ՀՅԴ Բիւրօն շնորհաւորագիր ուղղեց Սուրիոյ «Պաաս» կուսակցութեան նորընտիր ղեկավարութեան եւ ընդհ․ քարտուղարի օգնական դոկտ․ Իպրահիմ ալ-Հատիտին։
Շնորհաւորագիրը «Պաաս» կուսակցութեան ընդհ․ քարտուղարի օգնականին յանձնեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր․ Կոմիտէի եւ Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․ Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամ Յարութ Հայրապետեան եւ թեմի Յարաբերական Մարմնի անդամներ Վրէժ Եագուպեան, Արմէն Ուրֆալեան եւ Սուրէն Վարդանեան։
Շնորհաւորագրին մէջ ՀՅԴ Բիւրօն շնորհաւորելով յաջողութիւն կը մաղթէր «Պաաս» կուսակցութեան ընդհ․ քարտուղարի օգնական դոկտ․ Իպրահիմ ալ-Հատիտին, բարի երթ՝ անոր գործունէութեան, շեշտելով որ հայերու եւ Սուրիոյ բարեկամական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին մշտանորոգ թափով։ ՀՅԴ Բիւրօն երախտագիտութիւն կը յայտնէր նաեւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն կողմէ սուրիահայ համայնքին ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին համար։
Պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին Դոկտ․ Իպրահիմ ալ-Հատիտ դիտել տուաւ, որ սուրիահայերը համարկուելով սուրիական հայրենիքին հետ պահպանեցին իրենց իւրայատկութիւնները, ապա բարձր գնահատեց Սուրիոյ տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային կեանքի բարգաւաճման, իսկ պատերազմի տարիներուն պաշտպանութեան մէջ սուրիահայ համայնքի զաւակներուն դերը, որպէս հաւատարիմ քաղաքացիներ։
Ալ-Հատիտի աւելցնելով ըսաւ, որ Սուրիան իր ժողովուրդին միասնութեամբ եւ նախագահին համբերութեամբ ու խոհեմութեամբ յաղթահարեց խաւարամիտ ուժերու կողմէ երկրի քայքայման ուղղուած պատերազմը՝ թեւակոխելով վերականգնումի փուլ։
Հանդիպումի աւարտին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը այս առիթով խորհրդանշական նուէր մը յանձնեց «Պաաս» կուսակցութեան ընդհ. քարտուղարի օգնականին։