“Զանգեր ղօղանջէք,
Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար մարտին:
Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք
Սարդարապատից”

Բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ.Տէր Մակար Արք.Աշգարեանի , կազմակերպութեամբ “Ահարոնեան” կեդրոնի վարչութեան եւ յարակից միութիւններու Ուրբաթ 31/5/2024-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա.Հանրապետութեան հռչակման 106-ամեակին նուիրուած ժողովրդային տօնակատարութիւն Ազգ.Միացեալ ճեմարանի շրջափակէն ներս , ներկայութեամբ Բերիոյ Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգային եւ Երեսփոխանական ժողովներու ներկայացուցիչ Հոգշ.Տէր Արմէն Վրդ.Գալայճեանի, Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի.Տէր Գէորգ Եպս.Ասատուրեանի եւ համայնքի ժողովրդապետ Գերպ. Տէր Գէորգ Ծրգ.Վրդ. Պահէեանի, Թեմի Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչին եւ անդամին, ազգային Սուրէն Վարդանեանի, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ դամասկահայ հաւատաւոր ժողովուրդի հոծ բազմութեան, որոնք եկած էին հաղորդուելու ազգային պետականութեան հիմնադրման Մայիսեան յաղթանակներու ոգիով։

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը նահատակներուն։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Մակի Զահթէրեան։
Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն “Զաւարեան” համալիրի հայաբոյր յարկին տակ համախմբուելու, միասնաբար յիշատակելու հայութեան հաւաքական կամքի յաղթանակին եւ պատմակերտ իրագործումին՝ Հայաստանի Ա.Հանրապետութեան կերտման 106-ամեակին առթիւ եւ ըսաւ .« Հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան արհաւիրքէն փիւնիկի նման յարութիւն առաւ եւ հաւատաց իր բազուկի զօրութեան միահամուռ վճռակամութեամբ հերոսաբար մարտնչեցաւ թշնամիին դէմ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն. իր զաւակներուն արեան գնով յաղթանակեց ու կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը եւ իր արժանապատիւ տեղը գրաւեց աշխարհի պետութիւններու կողքին»։

Յանուն “Ահարոնեան” կեդրոնի վարչութեան խօսք արտասանեց Արմէն Ուրֆալեան , որ ջերմապէս ողջունեց եւ շնորհաւորեց ներկաները ՀՀ Կերտման 106-ամեակին ցնծալի առիթով։ Ան արաբերէնով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ Հանրապետութեան հաւատարիմ եւ կորովի նախագահ տոքթ.Պաշար Ալ-Ասատին մաղթելով անոր քաջառողջութիւն իմաստութեամբ շարունակելու առաջնորդել իր ժողովուրդը դէպի ապահով ափ . Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Սուրիոյ քաջարի բանակին եւ բի՛ւր յարգանք նահատակներուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Առաջին Տիկնոջ Ասմա ալ-Ասատին, զօրաւոր կամքով եւ հաւատքով յաղթահարելուելու իր դիմագրաւած առողջական դժուարին փուլը։ Ապա Ուրֆալեան հայերէն խօսքը ուղղեց ներկաներուն, անդրադառնալով ՀՀ կերտման պատմական փուլին ըսաւ.« 28 Մայիս 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան հռչակումը պատահականութեան արդիւնքը չէր, ոչ ալ նուիրուած պարգեատրում, այլ` միասնականութեան, համախմբուածութեան, հաւատքի եւ նուիրումի գիտակցութեան արդիւնք, հակառակ մեր լեռնաշխարհի գոյութեան իբրեւ բնական պարիսպ ընդդէմ թշնամիներուն, հայ ժողովուրդի միասնականութիւնն ու բռնցքուիլը հանդիսացան երաշխիքը երեք ճակատամարտերուն փառսպանծ յաղթանակին `անկախութեան կերտման»։ Խօսքը շարունակելով Ուրֆալեան անդրադարձ կատարեց Հայաստանի մէջ տիրող առկայ ճգնաժամին եւ իշխանութեան ապազգային քաղաքականութեան .«Ներկայ իրավիճակին դրական անկիւնադարձը հրամայական է .ներկայ իշխանութիւնները յանձնուողական, պարտուողական եւ միակողմանի զիջումներու հետեւանքով յանձնեցին Արցախը, ուրանալով հազարաւոր հայորդիներու նահատակութիւնը եւ տակաւին աշխատանք կը տանին չեզոքացնելու եւ նսեմացնելու հայ ժողովուրդի ազգային արժէքները»։
Ան յայտնեց նաեւ , որ այսօրուան հարիւր հազարաւոր հայորդիներու ցոյցերն ու հաւաքները բնական հակազդեցութեան արդիւնք են, մերժելու իշխանութեան ապազգային քաղաքականութիւնն ու զիջողական ընթացքը եւ կոչ ուղղեց համայն հայութեան յանուն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան համախմբուիլ ժողովրդային սրբազան շարժումին շուրջ, հաստատելով ,որ դամասկահայութիւնը պիտի շարունակէ իր հերոս նախնիներուն երթը ի խնդիր հզօր ու բարգաւաճ հայրենիքին։

Ուրֆալեան տօնական այս ցնծալի պահը յարմար նկատելով , “Ահարոնեան” կեդրոնի գնման ուրախալի լուրը յայտնեց ըսելով .« Բարերարութեամբ եւ նուիրատուութեամբ մեր սիրելի երկու եղբայրներու` հանգուցեալներ եղբ.Գէորգ եւ ընկ. Սարգիս Պասմաճեաններուն, սեփականատէրը դարձանք “Ահարոնեան” կեդրոնին։ Սոյն գնման գործընթացը հովանաւորուեցաւ ու հետապնդուեցաւ Բերիոյ Թեմի քաղաքական ու երեսփոխանական ժողովներուն կողմէ, հսկողութեամբ մեր պատկան մարմնին»։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան կեդրոնի գնման աշխատանքներուն։

Տօնախմբութիւնը յաւելեալ փայլք ստացաւ գեղարուեստական յայտագիրով ։

ՍՊ Միութեան “Ռոստոմ” մասնաճիւղի պատանիները հրամցուցին փունջ մը հայրենասիրական երգեր, որոնք արժանացան ներկաներուն ջերմ ծափողջոյններուն։

Հալէպէն յատուկ ժամանած ասմունքող Վիգէն Չաղլասեան տպաւորիչ առոգանութեամբ մեկնաբանեց Անդրանիկ Ծարուկեանի “Թուղթ Առ Երեւան ” բանաստեղծութիւնը։
Դափնի Երէցեան տպաւորիչ կատարումով ջութակի վրայ նուագեց “Բինկեօլ” եւ ” Խուժան Ասկեար”
քաղցրահնչիւն մեղեդիները , երգեհոնի ընկերակցութեամբ Անի Ճեմճեմեանի ։

Շնորհալի եւ տաղանդաւոր փոքրիկն Շուշի Տէյրմէնճեանի անակնկալ ելոյթը պահ մը կախարդեց ներկաները ։ Ան իր մատղաշ ու հոգեթով ձայնով աշուղական երգարուեստէն երկու երգ հրամցուց`Սայաթ Նովայի “Չկայ Քիզի Նման” եւ Գուսան Շերամի “Պարտէզում Վարդ Էր Բացուած” երգերը եւ արժանացաւ բոլորին ջերմ գնահատանքին։

Տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ։ Ազգային յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Մարտօ Գաթըգլեան երգեհոնի ընկերակցութեամբ հալէպէն` Ներսէս Թօփճեանի։

Ազգային եւ հայրենասիրական զգացումներով յախուռն պահ մը ապրեցաւ դամասկահայութիւնը յագեցնելով ծարաւը ազգայնաշունչ ոգիին։ Ակնյայտ էր մանաւանդ նորահաս սերունդի ազգային ոգիի դրսեւորումը , բեմահարթակ բարձրացան եռագոյն դրօշակներ ձեռքերնին ու միացան երգիչին առկայծ պահելով Մայիսեան սխրանքներու շունչն ու ոգին ։

Տօնակատարութեան ընթացքին Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդը իր սրտի խօսքը ուղղեց ուրախութիւն յայտնելով ներկայ գտնուելու Մայիս 28-ի այս գեղեցիկ տօնախմբութեան, դիտել տալով , որ այն ժողովուրդները , որոնք չեն յիշեր իրենց անցեալի պատմութիւնը ապագայ չունին, իսկ հայ ժողովուրդը յիշելով իր անցեալի սխրալի պատմութիւնը, անկախ հայրենիք ունենալու երազի իրագործումը կը շարունակէ գոյեատեւել որպէս անկախ պետութիւն, հարկ է միասնականութեամբ պահպանել անկախութիւնը։

Հուսկ , տօնակատարութեան աւարտին Հոգեշ. Տէր Արմէն Վրդ. Գալայճեանը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն , փոխանցելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ.Տէր Մակար Արք.Աշգարեանի բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնները եւ այս ուրախ առիթով շնորհաւորեց բոլորին անկախութեան տօնը ։ Հայր Սուրբը բարձր գնահատեց “Ահարոնեան” կեդրոնի կազմակերպչական աշխատանքը սոյն տօնակատարութեան յաջողութեան համար։ Ակնարկելով Հայաստանի ներկայ ճգնաժամին Հայր Սուրբը ըսաւ.« Այսօր մեր անկախ հայրենիքը կը գտնուի բազմապիսի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման , 1918-ի անկախութենէն մինչ այսօր նման արտասովոր ճգնաժամի դիմաց չէր յայտնուած . այսօր ամէն բանէ աւելի կարիքը ունինք Արամներու եւ Դրօներու , որոնք իրենց արեան գնով , արհամարհելով մահը նուաճեցին յաղթանակները եւ կերտեցին անկախ հայաստանը ։ Կը զօրակցինք հայրենիքին եւ մեր աղօթքներն ու ընդվզումի ձայնը կը բարձրացնենք Աստուծոյ , հաւատալով , որ շուտով պիտի վերականգնենք անկախութիւնը »։
Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ Հայր Սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով։

Սարդարապատի խորհուրդը անկորնչելի է, իսկ պատգամը՝ աւելի քան երբեք այժմէական, երբ դրուած է երկու հայկական պետութիւններուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշխանութեան , հողային ամբողջականութեան եւ գոյատեւման գերխնդիրները։

Շնորհաւո՛ր տօնդ, անկա՛խ Հայրենիք։
Փա՛ռք ու պատի՛ւ անկախութեան կերտիչներուն։
Փա՛ռք ու պատի՛ւ անկախութեան ճանապարհին ինկած բիւրաւո~ր նահատակներուն։
Փա՛ռք ու պատի՛ւ հայ ժողովուրդի ազատատենչ պայքարին։

Սոնա Անտրեան