Սուրիոյ քաղաքական եւ մարդասիրական իրավիճակները քննող Անվտանգութեան Խորհուրդի յատուկ նիստին, ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն բանագնաց Վազելի Նիպենզիա շեշտեց, որ Ռուսիա աջակցութիւն կը յայտնէ սուրիական հողերէն օտար եւ ապօրինի ուժերը անմիջապէս դուրս բերելու Սուրիոյ պահանջին:
Նիպենզիա յայտնեց, որ Սուրիոյ կայունութիւնը ամբողջական չէ տակաւին, որովհետեւ Իսրայէլ յաճախակի յարձակումներ կը գործէ սուրիական տարածքներու վրայ եւ սուրիական ենթակառոյցները կը հարուածէ: Ապա շեշտեց, որ Ռուսիա համոզուած է, որ կարելի չէ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատել առանց զինուորական օտար եւ ապօրինի ուժերու սուրիական հողերէն դուրս գալուն եւ իսրայէլեան յարձակումներուն դադրեցումին: