Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին նուիրած է երեք տօներ՝ Մուտն ի վիրապ, Ելն Ի Վիրապ եւ գիւտ նշխարաց։
Արդարեւ, Կիրակի, 16 Յունիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Ելն ի վիրապ եւ գիւտ նշխարաց տօները, նաեւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը յիշատակուեցաւ՝ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագով, որ մատուցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եւ թափօրով Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի:
Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան եւ Արժ. Տ. Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեան։
Պատարագի հոգեթով
շարականները հնչեցին եկեղեցւոյ դպրաց դասին կատարողութեամբ եւ դպրապետ բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի ղեկավարութեամբ:

Սրբազան Հօր հայրական պատգամին բնաբանն էր, օրուան աւետարանական հատուածէն քաղուած հետեւեալ համարը. «Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար սերունդ, նշան մը կ՚ուզէք. բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի ձեզի» (Մտ 12.39)։
Հայց. Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մեծ հայրապետին նուիրուած տօներուն ընդմէջէն Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ Ս. հայրապետը բարեխօս հանդիսանայ ողջ հայութեան՝ ի Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, որպէսզի Տիրոջ կենդանի ներգործութեամբ մարդոց միջեւ համերաշխութիւն տիրէ եւ աշխարհի մէջ՝ խաղաղութիւն։

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ այնպէս ինչպէս Հին Կտակարանի պատմութեան մէջ, երբ ժողովուրդը ճնշուածութեան, նեղութեան, դժուարութեան եւ բռնատիրութեան տակ իր ձայնը բարձրացուց առ Աստուած եւ Աստուած լսեց իր ձայնը եւ որպէս փրկիչ ղրկեց Մովսէս մարգարէն, նոյնպէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մեծ հայրապետը մեզի համար դարձաւ Մովսէս մարգարէ եւ հայ ժողովուրդը մեղքի եւ խաւարի ստրկութենէն դէպի լոյս եւ աստուածգիտութիւն առաջնորդեց։ Այսօր կը դիմենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին բարեխօսութեան, որպէսզի հայրենի ղեկավարները իմաստութեամբ եւ շնորհքով լեցնէ եւ զանոնք դարձի բերէ, որպէսզի հայրենիքի եւ ժողովուրդի բարիքին համար աշխատին։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ այնպէս ինչպէս Յիսուսի ժամանակ ժողովուրդի պատասխանատուները իրենց նախանձէն, ատելութենէն եւ թշնամութենէն մղուած մերժեցին Քրիստոսը եւ չհասկցան ու չճանչցան Անոր աստուածային զօրութիւնը, չկրցան ընդունիլ Անոր կատարած հրաշքներն ու բժշկութիւնները եւ մօտենալով՝ Իրմէ նշան մը ուզեցին, այսօր ալ ժողովուրդին մեծ մասը արտաքին նշաններ կը փնտռէ, սակայն, Տէրը ուրիշ նշան չի խոստանար տալ, բացի Յովնան մարգարէի նշանէն, որ երկու իմաստ ունի։ Յովնան մարգարէին երեք օր եւ երեք գիշեր կէտ ձուկին փորին մէջ մնալը եւ ապա դուրս գալը կ՚ակնարկէ Քրիստոսի Յարութեան։ Իսկ ժողովուրդի կեանքին հետ առնչուած՝ ապաշխարութեան, Աստուծոյ դառնալու, Աստուծոյ կամքին հնազանդելու եւ Անոր խոստումներուն համաձայն ապրելու հրաւէր կը տրուի, որովհետեւ ճշմարիտ ապաշխարութիւնը կը պակսէր ժողովուրդին մօտ եւ անոր պակասին պատճառով ժողովուրդի զաւակներուն սրտին մէջ բոյն դրած էր նախանձը, ատելութիւնը, թշնամութիւնը եւ չէին կրնար հաշտուիլ Աստուծոյ կամքին հետ։

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Հռոմայեցիներուն ուղղուած նամակի 8-րդ գլխուն մէջ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, թէ Օրէնքը տրուեցաւ որպէսզի մարդիկը արդարացնէր, Աստուծոյ մօտեցնէր եւ ճշմարտութեան առաջնորդէր, սակայն մարդիկ իրենց բնութեան տկար ըլլալուն պատճառով եւ մեղքի հակամէտ ըլլալով չկրցան Օրէնքը կատարել եւ Օրէնքը փոխանակ զիրենք ազատագրեր՝ զիրենք մահուան դատապարտեց։ Քրիստոս եկաւ, մեր մարդկային տկար բնութիւնը իր վրայ առաւ եւ մարդկային մարմինին մէջ դատապարտեց մեղքը, որպէսզի մենք, որ հոգեւորապէս կ՚ապրինք, կարողանանք ամբողջացնել աստուածային պահանջքը եւ փրկուիլ։

Սրբազան Հայրը բացատրեց, թէ ի՞նչ կը նշանակէ անհաւատարիմ եւ չար սերունդ եւ հին կտակարանեան մտածողութեան մէջ Աստուած ինչո՞ւ Իսրայէլի ժողովուրդը անհաւատարիմ կը կոչէ, նշելով, որ այնպէս ինչպէս ամուսնական կեանքին մէջ երբ այրը կամ կինը օրինական յարաբերութենէն դուրս կենակցութիւն կը կատարէ՝ կը շնայ, կը պոռնկանայ եւ անհաւատարիմ կը գտնուի, նոյնպէս Աստուած-մարդ հաւատքի յարաբերութեան մէջ երբ մարդիկ կը ձգեն զԱստուած եւ աշխարհին, նիւթականին, ժամանակաւորին կը դառնան, այլ խօսքով որեւէ բանի որ կը գրաւէ իրենց սիրտերը եւ կուռքի կը վերածուի՝ հոգեւոր շնութիւն կատարած կ՚ըլլան։
Ուստի, ամէն անգամ, որ Աստուծոյ կռնակ կը դարձնենք՝ անհաւատարիմ կը գտնուինք եւ հոգեւոր իմաստով կը շնանք, սակայն Աստուած մեզ ապաշխարութեան կը հրաւիրէ, որպէսզի անհաւատարմութենէն դուրս գանք եւ հաւատարիմ գտնուինք։ Այդ հաւատարմութիւնն է, որ Աստուած կ՚ակնկալէ եւ հաւատարիմ մարդն է, որ կը գնահատուի Աստուծոյ կողմէ։

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ապաշխարութեամբ եւ աղօթական կեանքով 13 տարիներ Խոր Վիրապին մէջ աղօթեց հայ ժողովուրդին համար եւ երբ դուրս եկաւ, աստուածային զօրութեամբ բժշկեց եւ հազարաւոր մարդիկ ապաշխարութեան հրաւիրելով քրիստոնեայ մկրտեց։ Հետեւաբար, որպէս արժանաւոր հետեւորդները Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին, մենք եւս հրաւիրուած ենք ապաշխարութեան եւ ծառայութեան։

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, սուրբերու մասունքներ պարունակող չորս խաչերով անդաստան կատարուեցաւ։ Հաւատացեալները երկիւղածութեամբ աղօթեցին հիւանդներու բժշկութեան եւ դժուարութեան մէջ եղող հայորդիներուն համար։