ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Ընկերութեան մէջ ապրող անհատը հարկադրուած է բազմազան յարաբերութիւններ մշակելու իր նմաններուն, ազգին եւ պետութեան հետ:
Այդ յարաբերութիւնները հաճելի դարձնելու եւ անոնցմէ նիւթական եւ բարոյական առաւելագոյն օգուտը քաղելու համար, ամէն մարդ պարտաւոր է յարգել կարգ մը էական կանոններ,  որոնց ամբողջութիւնը կը կոչուի Կենցաղագիտութիւն:
Իսկ Անհատական Կենցաղագիտութիւնը ամբողջութիւնն է այն քաղաքավարական կանոններուն, որոնք կը վերաբերին մեր նիստ ու կացին, արդուզարդին եւ այլն:
Հագուստ-Կապուստ
Արդուզարդի խնամք տանիլը աւելորդ պերճանք չէ, այլ անհրաժեշտութիւն մը ամէն բարեկիրթ մարդու համար:
Պատշաճ արդուզարդ ունենալու համար պայման չէ վայելչաձեւ ըլլալ:
Վայելչաձեւութիւնը յատկութիւն մըն է, զոր բնութիւնը տուած կ’ըլլայ մեզի. անիկա ստացական չէ: Բաւարար է կարգ մը բաներու ուշադրութիւն դարձնել՝ վայելուչ արտաքին մը ունենալու համար:
Արդուզարդի Եւ Մաքրութեան Կարեւորութիւնը 
Ջանացէ՛ք, որ ձեր հագուստները միշտ մաքուր ըլլան, կօշիկները՝ ներկուած:
Եղունգները շատ մի՛ երկնցնէք եւ եթէ երկար են, ջանացէ՛ք որ անոնց ներքին պատեանը սեւցած չըլլայ:
Ուտելու Ընթացքին
Ճաշի պահուն ձեր բերանը գոց պահեցէ՛ք եւ անաղմուկ ծամեցէ՛ք: Պատառը ձեր բերնին մէջ եղած ատեն ջուր մի՛ խմէք:
Ապուրին վրայ մի՛ փչէք զայն պաղեցնելու  դիտումով: Դանակը ձեր բերանը մի՛ տանիք: Հիւրընկալուելու պարագային ջանացէ՛ք պնակին մէջ կերակուր չաւելցնել:
Փողոցը
Փողոցը, փոյթ տարէ՛ք որ ձեր բաճկոնին կոճակները խնամքով  կոճկուած ըլլան: Քալելու պահուն ձեր թեւերը կախած ասդին-անդին մի՛ շարժէք: Մշտապէս մայթին աջ կողմէն քալեցէ՛ք։
Մայթին վրայ խօսակցութեան մի՛ տարուիք ծանօթներու հետ:
Մէկ մայթէն միւսը կամ հեռուէն զիրար մի՛ կանչէք:
Հանրային Վայրերու Մէջ
Թատրոնը, նուագահանդէսը, լսարանը այն վայրերն են, ուր դիւրաւ կը զանազանուի բարեկիրթ, կենցաղագէտ մարդը անկիրթ, կոշտ մարդէն:
Ասոր համար է որ անհատը եւ մանաւանդ երիտասարդը յատկապէս ուշադիր ըլլալու է իր նիստ ու կացին, այսպիսի վայրերու մէջ:
Փափաքելի է, որ  ներկայացումը չսկսած սրահ մտնել:
Բանախօսը կամ դերասանը իր պարբերութիւնը չաւարտած կամ երգիչը իր երգը չլմնցուցած մի՛ ծափահարէք:
Ծափահարելու ատեն, լայնօրէն մի՛ շարժէք  ձեր բազուկները:
Ջանացէ՛ք ներկայացման ընթացքին չզրուցել ձեր կողքի մարդոց հետ :
Եթէ հաւաքոյթին կազմակերպիչը դուք էք, ջանացէ՛ք որ բացումը կատարուի յայտագիրին մէջ ճշդուած ժամուն:
Յարգեցէ՛ք սրահին մէջ չծխելու պատուէրը:
Լալկան մանուկները ձեզի հետ սրահ մի՛ բերէք:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան