Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան` Պաղեստինը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչնալու յայտարարութիւնը ողջունեցին արաբական շարք մը երկիրներ։
Այսպէս՝ Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներու պատմական եւ եղբայրական յարաբերութիւններու խորութիւնը` ընդգծելով, որ այս ճանաչումը, որ կ՛արտայայտէ պատմական յարաբերութիւններու իսկութիւնը, համահունչ է միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի համապատասխան բոլոր բանաձեւերուն:
Պաղեստինի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը այս ճանաչումը նկատեց իրական ներդրում խաղաղութեան մէջ եւ գործնական քայլ` աջակցելու միջազգայնօրէն ընդունուած երկու պետութիւն սկզբունքով լուծումին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն` վերջ դնելով իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ ձեռք բերելով Պաղեստինի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը:
Ողջոյնի խօսքեր ուղղեց նաեւ Արաբական Լիկան՝ ընդգծելով երկու պետութիւն ստեղծելու բանաձեւի կեանքի կոչման կարեւորութիւնը: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ Հայաստանի յայտարարութիւնը համարձակ որոշում համարեց։ Այնուհետեւ Հայաստանի որոշումը ողջունեցին Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը, Եգիպտոսը, Յորդանանը եւ Պահրէյնը։