Հայ անկախ պետականութեան գոյառման եւ պաշտպանութեան սրբազան պարտաւորութենէն միշտ ալ հեռու չէ եղած հայ եկեղեցին բոլոր աստիճաններու իր սպասաւորներով եւ մարտնչած է անոր համար։
Հայաստանի Հանրապետութեան 106-րդ տարենշման տօնին յիշենք միասին ու յիշեցնենք բոլոր անոնց, որոնք դիտումնաւոր կերպով կ’անգիտանան այս ճշմարտութեան, թէ ինչպէ՛ս 23 Մայիս 1918-ին Սարդարապատի ճակատամարտին առաջին դիրքերու վրայ եղած է եւ խրամատէ խրամատ շրջելով զինուորները խրախուսած այդ օրերու Ղեւոնդ Երէցը, Գէորգեան Ճեմարանի վերատեսուչ, մահապարտներու գունդի հոգեւոր առաջնորդ 51-ամեայ Գարեգին Սրբազան Արք. Յովսէփեանցը, ապագային (1945թ.) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. շնորհազարդ կաթողիկոսը, որ իր ցուցաբերած արիութեան համար պարգեւատրուած է Գէորգեւսկի բարձր շքանշանով։ Իսկ Կարսի անկումին որպէս բանագնաց, ազատած է պաշարուած կարսեցիները վերահաս ջարդէ։ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը առ ի գնահատանք իր ծառայութեան կուրծքը զարդարած է սպայից քաջութեան ժապաւէնով։
1927-ին ընտրուած է առաջնորդ Ռուսիոյ, Խրիմի եւ նոր Նախիջեւանի։ Գարեգին Արք. Յովսէփեանց հոյակապ ներդաշնակած է Աստուծոյ եւ հայրենիքին ծառայողին, Հայ եկեղեցւոյ հաւատաւոր սպասաւորին տիպարը։
«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» մերօրեայ համաժողովրդային տարերային շարժումը տարօրինակ չէ, որ հայ եկեղեցւոյ սպասաւորը ունենայ առաջնորդ։ Հայ եկեղեցին իր բանիմաց դէմքերով երբեք չէ վարանած սեփական ազգը միաւորելով գլխաւորելու եւ առաջնորդելու յանձնառութեան առջեւ։
ՀՀ իշխանաւորներուն կողմէ այսօր, ներհայաստանեան համաժողովրդային միասնականութեամբ թափ ստացած եւ հայաշխարհն ու Հարաւային Կովկասը դղրդացնող շարժումին, առաջին շարքերուն վրայ ընթացող Բագրատ սրբազանի եւ անոր ընդմէջէն հայ եկեղեցւոյ նման դերակատարութիւնը ընդունելի չնկատելու բարբանջանքը անմեղունակ չէ,այլ ՝ թէ՛ ըստ վարքագծի հայ առաքելահաստատ եկեղեցին նուաստացնելու եւ թէ՛ ժողովրդային միասնականութիւնը պառակտելու կը միտի։
Ինչո՞ւ պէտք է զարմանալ , երբ հայ եկեղեցականը առաջնորդէ հայրենատիրութեան ձգտող համաժողովրդային տարերքը եւ չընդվզիլ, երբ ապազգային, թրքամէտ ուղղութեամբ եւ ստրկամտութեամբ կը ղեկավարուի հայրենիքը, այլ խօսքով՝ երբ մոլորած է ինքնիշխան պետականութեան ղեկավարութիւնը, առաջնորդելով հայրենիքն ու ազգը գոյութենական ստոյգ վտանգի։
Հայրենի Տաւուշի կողը խրուած ցիցերը սահմանազատման նշաքարեր չեն, այլ՝ Հայաստանը յօշոտելու համար ախորժակ սրած, գորշ գայլի մագիլներն են, որոնք հողը կ’արիւնեն։ Երբ Հայրենաբնակ թէ սփիւռքաբնակ հայերը միահամուր կերպով սահմանազատման անուան տակ թշնամիին տարածքներ յանձնումի եւ ստրկամտութեան դէմ էապէս միացած կը բողոքեն ու հայրենատիրութիւն կը պահանջեն, ցեղին ձայնն է, որ կ’արձագանգէ հողի կանչին։
Աւա՜ղ, որ Հայրենիքի ամբողջականութիւնը պահելու ճիգերը կը բացատրուին իշխանատենչութեամբ։ Ափսո՜ս, որ ազգային արժանապատուութեան վերականգնման պահանջը, ոմանց կողմէ դիտումնաւոր կերպով ռեվանշիզմ/վրէժխնդրութիւն կ’անուանուի։
Ազգի արժանապատուութիւնը վերականգնելու ելած համաժողովրդային տարերքը Բագրատ սրբազան եկեղեցականով ղեկավարումը չարախօսելու շունչը, գիտենք թէ առաքելահաստատ հայ եկեղեցին հակապետականութեամբ ամբաստանելու կրնայ հասնիլ, չէ՞ որ մեր եկեղեցին ալ ազգային է, ապա ուրեմն խոչընդոտ է ու վտանգ է թուրքին, ուստի հակառակ իշխանութեան վարած ամէն գնով զայն սիրաշահելու քաղաքականութեան, պէտք է վերացուի։
Իշխանութիւնը պահելու պահանջուած նոր փրկագինը այսօր, ըստ երեւոյթի Հայ մարդուն համար, հայ հոգեմտաւոր արժէքներու վեմը հանդիսացող առաքելահաստատ հայ եկեղեցին նսեմացնելն է Հայաստանի մէջ ու խոցոտելը Սփիւռքի մէջ, այն սփիւռքին, որ աւելի քան երբեք այլեւս յայտարարուած թիրախն է թուրքին, իսկ հայ եկեղեցին ալ անոր յառաջապահ ամրոցներէն է։
Հայ, անկախ պետականութեան հռչակման մայիսեան այս օրերը, որոնք արդարօրէն պէտք էր ցնծութեան օրեր ըլլային համայն հայութեան համար, ափսո՜ս որ ՀՀ իշխանութիւնը պատանդ վերցնողներու կողմէ սահմանազատման կեղծ վերնագրի տակ, վերածուեցան նահատակներու արեամբ ստեղծուած ու սրբացած հայրենիքի հողը պատառ-պատառ գորշ գայլի անյագ որկորին կեր մատուցելու մղձաւանջային օրերու։
Տաւուշ/ Տայ յոյս, Տաւուշի սրբազան փոթորկումը թէկուզ ուշացած, խթանեց Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք միասնականութիւնը։ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք ուս-ուսի տուած կրնան խոստանալ նոր լուսաբաց։ Յանձնուողական վարքագիծով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատում կատարող իշխանութեան դէմ, հայրենիքի սահմանները անխախտ պահելու պահանջով։
Սահմանամերձ ժողովուրդի արդար բողոքին միացած է հայրենաբնակ ժողովուրդը, հայրենատիրութեան պահանջով ոտքի է կանգնած։ Անոր միացած է համայն Սփիւռքը։
Հայաշխարհը Տաւուշով միասնական դարձաւ, երկիրն ու պետականութիւնը պահելու համար ոտքի ելաւ, միացաւ, արար աշխարհ գիտէ այլեւս թէ ո՛վ է ազգային միասնականութեան խոչընդոտը, ո՛վ է ժողովուրդի միակամութենէն շեղածը ու զգօնութենէն վախցողը։
Հայրենիքը մսխողն ու պահողը ինչպէս միակամ ըլլան։ «Մեղայ» մը պէտք է անպայման։
Տաւուշը փոթորկեցաւ, կիրանցը բոցավառեց։
Հայրենաբնակ թէ սփիւռքաբնակ Հայը, հայրենասիրական եւ մարդկային արժէքներով յորդած՝ իր ձգտումներուն ազատ անցք տուաւ։ Հայրենիքի փրկութեան հաստատակամութեամբ միացաւ։
Ուշացած վճռակամութեամբ ստրկամտութեան «ո՛չ» ըսաւ։
Տաւուշը Հայրենիքին ու անկախ պետականութեան յարատեւման յոյս տուաւ։
Գրիգոր Տունկեան