Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ ներգրաւուածութիւն պահպանել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ լուծելու վերջիններուս միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակը այս մասին յայտարարած է լրագրողներու հետ ամէնօրեայ ճեպազրոյցի ընթացքին՝ անդրադառնալով պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ օրեր առաջ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին։
«Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ներգրաւուածութեան եւ կը շարունակենք աշխատիլ՝ փորձելով լուծել այդ վէճը», յայտնած է Միլլըր: