Լոյս տեսաւ արձակագիր, բանաստեղծ Մարուշ Երամեանի քերթողական նոր գիրքը՝ «Տարփանք», Գահիրէ, 2024, Nubar Digital, 60 էջ, չափը 14×24 սմ.։
Գիրքը ենթախորագիր մըն ալ ունի՝ «Երգեր Հրկիզուող Գիշերներու»: Վերջին երկու տարիներուն գրուած քերթուածներ են, սիրոյ մասին ընդհանրապէս, բայց մանաւանդ սէր-գիր ներհիւսուածքին մասին:
Առաջին էջը այս երեք տողերը ունի.
Արդէն այնտեղ
ուր երազները աւելի իրական են
քան իրականութիւնը
Ստորեւ օրինակ մը քերթուածներէն.
ԳԻՇԵՐ
Կու գայ միշտ ծածուկ անլսելի անտես
Կարծես ես «միւս» կինը ըլլայի
Այս պարտէզը գիշերները կը ծաղկի
-ողկոյզները մութին է որ կը հասնին-
Մեղր կը ծորի
Լռութիւնը կը հեւայ
Գինարբուքի ձայները շա՜տ հեռու են
Այստեղ հողը կը դողայ
Այգեստաններ հրկիզուած
Ամէն գիշեր
Սենեակը կը խճողուի
Պարոյկներով գունաւոր
Որոնք կու գան հեռուներէն
Կը հաւաքուին
Օրը երկտակ հանդերձի պէս
Ինքն իր վրայ կը փլչի
Ոսկեգոյն պատասխաններ
Քնքուշօրէն փայփայուած
Արդէն չկան
Կամ
Կան
Քարանձաւի խոնաւութեան
Ժանգ կապած
Արեւն անգամ ափսոսանքով կը յիշէ
Պատուհաններէն տեսածը
Հիմա միայն մութը արծաթ
Ոտաբոպիկ քայլերը անարձագանգ
Պատեր ծանր՝ նկարներով
Անկողինը՝ պարապութեամբ
Արծաթ վարսը դալուկ դէմքին
Պարեգօտը թափանցիկ
Գեղեցկութեան ուրուագիծ
Գօտին՝ դարպաս տակաւին
Բայց ոչ շշուկ ոչ ոտնաձայն
Մութը միայն
Հիացիկ