Սուրիա կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան ոճիրներու դադրեցման համար գործնական քայլերու նախաձեռնելու՝ համաձայն միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի պայմանագրութեան։

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ անդրադարձաւ Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան իրարայաջորդ ոճիրներուն։ Հաղորդագրութեան մէջ առաւելաբար յիշուեցաւ որ.

«Իսրայէլ կը շարունակէ ցեղասպանութեան ենթարկել Պաղեստինի ժողովուրդը, մասնաւորապէս Կազզայի մէջ: Քանի մը օր առաջ, Կազզայի մէջ իսրայէլեան ոճիրներուն հետեւանքով արձանագրուեցան 47 նահատակ եւ 121 վիրաւոր, մինչեւ օրս ընդհանուր թիւը հասցնելով 37598 նահատակի եւ 86032 վիրաւորի, անկախ փլատակներու տակ մնացած հազարաւոր նահատակներէն։

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտէն մինչեւ օրս մարդկութիւնը ականատես չէ եղած օրերս Կազզայի եւ Այսրյորդանանի մէջ Իսրայէլի ոճիրներուն համանման վայրագութեան: Հակառակ միջազգային ընտանիքի մեծամասնութեան դատապարտումին, Իսրայէլ կը շարունակէ ցեղասպանութեան ենթարկել Կազզայի բնակչութիւնը, որպէսզի շարունակէ պաղեստինեան եւ արաբական այլ հողեր բռնագրաւել»: