_ Գացե՞ր ես Աղբահաւաքներու եկեղեցին, շա՜տ աղուոր է, բայց շա՜տ փիս կը հոտի:
Սկիզբը չէի ուզած երթալ. Գահիրէի մէջ այնքա՜ն շատ տեղ կար երթալիք, այնքան հնութիւն՝ այցելելիք: Բայց երբ քանի մը տարուան ընթացքին աւարտեցի Գահիրէի հին եւ տեսարժան վայրերուն այցելութիւնները, որոշեցի այցելել նաեւ ա՛յդ եկեղեցին:
Եկեղեցիէն աւելի սակայն զիս հետաքրքրողը այդ շրջանին խանութն էր, ուր կը ծախուէին ձեռայիններ, ինչպէս լսեր էի՝ բոլորն ալ աղբերէն հանուած եւ վերամշակուած (recycled) նիւթերով պատրաստուած:
Մեծ բլուրի մը գագաթին, խորունկ քարայրի մը մէջ կառուցուած հսկայ եկեղեցին կ’ըսուի թէ երեք հազար մարդ կրնայ պարփակել: Հին յունական թատրոնի մը պէս՝ խորանը վարը, շուրջը, դէպի վեր բարձրացող յատակին՝ նստարաններ, իսկ պատերուն վրայ՝ Յիսուսի կեանքին բոլոր հանգրուանները նկարագրող որմնաքանդակներ:
Եկեղեցին շատ հին չէ -մանաւանդ երբ կը բաղդատուի մեմլուքներու շրջանին, կամ շա՜տ աւելի հին՝ փարաւոնեան
շրջանի հնութիւններուն հետ-կառուցուեր է անցեալ դարու եօթանասունականներուն, բլուրի մը վրայ, որ կը կոչուի Մուքաթթամ= անջատուած իմաստով: Բառը կը կապուի աւանդութեան մը, ղպտիները կը հաւատան հրաշքի մը՝ երբ բլուրը անջատուեր է իր նախկին գետահայեաց վայրէն եւ «փոխադրուեր» այժմու վայրը, քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, մէկ գիշերուան մէջ:
Ամբողջ համալիր մըն է՝ հսկայ տաճարը, փոքրիկ մատուռ մը, վարչական շէնք մը եւ անշուշտ այդ խանութը, որ ամէնէն աւելի կը հետաքրքրէր զիս:
Օրը Ուրբաթ էր սակայն եւ խանութը փակ էր:
Կ’ըսուի թէ Եգիպտոս այն փոքրաթիւ երկիրներէն է, ուր աղբին 80% տոկոսը վերամշակումի կ’ենթարկուի:
-Եթէ ճիշդ ըլլար ասիկա, քաղաքը այսքան աղտոտ չէր ըլլար:
-Թերեւս ճիշդ էք, բայց պէտք է նկատի առնել նաեւ, որ ժողովուրդը թափթփած եւ անհոգ է իր քաղաքին մաքրութեան հանդէպ: Պետութեան աղբահաւաքները անընդհատ կը մաքրեն, իսկ ժողովուրդը նո՛յն թափով կ’աղտոտէ:
Տարիներ ետք անգամ մը եւս առիթ եղաւ, որ երթամ Մուքաթթամ շրջանը, բայց այս անգամ մասնաւորաբար «Շրջապատի Պահպանութեան Միութիւն»-ը այցելելու:
Վաղուց, 1980-ական թուականներուն, քաղաքին ամէնէն աղքատ ընտանիքները, որոնք կը զբաղէին տուներէն աղբերը հաւաքելով, կը զբաղէին նաեւ այդ աղբերը խմբաւորումներու բաժնելով՝ թուղթն ու խաւաքարտը զատ, նայլոն եւ փլասթիք իրերը զատ, փայտերն ու երկաթները զատ, իսկ մնացեալը, որ ընդհանրապէս ուտեստեղէնի աւելցուքներ կ’ըլլային, կ’օգտագործուէր որպէս խոզերու կեր:
Խոզերը այդ շրջանի «հարուստ» աղբահաւաքներուն մենաշնորհն էին, մինչեւ «խոզի կրիփ»-ի տարածումը, երբ պետութիւնը կը գրաւէ կենդանիները, կը սպանէ զանոնք եւ կը փակէ խոզանոցները:
Այսօր վերսկսեր է խոզաբուծութիւնը, բայց նուազ թիւով եւ աւելի կանոնաւոր կերպով, ընկերութիւններու միջոցով եւ պետական հսկողութեան տակ:
Մեծահարուստ սրտցաւ տիկին մը, տեսնելով աղբերով զբաղող փոքրերուն, աղջիկներուն եւ կիներուն վիճակը, կը ձեռնարկէ անոնց օգնելու ազնիւ աշխատանքին, նախ փոքրերուն գրել-կարդալ սորվեցնելով, իսկ կիներուն եւ աղջիկներուն համար աշխատանք ապահովելով: Այսպիսով, Աղբահաւաքներու Գիւղը կը դառնայ օրինակ մը աղքատ շրջաններու կարելի զարգացումին, ոչ միայն գրաճանաչութեամբ, բայց մանաւանդ արհեստներու կիրարկումով:
Երբ տղամարդիկ աղբերը հաւաքելով զբաղած են,  փոքրերը դպրոց կը յաճախեն, իսկ մեծ աղջիկներուն եւ կիներուն կը տրուին բոլոր պէտք եղած իրերը, ձեռային աշխատանք կատարելու համար:
Այսպէս է որ այսօր «Շրջապատի Պահպանութեան Միութիւն»-ը աշխատանքային չորս կարեւոր բաժանումներ ունի՝ կարպետագործութիւն, parchwork եւ ձեռագործ, ապակիի վերամշակում եւ թուղթի վերամշակում:
Կեդրոնատեղին ունի իր մանկամսուրը, նախակրթարանը, իսկ վերջերս, մտածելով որ պատանիներն ու երիտասարդները աշխատանքէ ետք ոչ մէկ ընելիք ունին, իրենց համար կը պատրաստուի ֆութպոլի դաշտ մը:
Ինծի ընկերացող տիկինը մեծ հպարտութեամբ ցոյց տուաւ տակաւին չօգտագործուած ֆութպոլի կաս-կանաչ դաշտը, որուն ճիշդ մէջտեղը կը պսպղար կարմիր-դեղին մակնիշը եգիպտական խրթխրթան գետնախնձորի ամէնէն մեծ ընկերութեան՝ Չիփսի-ին:
_ Չիփսի ընկերութի՞ւնը նուիրեր է այս դաշտը,_ կը հարցնեմ տպաւորուած:
_ Այո՛, եւ ամբողջ դաշտը խոտի փոխարէն պատուած է չիփսի պարապ տոպրակներու վերամշակուած նիւթով:
Տարին մէկ անգամ, Կաղանդը մօտենալէն առաջ, այս աշխատանքներէն մաս մը, շատ մեծ քանակութեամբ կը ղրկուի Նիւ Եորք (ԱՄՆ), ուր տիկիններու միութիւն մը իր Կաղանդի պազարին մէջ կը ցուցադրէ եւ կը ծախէ զանոնք, ապա հասոյթը կ’ուղարկէ այստեղի Միութեան:
Այնքան մեծ է պահանջը մանաւանդ կարպետ- parchwork-ձեռագործներուն, որ երբ նախապէս հագուստի գործարաններէն կերպասի մնացորդներ կը ստանային, այսօր ստիպուած են կերպասը գնել, parchwork-ձեռագործներուն համար:
Քառասուն եւ աւելի տարիներու (1982-էն սկսուած) այս աշխատանքին մասին փոսթ-տոքթորալ թէզ որպէս Լէլա Իսքէնտէր Քամէլ աշխատասիրութիւն մը գրեր է «Մուքաթթամի Աղբահաւաքներու Գիւղը» անունով, որ 1994-ին Գահիրէի մէջ հրատարակուեր է որպէս գիրք:
«Կիրակի մը, պատարագէն ետք,_ Լէլա Իսքէնտէր կը պատմէ գիրքին յառաջաբանին մէջ,_ երիտասարդ մը ոտքի ելաւ եւ յօժարակամ ծառայողներ խնդրեց Մուքաթթամի Կիրակնօրեայ դպրոցին համար: Այդ օրերուն երեք տարեկան աղջիկս սկսեր էի մանկամսուր ղրկել եւ կ’ուզէի պարապ ժամերուս համար աշխատանք մը կատարել, որ սակայն վճարովի չըլլար եւ պարտաւորութիւն չունենայի: Այդ օրէն ի վեր հո՛ն եմ՝ աղբահաւաքներու գիւղը, եւ երբե՛ք պիտի չլքեմ այս շրջանը, որքան ալ իմ մասնագիտական աշխատանքս աւարտած ըլլայ հոն»:
Ապրող, կենդանի դասագիրք մըն է այս գիւղը մարդ արարածին յառաջդիմելու փափաքին, սորվելու եւ իմանալու անյագուրդ ցանկութեան մասին:
Հետաքրքրական որակումով, բոլոր անոնք որոնք աշխատեր են այս շրջանին մէջ զանազան մասնագիտութիւններով, մէկ բառ ունին գիւղին բնակիչներուն՝ աղբահաւաքներուն համար, նկարագրելով այդ մարդոց «անընկճելի» խառնուածքը:
Կա՞ն ապրելու աւելի վատ պայմաններ… որքա՜ն պէտք է փառք տալ, «երբ օրուան վերջաւորութեան կ’երթանք մեր մաքուր տուները, տաք բաղնիքներու մէջ լուալու մեր յոգնութիւնն ու առօրեային աղտը, քնանալու մաքուր սաւաններու մէջ եւ արթննալու թարմ սուրճին բոյրով»:
Աղբահաւաքներու Գիւղին կացութիւնը օրէ օր կը բարելաւուի. բայց աշխարհը կը շարունակէ մնալ անարդարութեան դաշտ մը, որովհետեւ ահա բարգաւաճ, կազմակերպ քաղաքներ կը քանդուին եւ բնակչութիւնը, հակառակ իր կամքին կը քշուի դէպի 19-րդ դարու անտանելի կենսաձեւին եւ կը կասեցուի մարդկային բնականոն ընթացքը, պարզապէս որպէս … թշնամութիւն:
Այսօր, բարեբախտութիւն է Աղբահաւաքներու Գիւղին համար, որ բազմաթիւ ընկերութիւններ կը մասնակցին այնտեղ կատարուող եղափոխութեան եւ յառաջացումի ընթացքին, նուիրատուութիւններով եւ այլ միջոցներով: Սակայն միշտ ալ ներկայ են անակնկալ դէպքերը, որոնց կարելի չէ կռնակ դարձնել, պարզապէս որովհետեւ ծրագիրը այդ կէտը չ’ընդգրկեր:
Ինը տարիներ առաջ գացեր էի Աղբահաւաքներու Գիւղը եւ առաջինը որուն անդրադարձեր էի, աղբին անտանելի հոտն էր, մանաւանդ Գահիրէի տաք կլիմային մէջ:
Այսօր հոտը գրեթէ չկայ: Ամբողջ շրջանը դասաւորուած է ըստ աշխատանքի բաժանումներուն: Տուներու միջանցքներուն կամ տանիքներուն վրայ չէ որ աղբերը կը դասդասուին: Փողոցները մաքուր են, եւ շատ կոկիկ բազմութիւն մը՝ մարդոց, կիներու, երիտասարդ ուսանողներու եւ ուրախ մանուկներու կ’երթեւեկէ հոն:
Շրջանը ունի իր դպրոցը, մանկամսուրը աշխատող մայրերու համար, խաղավայրը, եւ բոլորովին վերջերս նաեւ ֆութպոլի դաշտը, ինչպէս եւ սորվելու եւ շահելու ոչ-օրինաւոր «դպրոց»-ը՝ կարպետի աշխատանոցը (earning and learning non-formal school):
Հաւատքով, կամքով եւ անսակարկ նուիրումով կարելի է նման մեծ յաջողութեան հասնիլ, ինչպէս ըրած են եգիպտացի քանի մը հաւատաւոր տիկիններ, համոզուած որ երկիրը սիրելու եւ անոր ծառայելու ձեւերէն մէկն ալ ա՛յս է …
Մարուշ Երամեան