«Ով Հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը, քո հաւաքական ուժի մէջ է»։
Չարենցի պատգամով, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականը վառ պահող Մայիս 28-ի սերունդին հաւատարիմ ժառանգորդները ցնծութեամբ քայլարշաւեցին։
Ուրբաթ, 30 Մայիս 2024-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ժողովրդային երթ նուիրուած Հայաստանի անկախութեան հռչակման 106-րդ տարեդարձին։ Երթին մասնակցեցան Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներ, Ազգ.Ս. Նահատակաց վրժ.-ի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, ՍՕ Խաչի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Լաթաքիոյ Եագուպիէի հայրենակցական միւթեան անդամներ եւ հոծ բազմութիւն։
Ժողովրդային երթը սկիզբ առաւ ՍՕ Խաչի կեդրոնէն ուղղուելով դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի ազգային եւ հայրենասիրական նուագներով։
Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս կանգնեցան յարգելու յիշատակը Մայիսեան յաղթանակի նահատակներուն։ Հնչեցին Սուրիական եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները, ապա տեղի ունեցան հոգեհանգստեան պաշտօն եւ դրօշի օրհնութիւն նահատակներու յուշակոթողին դիմաց։
Աւանդութիւն դարձած դաշտագնացութեան բոլոր ներկաները մասնակցեցան՝ միասնաբար տօնախմբելու Մայիսեան յաղթանակը։
Բացման խօսք արտասանեց ՍԵՄ-ի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Արզումանեան, որ ըսաւ. «Խոր բերկրանքով, ուրախութեամբ համախմբուած ենք տօնախմբելու մեր ժողովուրդին զոհաբերութեամբ իրականացած անկախութիւնը, որ վառ կը մնայ սփիւռքի իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ։ Յարգանք ու պատիւ բոլոր հին եւ նոր նահատակներուն, որոնց արեան գնով նոր արշալոյս բացուեցաւ, սակայն դժուար, տագնապալի եւ օրհասական այս օրերուն, թող «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումը շարժառիթ ըլլայ նոր յաղթանակի ղօղանջը հնչեցնելու յանուն ազատ եւ անկախ Հայաստանի գոյատեւման»։
Պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Յարութ Գաբրիէլեան խօսք առնելով ըսաւ. «Ամէն օր ու ամէն ժամ մենք ու ամբողջ աշխարհը ականատեսն ենք թշնամիին արարքներուն, հայաստան այսօ՛ր եւս, ինչպէս մօտիկ անցեալին, կը դիմագրաւէ այնպիսի վտանգներ եւ մարտահրաւէրներ, որոնք գոյութիւն ունէին 1918-ին եւս։ Մայիս 28-ը մեր ապագան է ոչ միայն անոր համար, որ անցեալն ու ներկան շաղկապուած են, այլ նաեւ անոր համար որ տասնամեակներու ընթացքին եղանք գործնական հաւատարմատարը սրբազան կտակին։
Մայիս 28-ը մեր ապագան է, վաղուան հորիզոնները լուսաւորողն է։ Թող միշտ ապրին հայ ազգը եւ հայրենիքը»:.
Հալէպէն այս առիթով ժամանած Կասիա Պաղտիկեան աշուղական, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով ճոխացուց մթնոլորտը, հայկական տուտուկով անոր ընկերակցեցաւ Ժոզէֆ Արամեան։
Յեղափոխական երգերը ջերմացուցին ներկաներուն հոգիները, նոր սերունդին մէջ վառ պահելով հայրենիքին սէրը, որպէսզի դառնայ դրօշակիրը անկախութիւնը կերտողներու կտակին։
Նայիրի Կարապետեան