ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՀՊԱՆԵԼ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Համաձայն «Յիշողութիւններ Ստեղծելու Արուեստը» գիրքի հեղինակ Մէյք Ուիքինկի, ուրախ յուշերը կարեւոր են հոգեկան առողջութեան համար։ Անոնք կ’ամրապնդեն մեր ինքնութեան եւ նպատակներու հիմքերը, կը պահպանեն մեր յարաբերութիւնները։ Ուրախ յուշերը ներկայ մեր երջանկութեան անքակտելի մասը կը համարուին։
Երբ երիտասարդ ենք, մէկէ աւելի քայլեր առաջին անգամ կ’առնենք ու այդ բոլորը կ’արձանագրենք մեր յիշողութեան պաստառին վրայ։ Ու այնքան ատեն որ կը մեծնանք, մեր երջանիկ պահերը, փորձառութիւնները մեր յիշողութեան պաստառին վրայ պէտք է պահենք, որպէսզի հետագային զանոնք յիշելով օգտուինք անոնց պարգեւած դրական զգացումներէն։
ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՌ ՊԱՀԵԼՈՒ ԵՕԹԸ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
Տարիքի յառաջացման հետ երբեմն կը մոռնանք, թէ ո՞ւր պահած ենք մեր ինքնաշարժի բանալին, որոշ մարդոց անունները դժուարութեամբ կը յիշենք եւ այլն։ Մի՛ մտահոգուիք։ Կիրարկեցէ՛ք այս պարզ միջոցները՝ ձեր յիշողութիւնը պայծառ պահելու եւ մոռացկոտութեան ախտէն մասամբ զերծ մնալու համար։
1.Ֆիզիքապէս աշխոյժ եղէ՛ք։
Ֆիզիքական աշխուժութիւնը կը բարձրացնէ արեան հոսքը դէպի ամբողջ մարմինը, ներառեալ ուղեղը, ուստի կրնայ օգնել վառ պահելու ձեր յիշողութիւնը։Առողջ յիշողութիւն ունենալու համար առողջապահութեան կեդրոններ կը թելադրեն շաբաթը առնուազն 150 վայրկեան չափական մարզանք ընել, արագ քալել, կամ շաբաթական 75 վայրկեան վազել: Նախընտրելի է, որ մարզանքը կիրարկուի ամբողջ շաբթուան ընթացքին: Եթէ ժամանակ չունիք լաւապէս մարզուելու, փորձեցէ՛ք օրուան ընթացքին քանի մը անգամ 10 վայրկեան զբօսանք կատարել:
2.Պահպանեցէ՛ք ձեր մտային աշխուժութիւնը։
Ինչպէս ֆիզիքական աշխուժութիւնը կը պահպանէ ձեր մարմինը, այնպէս ալ մտային աշխուժութիւնը պայծառ կը պահէ ձեր միտքը, կ’օգնէ ուղեղի լաւ աշխատանքին։ Աւելին. մտային աշխուժութիւնը կ’օգնէ կանխելու յիշողութեան որոշակի կորուստը: Ուստի լուծեցէ՛ք խաչբառներ, կարդացէ՛ք, խաղեր խաղցէ՛ք, երաժշտական գործիք մը նուագեցէ՛ք, կամաւոր ծառայութեան նուիրեցէ՛ք որոշ ժամեր, նոր լեզու սորվեցէ՛ք եւ այլն։
3. Ժամանակ անցուցէ՛ք բարեկամներու հետ։
Ընկերային յարաբերութիւնը կ’օգնէ զերծ մնալու ճնշուած վիճակներէ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ յիշողութեան կորուստին: Ուստի ժամանակ տրամադրեցէ՛ք սիրելիներու, բարեկամներու, գործընկերներու հետ զրուցելու, հաճելի պահեր անցընելու եւ այլն, յատկապէս եթէ առանձին կ’ապրիք։
4. Կազմակերպուած եղէ՛ք։
Եթէ ձեր տունը, կամ կեանքը խառնաշփոթ վիճակի մէջ է, աւելի մեծ հաւանականութիւն ունիք յիշողութեան տկարացման։ Ծրագրեցէ՛ք ձեր առօրեան, օրացոյց, օրատետր եւ ժամացոյց օգտագործեցէ՛ք, բարձրաձայն կարդացէ՛ք ձեր ծրագիրը, որպէսզի ձեր միտքը պահէք զայն։ Ձեր դրամապանակը, բանալիները, բջջային հեռաձայնը, ակնոցը եւ այլ անհրաժեշտ իրեր պահեցէ՛ք յատուկ տեղ մը, որպէսզի դիւրաւ գտնէք զանոնք:
Քանի մը գործ նոյն պահուն իրագործել մի՛ փորձէք։ Եթէ տեղեկութիւն մը մտապահել ուզէք, զայն կապեցէ՛ք դէպքի մը կամ անձի մը հետ, որպէսզի հետագային ձեր միտքը չչարչրկէք ու դիւրաւ յիշէք։
5. Լաւ քնացէ՛ք։
Անբաւարար քունը պատճառ կը դառնայ յիշողութեան աստիճանական կորուստին: Նոյնը կրնայ ըլլալ անհանգիստ քնանալու պարագային: Հետեւաբար առաջնահերթութիւն դարձուցէ՛ք բաւարար ու առողջ քունը: Մեծերը պէտք է գիշերը 7-9 ժամ քնանան: Եթէ քունը խանգարող ազդակներ կան, բժիշկի դիմեցէ՛ք եւ բուժուեցէ՛ք։
6. Առողջապահական սննդակարգի հետեւեցէ՛ք։
Առողջապահական սնունդը օգտակար է ուղեղին։ Կերէ՛ք պտուղ, բանջարեղէն եւ ամբողջական ձաւարեղէն: Ընտրեցէ՛ք քիչ իւղով սպիտակուցի (բրոթէյն) աղբիւրներ, ինչպէս՝ ձուկ, լուբիա եւ առանց մորթի թռչնազգիներու միս: Ըմպելիներուն եւս կարեւորութիւն տուէ՛ք։ Ոգելից ըմպելիներու յաճախակի օգտագործումը կրնայ յանգեցնել յիշողութեան կորուստի:
7. Կառավարելի դարձուցէ՛ք ձեր առողջական քրոնիկ հարցերը։
Հետեւեցէ՛ք ձեր բժիշկին խորհուրդներուն՝ ինչպէս օրինակ արեան բարձր ճնշում, շաքարախտ, լսողութեան կորուստ, գիրութիւն կամ այլ հարցեր ունենալու պարագային: Դուք ձեր նկատմամբ որքան հոգատար ըլլաք, այնքան աւելի լաւ յիշողութիւն կ’ունենաք։ Պարբերաբար բժիշկին օգնութեամբ վերատեսութեան ենթարկեցէ՛ք ձեր դեղերը։ Որոշ դեղեր կրնան ազդել յիշողութեան վրայ:
Ե՞րբ Դիմել Բժիշկին
Վերոյիշեալ եօթը խորհուրդները կիրարկեցէ՛ք, իսկ եթէ ձեր յիշողութեան վատթարացումը սկսի խանգարել ձեր առօրեայ աշխատանքներն ու յարաբերութիւնները, բժիշկին դիմեցէ՛ք եւ անոր խորհուրդին հետեւելով պիտի նկատէք, որ ձեր վիճակը ինքնաբերաբար պիտի բարելաւուի։