Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի Երեքշաբթի, 28 Մայիս 2024-ի երեկոյեան, «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ նախակրթարանի վեցերորդ կարգի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը։
Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը, ապա հնչեցին Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մեղրի Ասիլեան Ղուկասեան ու ըսաւ. «Դպրոցը գանձատուն մըն է, այն օճախը, ուր աշակերտի ոգին անոր մտքի կողքին կը սնանի ու կաճի նախահայրերու հաւատքով, աւանդութիւններով, ինչպէս նաեւ ազգային ու քաղաքացիական հաւատարմութեամբ։ Որպէս կրթական հայ մշակներ մեր գերագոյն նպատակն է դաստիարակել օրինակելի հայ սերունդ, տէր կանգնիլ մեր ազգային ժառանգութեան, պահել մայրենի լեզուն, ազգային մեր եկեղեցիներն ու մշակոյթը»։
Բացման արաբերէն խօսք ուղղեց վարժարանի տնօրէնուհի փաստաբանուհի Լուսին Աւետիսեան, որ անդրադարձաւ վարժարանի վսեմ առաքելութեան եւ դիմագրաւած զանազան խոչընդոտներուն ու դժուարութիւններուն։ Գնահատելով հոգաբարձութեան անսակարկ գործունէութիւնը, ուսուցչաց կազմի, տեսուչներու նուիրեալ աշխատանքը, աշակերտներուն մաղթեց փայլուն ապագայ եւ նորանոր վերելք, ապա շնորհաւորեց ծնողները իրենց զաւակներուն յաջողութեան առիթով։
Շրջանաւարտ աշակերտները գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր ներկայացուցին՝ երգչախումբի ելոյթով, հայ լեզուի նուիրուած համադրուած բանաստեղծութիւններու ներկայացումով, ապա երկու զաւեշտներով անդրադարձան հայ լեզուի նահանջի վտանգին, որուն դէմ պէտք է արթուն ըլլանք եւ պայքարինք միասնական ուժերով եւ միշտ վառ պահենք հայ լեզուն։
Յայտագիրը պատրաստած էր հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մեղրի Ասիլեան-Ղուկասեան։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում եւ հետեւեալ գերազանց աշակերտներու գնահատագրի յանձնում.
Կասիա Աբրահամեան
Սարգիս Աբրահամեան
Արմէն Մելքոնեան
Յովիկ Առաքէլեան
Ժուլի Յովսէփեան
Եւա Դարբինեան
Ռիթա Պետրոսեան։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն նախ շնորհաւորեց իրենց ստացած վկայականները եւ շեշտեց, որ
շարունակեն իրենց ապագան կերտելու ուղին՝ միշտ ձգտելով լաւագոյնին եւ հմուտ մասնագէտներ դառնալու կողքին ըլլան ազգային արժէքները պահպանող նուիրեալներ, չմոռնալով մայրենի լեզուն ու հայ մշակոյթը։
Հանդիսութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով հասաւ իր աւարտին։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն