24 Յունիսին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Պաղեստինի Պետութեան վարչապետ, արտաքին գործոց եւ սփիւռքի նախարար Մուհամմետ Մուսթաֆայի հետ։
Պաղեստինի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի կողմէն Պաղեստինի ճանաչման հարցով ցուցաբերուած սկզբունքային մօտեցումին համար:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ ՀՀ որոշումը յիրաւի պայմանաւորուած է «երկու պետութիւն» սկզբունքով կարգաւորման աջակցելու եւ մարդկային մեծ կորուստներու յանգեցնող իրավիճակի հանգուցալուծման նպաստելու:
Անդրադարձ կատարուած է երկկողմ յարաբերութիւններու եւ քաղաքական երկխօսութեան զարգացման կարեւորութեան։