Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Շաբաթ, 25 Մայիս 2024-ի երեկոյեան «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ շրջանաւարտ աշակերտներու ծնողներու։
Հանդիսութիւնը բաց յայտարարուելէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք հնչեցին Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։
Բացման արաբերէն եւ հայերէն խօսքերը արտասանեց մանկապարտիզպանուհի Հուրի Փաշայեան-Սարգիսեան, որ նախ բարի գալուստի եւ շնորհաւորական խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա անդրադառնալով ազգային օճախներու առաքելութեան յայտնեց այն կարևոր դերը, որ կը կատարեն ազգային վարժարանները՝ ուսում ջամբելու կողքին ազգային արժէքները պահելու եւ անոնց հանդէպ սէր սերմանելու աշակերտներու հոգիներուն մէջ։ Ապա շեշտեց, որ նկատի ունենալով, որ երեխան փոքր տարիքէն կը սկսի իր անձնաւորութիւնը կազմել, վարժարանի ուսուցչուհիները ճիգ չեն խնայեր այս ասպարէզին մէջ աշխատելու անոնց հետ, որպէսզի երեխան որպէս գիտակից հայ մեծնայ։ Աւելցնելով ըսաւ, որ այս ներկայացումով փոքրիկները պիտի արտացոլեն իրենց ամբարած աւիշը ու շնորհակալական խօսք ուղղեց հոգաբարձութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար հանդիսացան վարժարանի աշխատանքներու յաջողութեան։
Այնուհետեւ աշակերտները բեմ բարձրացան խօսքերով, լոզունքներով, արաբական եւ հայկական պարերով, իսկ աշակերտական երգչախումբը փունջ մը հայերէն եւ արաբերէն երգերով ելոյթ ունեցաւ, խմբավարութեամբ Ալին Արոյեան-խաչոյի եւ երաժիշտ Քրիստ Միքայէլեանի։
Ապա թատերական ներկայացումով ներկաները խորապէս տպաւորեցին, երբ աշակերտները «Հայ, Հայաստան, Հայրեինք ուԱստուած» գրութեամբ պաստառը բարձրացուցին եւ այս խորագիրը դարձաւ 2023-2024 շրջանաւարտ հունձքի նիւթը։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր հայրական օրհնութիւնն ու խօսքը ուղղելով երեխաներուն մաղթեց փայլուն ապագայ եւ նորանոր յաջողութիւն իրենց ուսումնական յաջորդ փուլին մէջ, ապա բարձրօրէն գնահատեց հոգաբարձութեան տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանքը, տնօրէնութեան եւ ուսուցչուհիներուն նուիրեալ գործը, հայցելով առ բարձրեալն Աստուծոյ խաղաղութիւնը եւ փրկութիւնը՝ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի։
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում, որմէ ետք հանդիսութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով հասաւ իր աւարտին։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն