«Լեմքին» Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը դէմ է ՄԱԿի՝ Ատրպէյճանը իբրեւ COP29 կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ գագաթնաժողովի հիւրընկալ երկիր նշանակելու որոշումին՝ նկատի ունենալով Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ցեղասպանական ռազմավարութիւնը, անոր նախագահ Իլհամ Ալիեւի ցեղասպան եւ հայատեաց գաղափարախօսութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ փտածութեան եւ մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումները:
«Ատրպէյճանին այս կարեւոր իրադարձութիւնը հիւրընկալելու պատիւը շնորհելով՝ ՄԱԿը հաւանութիւն կու տայ ցեղասպանական խօսքին, ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ բռնապետութեան, որ կը բխի ո՛չ կլիմայի, ո՛չ ալ աշխարհի մարդոց շահերէն: Ատրպէյճանի՝ իբրեւ COP հիւրընկալողի ընտրութիւնը կ՛օրինականացնէ, բանական եւ բնական կը դարձնէ ցեղասպանութիւնը համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ: Աւելի՛ն, անիկա կը սպառնայ կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿի շրջանակային ուխտով հաստատուած սկզբունքներու արժանահաւատութեան: Ցեղասպանութեան կանխարգիլման, մարդու իրաւունքներու եւ ՄԱԿի՝ իբրեւ աշխարհի ժողովուրդին ներկայացնող մարմինի շահերէն մեկնելով, ՄԱԿը պէտք է չեղարկէ Ատրպէյճանը՝ իբրեւ COP29-ի ընդունող երկիր ճանաչումը, կա՛մ գտնէ այլ հիւրընկալող երկիր մը», կ՛ըսուի «Լեմքին» հիմնարկի յայտարարութեան մէջ:
Անոր մէջ նաեւ կը նշուի, որ «Ալիեւ Ատրպէյճանին՝ իբրեւ COP29-ի հիւրընկալողի ընտրութիւնը դիտարկած է իբրեւ հայերու նկատմամբ իր ցեղասպան քաղաքականութեան հաստատում (ի շարս այլ բաներու)»: