Կիրակի, 9 Յունիս 2024-ի առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, Բերիոյ հայոց Թեմի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու ներքնասրահներուն մէջ տեղի ունեցան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի լրացուցիչ ընտրութիւնները ժողովրդային քուէարկութեամբ։

Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի օրհնութեամբ, Ազգ. երեսփոխաններու լրացուցիչ ընտրութեան կեդրոնական յանձնախումբի եւ պետական պատկան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հսկողութեամբ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ 18 տարիքը ամբողջացուցած հայորդիները խուռներամ ներկայութեամբ կատարեցին Ազգ. Սահմանադրութեամբ ճշդեալ իրենց իրաւունքն ու պարտականութիւնը՝ ընտրելով 12 նոր անդամներ։

Քուէարկութեան աւարտին ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբը Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգ. Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի եւ թեկնածուներու ներկայութեան ամփոփեց եւ յայտարարեց ընտրական կեդրոններու արդիւնքը:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ ընտրուեցան`

1-Անժէլ Գարաճեան-Պօշկէզէնեան
2-Արշօ Գաւլաքեան-Քիլիսլեան
3-Ռաֆֆի Թանաշեան
4-Սունպուլ Սունպուլեան
5-Սարգիս Կիրակոսեան
6-Հրայր Թրթռեան
7-Հայկազ Ասատուրեան
8-Մանօ Տէր Մանուէլեան
9-Յովսէփ Էլէյճեան
10-Հուրի Ազէզեան
11-Վրէժ Եագուպեան
12-Զարմիկ Չիլ Աբօշեան-Պօղիկեան։

 

Հալէպ, 9 Յունիս 2024
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի