տէր կանգնելու եւ մեր իրաւունքները հետապնդելու համար, ելած է պայքարի պահանջելով իշխանութեան հեռացումը իբրեւ առաջին քայլ։

Ելած է պայքարի՝ վերականգնելու համար ազգային արժանապատուութիւնը, ոտնահարուած արժէքները, կրկին կեանքի կոչելու ու անքակտելի դարձնելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք ազգային միասնականութիւնը, ելած է պայքարի, որ հերոսն ու հերոսութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու հայրենատիրութիւնը ո’չ թէ ստորադասուին կամ ստորացուին, այլ պանծացուին, որ խաթարուած կրթութեան ծրագիրը ազգային դիմագիծ ստանայ, որ Եկեղեցին ծաղր ու ծանակի չենթարկուի, որ մեր պահանջատիրութեան վերջ չդրուի, մեր իրաւունքները համահայկական ձեւով հետապնդուին, միանգամընդմիշտ վաւերացուի այն ճշմարտութիւնը, որ հայը ուր ալ ապրի եռագոյնի զաւակ է, եւ ոչ թէ սեւ կամ սպիտակ գոյնով պիտակաւորուի, ելած է պայքարի, որ Հայաստանը չդառնայ թրքական նահանգ, որպէսզի Հայաստանն ու հայութիւնը յաղթանակեն։

Հայաստանի մէջ ընդվզումի ու ըմբոստացման համահայկական շարժումը արդարօրէն կոչուած է «Սրբազան Պայքար»։ Հայրենիքի սիրոյն ամէն պայքար սրբազան է եւ պայքարիլը սրբազան իրաւունքն է իւրաքանչիւր ճշմարիտ հայ անհատի։

Ֆիզիքապէս հեռու ենք Սրբազան պայքարէն. չենք կրնար մեր մասնակցութիւնը բերել անձնապէս, բայց բոլորս անկասկած բուռն կերպով եւ անկեղծօրէն զօրավիգ ենք ու զօրակից մեր հայրենակիցներուն։ Չենք կրնար այդպիսին չըլլալ, որովհետեւ Սրբազան շարժումը,_ ինչպէս գետնի վրայ այդ շարժման առաջնորդ Սրբազան Բագրատը յայտարարեց, – Հայաստանի ներքին կեանքը մաքրագործելու պայքար է. ճշմարտութեան յաղթանակի համար է, ազգը համախմբելու մէկ բռունցք դարձնելու համար է, հայաստանը թուրքին եւ ազերիին ճիրաններէն փրկելու պայքար է։

Այդ պայքարը առաջ կը տարուի «Հայ, Հայաստան, հայրենիք ու Աստուած» նշանաբաններով։
Հայը՝ հոմանիշն է համայն ու ամբողջական ազգին, Հայաստանը՝ պետականութեան, Հայրենիք հասկացութիւնը կ’ընդգրկէ ոչ միայն ներկայ Հայաստանի հանրապետութիւնը, այլ նաեւ Արցախը եւ բռնագրաւուած մեր պատմական տարածքները, Վանն ու Մուշը, Կարսն ու Կարինը։ Կը պահանջենք այդ հողերը, որովհետեւ մե’րն են, թուրքը զանոնք բռնագրաւողն է, բայց ոչ անոնց տէրը։ Տիրոջ իրաւունքով ալ Ամբողջական Հայաստանի մեր տեսլականը իբրեւ գաղափար ու գործ ո’չ թշնամիները կրնան խլել մեզմէ, ո’չ հին ու նոր բարեկամները, ոչ ալ որեւէ դաշնակից, ոչ իսկ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն։

Մայիս 28-ը սոսկ պատմական թուական մը չէ, անցեալին պատկանող դէպք մը չէ. Ան եղած է ու պիտի ըլլայ գալիք բոլոր տեսակի մեր յաղթանակներուն նախատիպը։ Մայիս 28-ը ներկայ Հայաստանի գոյութեան հի’մքն է։ Անժամանցելի իրողութիւն է Եւ մանաւանդ ամէն տագնապալի ու ճակատագրական պահ նոր Մայիս 28-ի վերածելու աներկբայելի ուղեցոյց է։
Ինչպէս Մայիս 1918-ին այսօր ալ ճակատագրական այս փուլին մէկ բռունցք է հայութիւնը։ Արցախցի, սփիւռքցի, հայաստանցի կողք-կողքի են, ձեռք-ձեռքի տուած։

«Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»։
Հայրենի հայութիւնը սրբազան խենթութեան մէջ է։ Սարդարապատի զանգերը այսօր կը ղօղանջեն Սրբազան պայքարի ընդմէջէն։ Գերագոյն վճռորոշ պահ է վասն ճշմարտութեան յաղթանակի, վասն ազգի ու հայրենիքի, ուրեմն, ոտքի’, հա՛յ ժողովուրդ։