Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2024-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան ազգային պատուիրակութեամբ այցելեց Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ մեծարգոյ դեսպան տիար Ալեքսանդր Եմինոֆի հետ:
Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան տիար Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան, Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ տիար Վրէժ Եագուպեան, Նպաստից Մարմինի ներկայացուցիչ տիար Յարութիւն Հայրապետեան, ազգայիններ՝ տիար Սուրէն Վարդանեան եւ տիար Արմէն Ուրֆալեան:

Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումին արծարծուեցան զանազան թեմաներ, ինչպէս՝ տարածաշրջանը եւ մանաւանդ Հայաստանը յուզող ներկայ իրավիճակը: Ուղղուած հարցումներուն եւ տրուած լուսաբանութիւններուն առընթեր, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ մարդասիրական գունդին կողմէ կրկնակի օժանդակութեան համար, որ կատարուեցաւ անցնող տարուան ընթացքին երկրաշարժէն ետք ստեղծուած տագնապալի իրավիճակի շրջագիծէն ներս, եւ ընդհանրապէս իրենց կողմէ ցուցաբերուած օժանդակելու պատրաստակամութեան:

Սրբազան Հայրը, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց պարոն դեսպանին եւ անոր միջոցով Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ պարոն Փութինին, աղօթելով, որ մօտ ապագային խաղաղութիւն կը տիրէ, ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը կը յաղթանակեն, եւ ժողովուրդները կը վերատիրանան իրենց իրաւունքներուն եւ անվտանգ ու ապահով կը շարունակեն իրենց կեանքը: