ԾԻՐԱՆԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ծիրանը քիչ ջերմուժ ունեցող պտուղ մըն է։
Ան կը պարունակէ շաքար, ինուլին, տեսակաւոր կենսանիւթեր, երկաթ, կալիում, մակնիզիում եւ ֆոսֆոր: Ծիրանի պարբերական օգտագործումը կ’օգնէ կանխելու վահանագեղձի հիւանդութիւնները:
Ծիրանը յատկապէս օգտակար է սրտանօթային համակարգի, երիկամներու հիւանդութիւններու եւ ճարպակալման պարագաներուն: Անիկա կը բարելաւէ յիշողութիւնը եւ կը բարձրացնէ ուղեղին աշխուժութիւնը:
Ծիրանի անուշը լուծողական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ օրկանիզմին վրայ, իսկ չիրը արեան մէջ գտնուող երկաթը կը կրկնապատկէ եթէ պարբերաբար օգտագործէք:
Ծիրանը կը բարեկարգէ մարսողութիւնը եւ նիւթափոխանակումը:
Ինչպէս թարմ, այնպէս ալ չոր ծիրանը լուծողական ազդեցութիւն ունի: Ծիրանի հիւթը բնականոն կը դարձնէ ստամոքսի թթուայնութիւնը:
Ծիրանը կը բարելաւէ տեսողութիւնը եւ մորթին վիճակը: Ան կ’օգնէ յաղթահարելու օրկանիզմի ընդհանուր թունաւորումը:
Ծիրանի օգտագործումը պէտք է սահմանափակել շաքարախտի, վահանագեղձի եւ լեարդի հիւանդութիւններու պարագային:
Անոր կորիզը պէտք չէ թափել, այլ օգտագործել օրական առաւելագոյնը 20 կրամի չափ միայն, այլապէս անիկա կրնայ մարմինը թունաւորել:
ԾԻՐԱՆԱՓՈՂ
Տուտուկը կամ ծիրանափողը հայկական փողային գործիք մըն է, որ նաեւ տարածուած է Միջին Արեւելքի մէջ։
Տուտուկը կը պատրաստուի ծիրանի ծառի փայտէն։ Փողի երկայնքը 28, 33 կամ 40 սմ. կ’ըլլայ։
2005-ին հայկական տուտուկի նուագը ճանչցուած է իբրեւ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան գլուխգործոց։
«ԾԻՐԱՆԻ ԾԱՌ»
Գիտէ՞ք, թէ «Ծիրանի Ծառ»-ը, հայկական ժողովրդական երգ է, պահպանուած է Կոմիտասի մշակումով։
«Ծիրանի ծառ» երգին մէջ կեանքի տխուր պատկեր կը  ստեղծուի՝ անճար, յուսահատ գեղջուկը գութ կ’աղերսէ բնութենէն։

ԾԻՐԱՆԻ ԾԱՌ

Ծիրանի՛ ծառ, բար մի՛ տա,
Վա՜յ.
Ճըգղերդ իրար մի՛ տա,
Վա՜յ.
Ամէն մէջըդ ման գալիս
Ցաւերըս իրար մի՛ տա։
Հա՛, տուէ՛ք, ե՛տ տուէ՛ք, սա՛րեր,_ հովն ընկաւ,
Սըրտիս խընդում ծովն ընկաւ.
Գընա, էլ ետ չըգայ էս տարուայ տարին,_
Սեւ տարտն իմ վըզովն ընկաւ։
Հո՜վ, հո՜վ, հովն ընկաւ,_
Սըրտիս խընդում ծովն ընկաւ։
Մեռա բաղում բանելէն,
Մի կողմէն ջուր անելէն,
Ծառերին թուփ չըմընաց,
Տարտիս դարման տանելէն։
 Հա՛, տուէ՛ք…
Սեւ ամպը գըցել ա հով,
Մութը տուել ա իմ քով.
Տեսնո՛ւմ էք՝ ինձ պատել ա
Էս անիրաւ արիւն ծով։
Հա՛, տուէ՛ք…
Նըստած տեղիս քար չունիմ,
Էրուած սըրտիս ճար չունիմ.
Ա՜յ անօրէն, փուչ աշխարհ,_
Բաղ ունիմ ու բար չունիմ։
Հա՛, տուէ՛ք…