Սուրիահայ երկրորդական վարժարաններու աշակերտները, այնպէս ինչպէս Սուրիոյ բոլոր վարժարաններու, այս օրերուն կը յանձնեն պաքալորիայի պետական քննութիւններ:
Ինչպէս քննութիւններու կանոնաւորապէս նախապատրաստուիլը մեծ դեր ունի աշակերտներու յաջողութեան մէջ, այնպէս ալ աշակերտներուն նիշերու ապահովման համար մղած պայքարն ու անոր յառաջացուցած լարուածութիւնը մեծապէս կ’ազդեն աշակերտին յանձնած քննութեան արդիւնքին վրայ:
Կը պատահին պահեր, երբ քննութեան լաւապէս պատրաստուած աշակերտը գնահատանիշի ապահովման մտահոգութեամբ այնքան կը տագնապի, որ իր պատրաստուածութեան համապատասխան չի յաջողիր պատասխանել բոլոր հարցումներուն, իր ներքին տագնապին հետեւանքով:
Կը պատահին պահեր, երբ անձնական ուսուցիչներ այնքան կը կրճատեն դասանիւթերը կամ հարցարաններու կանխատեսումներով կը կողմնորոշեն աշակերտը, որ վերջինս հարցումներուն պատասխանելով մէկտեղ ակնկալած գնահատանիշը չ’ապահովեր:
Սուրիական կրթական ծրագրի ամէնէն դժուար փուլն է պաքալորիան, որուն դժուարութիւնները յաղթահարելու համար ծնողներ եւ ուսուցիչներ ե՛ւ հոգեպէս, ե՛ւ գիտելիքներու իւրացման առումով թելադրելի է որ նախապատրաստեն ուսանողը աստիճանաբար:
Պաքալորիան միայն 12-րդ կարգի ուսումնական ծրագիր չէ, ան երկրորդականի երեք տարիներու աշխատանքի խտացումն է, հետեւաբար աշակերտը պէտք է 10-րդ կարգէն իսկ սկսի լրջօրէն ընկալել գիտելիքները, սորվիլ, վերլուծել, քննական մօտեցումով իւրացնել դասաւանդուող առարկաները, համեմատութիւններ կատարել եւ այսպիսով իր միտքն ու ընկալման մակարդակը այնքան մարզել, որ սորվելու գործընթացը տանջալից աշխատանքի չվերածուի:
Մեր աշակերտներու յաջողութեան երկրորդ կարեւոր պայմանը հոգեկան պատրաստուածութիւնն է: Այնքան բացասական արդիւնք կ’ունենայ դասը պարտադրելն ու աշակերտը յանդիմանելը երբեմն, որ մրցակցութիւն ստեղծելու պատրուակով կարգ մը կրթական մշակներու վարքագիծը, ուշ ըմբռնող աշակերտը յանդիմանելն ու թերագնահատելը կրնան անոր ուսումնական ապագային վրայ ժխտական ընդգծելի անդրադարձ ունենալ:
Յատկապէս երկրի ներկայ ծանր պայմանները նկատի ունենալով նախընտրելի է հոգեպէս կայուն եւ ինքնավստահ սերունդ պատրաստել, քաջալերել աշակերտին ամէնէն փոքր ձեռքբերումն անգամ, առողջ մրցակցութիւնը հիւանդագին երեւոյթի վերածելով աշակերտը կատարեալին ձգտելու բեռով չկաշկանդել, այլ անոր նախասիրած դասանիւթերուն մէջ արձանագրած յառաջընթացը գնահատել եւ թոյլ տալ որ քննութիւնը իր գիտելիքներու արդիւնաւորման փուլ համարէ, ոչ թէ համալսարան մուտք գործելու կենաց մահու պայքար:
Եթէ կարենանք աշակերտը վարժեցնել ուսման տարիները արժեւորելով նախապատրաստուիլ պաքալորիային, չծանրաբեռնել իր ուղեղն ու հոգեկան աշխարհը, մասամբ օգնած պիտի ըլլանք անոր աւելի հանգիստ եւ պատրաստուած ներկայանալու քննութեան, առանց բարդոյթի վերածելու երկրորդականի այս փուլի քննութիւններու յանձնումը:
Բարի երթ ու մտքի լուսաւորութիւն կը մաղթենք հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն: