Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ դատապարտեց իսրայէլեան բանակին կողմէ Կազզայի «Նսերաթ» բնակավայրին մէջ իրագործուած ոճիրը, որուն հետեւանքով նահատակներ եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան։

Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ առաւելաբար յիշուեցաւ.

«Իսրայէլեան ահաբեկչական բանակն ու յանցագործ կառավարութիւնը կը շարունակեն անմարդկային ոճիրներ գործել Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ։ Անոնք «Նսերաթ» բնակավայրին վրայ յարձակեցան, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան 274 նահատակ եւ 698 վիրաւոր։
Սուրիա կը շարունակէ Պաղեստինի կողքին կանգնիլ, կը դատապարտէ Իսրայէլի սիոնիստական համակարգը եւ անգամ մը եւս կը շեշտէ Իսրայէլն ու անոր կառավարութիւնը պատիժի ենթարկելու կարեւորութիւնը»։