«Դրօշակի» ընթերցողը համացանցի վրայ արդէն կրնայ ընթերցել պաշտօնաթերթի սոյն թուականի 5-րդ թիւը: Հետեւելով Հայաստանի համար ճակատագրական այս օրերուն երկրի մէջ ծաւալող ներքաղաքական իրադարձութիւններուն «Դրօշակի» առաջնորդողը, ինչպէս եւ յաջորդող քաղաքական յօդուածը անդրադարձ են «Սրբազան շարժումի» նշանակութեան՝ դէպի անդունդ գլորուող երկրի ներկային ու ապագային համար:
Վերջին շրջանին կարելի է հանդիպիլ վերլուծութիւններու, ըստ որոնց այսօրուան եւ հարիւր տարի առաջուան հայոց երկրի մեծ կորուստները պայմանաւորուած են տուեալ ժամանակահատուածներու իշխանութիւններու հակառուս ու արեւմտամէտ քաղաքականութեամբ: Պատմաբան Անի Մելքոնեան փաստերու շարադրումով կ’ապացուցէ, որ այս համեմատութիւնը միանգամայն անհիմն է, որ անցած դարասկիզբին Հայաստանը զոհ դարձաւ պոլշեւիկաքեմալական դաւին̀ այն պարագային, երբ ներկայիս թրքամէտ իշխանութիւնը արտաքին թելադրանքով կը հրաժարի երկրի անվտանգութեան կռուաններէն եւ Հայաստանը կը վերածէ հակառուսական ճակատի:
Հայաստանի ներկայ բարոյաքաղաքական մթնոլորտի եւ համազգային ճիգով առկայ իրավիճակը յաղթահարելու անհրաժեշտութեան մասին կը գրէ Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան:
«Դրօշակի» այս թիւին մէջ կրկին անդրադարձ կայ սփիւռքի նիւթին: Սփիւռքի եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման մասին իր մտորումները կը ներկայացնէ Սարգիս Մահսէրէճեան:
Ծաւալուն թղթակցութեամբ պաշտօնաթերթի այս թիւին մէջ Հրազդան Զէյթլեան կը ներկայացնէ Հայաստանեան հանրութեան քիչ ծանոթ ուսուցիչ, մտաւորական եւ պատմաբան-հետազօտող Սոնա Զէյթլեանը:
Վրէժ Արմէնի հերթական «Ընկերական զրոյցը» կը վերաբերի մարդուժ պատրաստելու հարցին: Եթէ փորձենք պահ մը անդրադառնալ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ այսօր ստեղծուած իրավիճակին ակնյայտ կը դառնայ, թէ որքան կարեւոր ռազմավարական հարց է մարդուժի (կարելի է թերեւս ըսել նաեւ անձնակազներու) պատրաստման հարցը, թէ մեր պետութեան եւ թէ սփիւռքի համար:
«Դրօշակ»ի 2024թ հինգերորդ թիւը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէով:

«Դրօշակ» թիւ 5, 2024թ.