Ռուսիոյ ծայրագոյն արեւելքի Վլատեւիսթոք քաղաքին մէջ ընթացք առաւ Պրիքսի եւ անոր գործակից երկիրներու միջազգային միջկուսակցական ժողովի աշխատանքները: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 32 պետութիւններէ ժամանած 150 կուսակցական ներկայացուցիչներ, ներառեալ Սուրիոյ «Պաաս» կուսակցութիւնը:
Մասնակիցները առաջարկեցին քաղաքական, ապահովական, ֆինանսական, տնտեսական, մարդասիրական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ գործակցութեան գծով համաշխարհային մեծամասնութեան դերակատարութիւնը ամրապնդող գործնական քայլեր որդեգրել:
Ռուսիոյ մէջ «Պաաս» կուսակցութեան քարտուղար դոկտ. Պասսամ ալ-Շըպլի Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան խօսքը արտասանելով յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ գործակցութեան արմատները կը հասնին Ռուսիոյ կայսրութեան օրերուն, իսկ Վլատիմիր Փութինի նախագահութեան շրջանին այս յարաբերութիւնը ռազմավարական մակարդակի հասաւ։ Տարբեր ոլորտներու մէջ, յատկապէս՝ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պատերազմի, ուր Ռուսիա եւ Սուրիա միասնաբար պաշտպանեցին Սուրիոյ գերիշխանութիւնը:
Ան յայտնեց, որ Սուրիա վերջին տասնամեակին ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան դէմ պատերազմ մղեց, իսկ «Պաաս» կուսակցութիւնը պայքարեցաւ ծայրայեղական գաղափարախօսութեան դէմ, որ կը հասակէր ընկերային, մարդկային եւ բարոյական իր արժէքներուն։