ՀՄԸՄ-ի Հալէպ մասնաճիւղը բաւական դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք, վերջին տարուան ընթացքին նուաճումէ նուաճում անցաւ իր աշխատանքի, կառոյցի եւ մրցումներու ոլորտներուն մէջ նկատելի յառաջընթաց արձանագրելով, ինչ որ ուշադրութիւնը գրաւեց նաեւ սուրիական լրատուամիջոցներուն ու մարզիչներուն։
Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2024-ին, մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի պասքեթի տղոց խումբը Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան Ա. դասակարգ բարձրացաւ։ Այս մէկը բարոյական եւ աշխատանքային մեծ յաղթանակ մըն էր, որ դափնեպսակով օժտեց ՀՄԸՄ-ը եւ հպարտութեամբ լեցուց աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ականները։
Այս առիթով «Գանձասար» հարցազրոյցներով լուսարձակի տակ առաւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի վերջին շրջանի նուաճումները։
Առաջին հարցումը ուղղեցինք ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արամ Աւետիսեանին։
«Գանձասար»- Տոքթո՛ր Արամ, ՀՄԸՄ-ը պանծալի յառաջընթաց ապրեցաւ վերջին շրջանին, ինչ որ խրախուսիչ երեւոյթ էր ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ ողջ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին համար։ Կը ներկայացնէ՞ք խնդրեմ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի վերջին չորս տարիներու տարբեր ոլորտներու իրագործումները։
Բարեբախտաբար աշխատանքով կարելի եղաւ յառաջ տանիլ միութեան տարբեր ոլորտներու գործունէութիւնն ու կառոյցը։ Բացատրեմ փուլ առ փուլ տարուած աշխատանքները։
Ա) ՀՄԸՄ-ի դաշտերու վերանորոգման առումով։
Չորս տարուան վարչութեան հսկայ աշխատանքը դժուար է ամփոփել քանի մը տողերով, որովհետեւ մասնակի հոգատարութեամբ, լքուած կառոյցի մը նորոգութիւնը մեծ աշխատանք կը պահանջէր։ Երանի վաւերագրական տեսերիզ մը ունենայինք, որպէսզի կարենայինք պատկերացնել տարուած հսկայ աշխատանքը։
Ինչեւէ, պասքեթի դաշտին պարագային չէինք կրնար գործի անցնիլ, մինչեւ դաշտի նորոգութեան առնչուող դատական աշխատանքի աւարտը։ Երբ իրաւաբան Սունպուլ Սունպուլեան հաղորդեց, որ նորոգութեան ընթացքը կարելի է սկսիլ, անմիջապէս անցանք գործի ու յարմարագոյն պիտոյքները ապահովեցինք: Դաշտին սալայատակը ահռելի վիճակի մէջ էր նախկին երկրաչափին սխալներուն հետեւանքով, այս պատճառով դաշտի արտը յղկուեցաւ ու վերստին տեղադրուեցան parke-ները։ Քանի մը ամիսէն մեր մարզաւանը օժտուած էր պասքեթպոլի արդիական, շքեղ դաշտով, ուր ընթացք առին բոլոր խումբերուն փորձերը։
Ֆութպոլն ալ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող մարզաձեւ մըն է, հետեւաբար մտածեցինք ունենալ նաեւ Ֆութպոլի արդիական դաշտ մը։ Այստեղ դժուարութիւնը կրկնապատիկ էր, բաղդատաբար պասքեթի դաշտին։ Առաջին դժուարութիւնը այն էր, որ տարածքը պարզապէս տափարակ դաշտ մըն էր, իսկ երկրորդը՝նիւթական հսկայ գումարն էր, որ տակաւին չէինք կրցած ապահովել։
Այս դժուարութիւններէն մեկնելով կազմեցինք յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղէր նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու միջոցներով եւ դաշտի նորոգութիւնը սերտելով: Բարեբախտաբար, կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ականներու հետ կապ հաստատուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան հովանաւորութեամբ։ Նիւթականը ապահովելով անցանք գործի՝ տարածքին վրայ տեղադրելով խոտ ու առաստաղ։ Այսպիսով ունեցանք ֆութպոլի շատ գեղեցիկ դաշտ մը։
Այստեղ շնորհակալութեան խօսք ունինք յատկապէս սուրիահայ աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ականներուն՝ իրենց նիւթական եւ բարոյական անսակարկ աջակցութեան համար։
Այս միջոցին մեր մարզաւանի միւս բաժինները՝ ճատրակի սրահը, ճաշարանը՝ ամառնային եւ ձմեռնային բաժիններով, հանդերձարանները, խումբերուն յատկացուած սենեակները եւ բոլոր շտեմարանները, որոնք լեցուած էին հին ապրանքով, բոլորը հոգատարութեան տակ էին։ Հսկայ աշխատանք էր մանաւանդ մաքրութիւնը շտեմարաններուն (200 մեթր տարածութիւն), որոնք տարիներու կուտակուած ու լքուած ապրանքով լեցուած էին:
Այս բոլորին կողքին անհրաժեշտ էր նաեւ ձմեռնային ճաշարանի առաստաղին նորոգութիւնը, որովհետեւ նախկին առաստաղն ու երկաթները դարձած էին անգործածելի։ Յիշենք, որ այս վերջին բաժինին նորոգութեան օժանդակութիւնը ստացանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէն։ Այնուհետեւ սարքաւորուեցաւ ամառնային բաժինը եւ գեղեցկացաւ բոյսերով, ծառերով ու պատշաճ լուսաւորումով։
Այստեղ կարեւոր կը համարեմ յիշել, որ մեր բոլոր ուղեկից միութիւնները մեր դաշտերն ու ճաշարանը կ’օգտագործեն ձրիաբար, առանց որեւէ արգելքի։
Բ) ՀՄԸՄ-ի Ճատրակի խումբերու աշխատանքին գծով։
Սկիզբը ճատրակի խումբերուն յատկացուած էր ՀՄԸՄ-ի մարզաւանէն ներս սրահ մը, բայց ետքը ուզեցինք ճատրակը փոխադրել «Ս. Վրացեան» կեդրոն, որպէսզի այնտեղ շարունակուին դասընթացքները, նկատի ունենալով, որ վերջինս կը գտնուի հայաբնակ շրջանի մը մէջ:
Ունինք 50 ճատրակ խաղացողներ, որոնց մեծամասնութիւնը կրտսերներ եւ պատանիներ են։ Երիտասարդ կամ երէց տարիքի խաղացողներ չունինք՝ անոնց գործին եւ ուսումին բերումով։ Այդուամենայնիւ յատկանշական մեր մասնակցութիւնը բերինք Հալէպի ճատրակի բոլոր ախոյեանութիւններուն,նոյնիսկ առցանց մրցաշարքերուն։ Ու հակառակ որ ճատրակի մրցոյթները տեսակաւոր են եւ ճիւղաւորումները՝ շատ, բոլորին ալ կը մասնակցինք, իսկ մեր խաղացողները առաջին դիրքերու վրայ են միշտ։
Գ) Ֆութպոլի խումբի ոլորտէն ներս։
Երբ վարչութիւնը ստանձնեց ֆութպոլի խումբերը, վիճակը ուրախալի չէր զանազան պատճառներով՝ ՀՄԸՄ-ական խաղացողներու նուազ թիւը, փոխարէնը օտար խաղացողներով լեցուած էին մեր խումբերը, մանաւանդ երէցներու խումբը։ Վարչութիւնը որոշում առաւ դադրեցնել այս երեւոյթը, բայց այս հսկայ գործը հանգրուանային քայլերով պէտք էր իրականանար։ Շատ մը դժուարութիւններու հանդիպեցանք, որովհետեւ պատասխանատուները չկրցան դիւրաւ ընկալել այս գաղափարը, պէտք է յիշել որ վարչութիւնը իր շրջանի առաջին երկու տարիներուն մօտէն չկրցաւ ֆութպոլով հետաքրքրուիլ, ինչ որ մեր թերութիւններէն մէկն էր, վստահած էինք անձերու, որոնք իրենք զիրենք չարդարացուցին, բայց կ’ընդունինք որ մենք ենք պատասխանատուն։
Ֆութպոլի իրավիճակը վերջին երկու տարիներուն բարելաւուեցաւ շատ մը առումներով, օրինակ՝ անհետացան արդիւնքի շատ մեծ տարբերութեամբ խաղերու պարտութեան երեւոյթները։ Ներկայիս ունինք թիւով 125-էն 150 խաղացողներ, որոնց մեծամասնութիւնը ՀՄԸՄ-ական է, շատ փոքր թիւով օտար խաղացողներ ներգրաւած ենք, հարկ եղած տեղերը միայն, անհրաժեշտ է յիշել նաեւ, որ բոլորովին զանց առնուած են վճարովի խաղացողները։
Ունինք երէցներու, երիտասարդներու, պատանիներու, կրտսերներու եւ փոքրերու խումբեր, որոնք կը վայելեն մեր մարզադաշտը։ Անցեալին շատ մը դժուարութիւններ ունէինք այս գծով։ Մեր խաղացողները օտար դաշտերու վրայ փորձ կ’ընէին, վճարումներ կ’ըլլային, փոխադրամիջոցներ կ’օգտագործուէին, եւ շնորհիւ մեր մարզաւանի ֆութպոլի դաշտով օժտուելուն, այս բոլորը շրջանցեցինք։ Այժմ մեր խումբերը բաւական զարգացած են եւ զօրաւոր խումբերու դէմ նոյնիսկ կը հաւասարին կամ քիչ տարբերութեամբ կը պարտուին, ինչ որ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ շատ լաւ կը համարուի։ Կը յուսանք, որ յաջորդ տարիներուն, նոյնիսկ եթէ ոչ պասքեթպոլին չափ, մեր ֆութպոլի խումբերն ալ շատ լաւ դիրքերու հասնին, որովհետեւ, ինչպէս գիտենք, ֆութպոլը աւելի դժուար է խաղացողներու թիւին բերումով. այստեղ կարիք ունինք 11 խաղացողի՝ ներկայ զօրաւոր ֆութպոլի մեծաթիւ խումբերուն դիմաց։ Այս պատճառներով աւելի դժուար է առաջին դասակարգ հասնիլը։
Դ) Պասքեթի խումբերու յառաջընթացին, յատկապէս վերջին յաղթանակին, Սուրիոյ առաջին կարգի խումբերու մակարդակին բարձրանալուն գծով։
Չորս տարի առաջ երբ կազմուեցաւ վարչութիւնը, պասքեթի թէ՛ աղջկանց, եւ թէ տղոց խումբերը անորոշ վիճակի մէջ էին: Մանաւանդ տղոց խումբը անկազմակերպ էր եւ լեցուած՝ օտար ու այլազգ խաղացողներով։ Հետեւաբար վարչութիւնը ստիպուած էր իր կարողութենէն աւելի վճարումներ ընել, ինչ որ այդ օրերուն անտեղի եւ անիմաստ կը թուէր, որովհետեւ այս բոլոր ջանքերը ապարդիւն էին, խումբը տեղքայլի մէջ կը մնար:
Այս պատճառներէն մեկնելով վարչութիւնս որոշեց վերջ տալ արհեստավարժութեան, որուն հետեւանքով շատ մը գնահատանքներ ստացանք ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կողմէ: Նոյն մեր ստանձնած տարին տղոց խումբը Ա. դասակարգէն իջաւ Բ. դասակարգի, որուն հետեւանքով բաւական քննադատութեան ենթարկուեցանք: Ատկէ ետք մեր առաջին քայլը եղաւ աղջկանց խումբը բարելաւել, անոր ապահովելով լաւ մարզիչ եւ թեթեւ ծախսերով յառաջ տանիլ խումբը՝ ինքնաբերաբար բարձրանալու Ա. դասակարգ, որովհետեւ այս խումբին մէջ ունէինք փոքր տարիքով շատ լաւ խաղացողներ։ Ու հասանք մեր նպատակին, 2023-ին աղջկանց խումբը բարձրացաւ Ա. դասակարգ:
Այս բարձրացումին ընդառաջ մեզի պարտադրուեցաւ օտար խաղացողներով օժտել խումբը, սակայն վարչութիւնը մասամբ մերժեց այս մէկը ու ահաւասիկ խումբը հասաւ Սուրիոյ ախոյեանութեան՝ մեր ՀՄԸՄ-ական խաղացողներուն ջանքերով:
Այս տարի, նկատի ունենալով որ Ա. դասակարգի մրցոյթները աւելի բարձր մակարդակի են, վարչութիւնս որոշեց խումբին յատկացնել յաւելեալ նիւթական բաժին մը, որովհետեւ տակաւին նպատակ չունէինք տղոց խումբը բարձրացնելու Ա.դասակարգ: Այսպիսով չորս օտար խաղացողներ մաս կազմեցին խումբին, նաեւ մեր ՀՄԸՄ-ական խաղացողներէն ոմանք վճարովի խաղցան: Հակառակ, որ այս վճարումները վարչութեան կարողութենէն վեր էին եւ դժուարութեամբ պիտի կարենայինք ապահովել զանոնք, բայց ժամանակ մը ետք, վերոյիշեալ խաղացողները անհամաձայնութեան հետեւանքով դադրեցան խումբին մաս կազմելէ: Մնաց միայն մէկ օտար խաղացող, որ բաւական օգտակար դարձաւ խումբին ու մնացինք Ա.դասակարգ։ Խումբը, սակայն, մեր ակնկալած արդիւնքին չհասաւ: Ի միջի այլոց, տղոց խումբը շատ լաւ արդիւնքներ եւ յաջողութիւններ ձեռք կը ձգէր: Յատկանշականը այն էր, որ այս յառաջդիմութիւնը արդիւնք էր խաղացողներուն եւ մարզիչին առողջ գործակցութեան։ Այսպիսի խումբ հազուադէպ երեւոյթ էր:
Կազմակերպչական գետնի վրայ շատ մեծ դեր չունեցանք, մանաւանդ յանձնախումբին դերակատարութիւնը բաւարար չտեսանք, սակայն նիւթական դժուարութիւնը արդէն լուծուած էր մեր բարերարին՝ Անտոն Անտոնեանի շնորհիւ:
Այս խումբը բարձրացաւ, որովհետեւ արժանի էր։ Այս մէկը տեսնելով վարչութիւնը ջանք չխնայեց թեւ թիկունք կանգնելու խումբին: Ամենակարեւորը մեր համակիրներուն քաջալերանքն ու խրախուսանքն էին, որոնք երկար տարիներէ ի վեր չէին տեսնուած: Անոնց քաջալերանքը եղաւ թէ՛ նիւթապէս, թէ՛ բարոյապէս:
Այս համախմբումը, որուն հիմնական նպատակն է հայապահպանումը, դժուար է գտնել ուրիշ միջավայրի մէջ։ Ասիկա միջոց մըն է ազգային ոգին ու ապրումները վերակենդանացնելու:
Այս բոլորէն քաջալերուելով, եկող տարուան մրցոյթներուն մենք հիւր պիտի չըլլանք: Մեր նպատակը պիտի ըլլայ բարելաւել մեր խումբը, ապահովելով նիւթական կարիքները՝ համագործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան հետ, որովհետեւ ունինք հիմնական տուեալները՝ մարզիչ, խաղացողներ, վարչութիւն եւ յանձնախումբ: Պէտք է խումբը օժտել նաեւ օտար եւ տեղացի խաղացողներով, որպէսզի մեր խաղացողներուն կողքին կարենանք մրցիլ Ա.դասակարգի խումբերուն հետ։Այս բոլորը պարտինք իրագործել, որովհետեւ այսուհետեւ խումբը եւ ակումբը լուսարձակի եւ մամուլի ուշադրութեան առարկաները պիտի դառնան։
Ուստի, կը խոստանանք պատուաբեր արդիւնքներով դուրս գալ, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը չի նմանիր այլ ակումբներու: Մեզ միացնողը ապրումն ու պատկանելիութիւնն են, որոնք նաեւ մեզի հետ կը համախմբեն օտար խաղացողները:
Մեր երկրորդ հարցումը ուղղեցինք պասքեթի տղոց Խումբի մարզիչ՝Մանօ Մարգարեանի։
«Գ.»- Լաւ մարզիչը կը զատորոշուի հաստատուն կապեր ունենալով թէ՛ ակումբի վարչութեան եւ թէ՛ խումբի խաղացողներուն հետ, որպէսզի համագործակցաբար խումբը հասցնէ սպասուած ախոյեանութեան։ Այս գծով ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպեցաք եւ ինչպէ՞ս կրցաք յաղթահարել զանոնք:
Մանօ Մարգարեան-Շրջանի սկիզբը վարչութիւնը յստակ մէկ նպատակ ունէր, որն էր խումբը հասցնել ախոյեանութեան եւ բարձրանալ առաջին դասակարգ: Վարչութիւնը ուզեց խումբը օժտել որակաւոր խաղացողներով, բայց նկատի ունենալով տնտեսական ներկայ դժուար պայմանները, որոշ դժուարութիւններ դիմագրաւեց:
Որպէս խումբի մարզիչ, իւրաքանչիւր խաղացողի հետ զրուցելէ ետք, անոնցմէ շատեր փափաքեցան սիրայօժար, նուիրաբար խաղալ, որովհետեւ բոլորն ալ կը գիտակցէին, թէ մէկ նպատակի համար համախմբուած են։ Անոնց միասնականութեան արդիւնքը այսօր կը տեսնենք արդէն։ Կ’ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արամ Աւետիսեանին եւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամ եղբ. Կարօ Պարմաքսըզեանին, որոնք միշտ մեր կողքին էին եւ իրենց կարելին ըրին, որպէսզի խումբը հասնի Սուրիոյ ախոյեանութեան։
Մեր վերջին երկու հարցումները ուղղեցինք Խումբի խմբապետ, խաղացող Սեպուհ Խարաճեանին։
«Գ.»- Իբրեւ խմբապետ ի՞նչ էր ձեր դերակատարութիւնը խումբի յառաջընթացին մէջ։ Ինչպէ՞ս ընկալեցիք խումբին հոգեբանութիւնը եւ տրամադրութիւնը։
Սեպուհ Խարաճեան-Իմ կարծիքով այս յաջողութիւնը նախ կը պարտինք խումբ, մարզիչ, վարչութիւն եւ տնօրէն մեր ամուր գործակցութեան, որ ոչ մէկը ճիգ խնայեց հասնելու այս յաղթանակին։ Պարտական ենք յատկապէս ՀՄԸՄ-ի աշխոյժ համակիրներուն, որոնք նոյնիսկ ճամբորդելով այլ նահանգներ քաջալեր հանդիսացան խումբին։
«Գ.»- Թէեւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթի նախանցեալ խումբերուն մաս կազմած էիք, սակայն անցեալ տարի մաս չէիք կազմած անոր ու այս տարի վերադարձաք մայր ակումբ։ Ի՞նչ փոխուած էր…
Ս.Խ.- նախ այս փափաքը ինձմէ ծնունդ առաւ, չեմ կրնար ուրանալ մարզիչին, վարչութեան եւ յատկապէս հօրս դերը։ Անոնց մշտական մղումով վերադարձայ ՀՄԸՄ։ Յոյսով եմ, որ այս յաղթանակով պիտի չբաւարարուինք եւ պիտի ձգտինք մեր խումբը փայլեցնել առաջին աստիճանի մակարդակի մրցաշարքին մէջ եւս։
Աւարտին ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի Վարչութեան անունով կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նախ «Գանձասարին», որ լուսարձակի տակ առաւ մեր քառամեայ աշխատանքը։ Մասնաւոր շնորհակալութիւն Ռատիօ Երազին, որ թեւ թիկունք կը կանգնէր ու միշտ կ՚ընկերակցէր մեզի ոչ միայն Հալէպի, այլեւ Դամասկոսի մէջ եւս։ Շնորհակալութիւն մեր աննման համակիրներուն, մանաւանդ Հալէպի, Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ մէջ։ Շնորհակալութիւն քոյր միութիւններուն, որոնց կ՚ուզեմ ըսել, որ ՀՄԸՄ-ը միշտ պատրաստ է ծառայելու, երբ որ իր կարիքը զգացուի, իր մարզաւանով եւ իր վարչամեքենայով, առանց որեւէ ակնկալութեան։
Հարցազրոյցը վարեցին
«Գանձասար»-ի երիտասարդ լրագրողներու խումբէն՝
Սելա Պազարպաշեան, Արփի Արապանեան եւ Անդո Մութաֆեան