Առաջին անգամ ըլլաով Դամասկոսի Պետական Համալսարանը բրիտանական «Թայմզ» թերթի դասակարգումին մէջ դիրք կը գրաւէ: «Թայմզ» թերթի դասակարգումը համաշխարհային գետնի վրայ ուսումնական հետազօտական կարեւորագոյն դասակարգումը կը համարուի:
Այս առիթով, Դամասկոսի պետական համալսարանի դասակարգումի գրասենեակի տնօրէն դոկտ. Մարուան Ռաաի յայտնեց, որ «Թայզմ»-ի դասակարգումը մասերու կը բաժնուի, ներառեալ «ազդեցութեան» բաժինը եւ արաբական ու ասիական բաժինը: Ան աւելցուց, որ Դամասկոսի Պետական Համալսարանի դասակարգումը եկաւ «ազդեցութեան» բաժինին մէջ, ուր համաշխարհային լաւագոյն 2000 համալսարաններէն գրաւեց 1001-1500 դիրքը:
Ռաաի յայտնեց, որ այս դասակարգումը հիմնուած է աւելի քան 123 չափանիշի վրայ, ինչպէս ուսումնական ընթացքի որակը, գիտական հետազօտութեան վերաբերող չափանիշները եւ սեռի հաւասարութեան վերաբերող այլ չափանիշներ: