Երկուշաբթի, 11 Յունիս 2024-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս ազգային ծառայութիւն ունեցած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ» շքանշանակիր, ԱՄՆ-էն ժամանած հալէպահայ Տիրան Գըլըճեան, իր տիկնոջ Սօսիին հետ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, այցելուները շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը՝ Արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ բեղմնաւոր ու օրհնաբեր ծառայութիւն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս։

Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք մաղթեց անոնց։