ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյեանութեան զտման մրցումներուն, Սուրիոյ հաւաքականը Լաուսի մէջ 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Քորէայէն: Հանդիպումի միակ կոլը մրցակիցը նշանակեց 92-րդ վայրկեանին:
– Ռուսիոյ մէջ կայանալիք Պրեքսի Ողիմպիական մրցաշարքին, Սուրիոյ պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 7 մարզաձեւերով: Աւելցնենք, որ 60 երկիրներէ պիտի ներկայանան 4751 մարզիկներ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՂԱԶԱԽՍՏԱՆԻՆ ՅԱՂԹԵՑ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ընկերական խաղի մը ընթացքին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ դիմաւորեց Ղազախստանի ազգային հաւաքականը: Հայաստանի հաւաքականը կրցաւ պարտութեան մատնել Ղազախստանի հաւաքականը՝ 2 – 1 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրելով։ Առաջին կիսախաղին, Հայաստանի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստը նշանակեց Հայաստանի առաջին կոլը։ Երկրորդ կիսախաղին Հայաստանի ազգային հաւաքականի խաղացող Վահան Բիչախչեան կրկնապատկեց արդիւնքը։ Ղազախստանի հաւաքականը տուգանային հարուածով յաջողեցաւ նշանակել իր միակ կոլը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՉԱՒԻ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ՄԱՐԶԻՉՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ՏԱՆԻԼ ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԷՋ
Սպանիոյ փոխախոյեան Պարսելոնայի նախկին գլխաւոր մարզիչ Չաւի փափաք յայտնած է իր մարզական աշխատանքային յաջորդ փուլը շարունակել անգլիական ակումբի մը հետ, ըստ Sport.es-ի: 44-ամեայ սպանացի մասնագէտը պատրաստ է վերսկսիլ մարզիչական աշխատանքը, եթէ ստանայ առաջարկ Անգլիոյ Փրեմիէր լիկէն: Պարսելոնան Չաւիի ղեկավարութեամբ դարձած է Սպանիոյ ախոյեան եւ սուփըր գաւաթակիր։ Քաթալոնական ակումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնով Չաւին փոխարինեց Գերմանիոյ հաւաքականի եւ Պայերն Միւնէխի նախկին գլխաւոր մարզիչ Հանս-Դիտըր Ֆլիկը:
ԻԳԱ ՇՎԻՈՆՏԷԿ՝ ՌՈԼԱՆ ԿԱՐՈՍԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Աշխարհի առաջին դիրքը գրաւող, լեհաստանցի թենիսիստուհի Իգա Շվիոնտէկ դարձաւ Ֆրանսայի բաց առաջնութեան 2024 թուականի ախոյեան: Ան 8 Յունիսին, երկու բաժինով՝ 6 – 2, 6 – 1 արդիւնքով յաղթեց WTA-ի դասակարգման աղիւսակի 15-րդ հորիզոնականը գրաւող Եասմին Պաոլինիին։
Իգայի համար այս 4-րդ յաղթանակն է Ռոլան Կարոսի մէջ: Լեհ թենիսիստուհին այս մրցաշարքը յաղթած է նաեւ 2020, 2022 եւ 2023 թուականներուն։
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան