Գիրքի ակումբներու մասին վաղուց եւ յաճախ ափսոսանքով կարդացեր եմ օտար հանդէսներու մէջ եւ զարմացեր, թէ այսքան պարզ բան մը ինչո՞ւ մենք եւս չենք ունեցած, չունինք:
Գիրքի ակումբներուն անդամները հերթական դրութեամբ՝ շաբաթը մէկ կամ երկու շաբաթը մէկ անգամ, ըստ անդամներուն փափաքին, կը հաւաքուին, եւ նախապէս որոշուած գիրքի մը որոշուած բաժինը կարդացած ըլլալով, կը քննարկեն զայն, կամ կարծիքներու փոխանակում կ’ունենան: Այսպիսով անոնք ձեւով մը կը ստիպուին խորունկ կերպով ընթերցում կատարել, մտածել իրենց կարդացածին մասին, եւ արտայայտել իրենց մտածումները: Նաեւ տարբեր ոճերու գիրքերու ծանօթանալու շատ լաւ միջոց է, որովհետեւ մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը հերթով գիրք մը կ’առաջարկէ ընթերցումի համար, հետեւաբար մասնակիցը ինքզինք կը կոփէ նաեւ իր նախընտրութիւններէն դուրս գիրքերու ծանօթանալով:
Այսքանը շատ կարեւոր է կը կարծեմ մանաւանդ դպրոցական վերի դասարաններուն՝ միջնակարգի վերջին եւ երկրորդականի երեք դասարաններուն համար:
Երբ սկսայ Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական ամպիոնէն ներս սփիւռքահայ եւ օտար գրականութիւններ դասաւանդել, անդրադարձայ որ ուսանողները՝ բոլորն ալ երկրորդականը, երբեմն նոյնիսկ համալսարան աւարտած, չէին գիտեր մեր՝ արեւմտահայ թէ սփիւռքահայ նոր ժամանակներու գրականութեան կարեւոր գործերը: Թերեւս քիչ մը գաղափար ունեցած ըլլային Հայաստանի գրականութեան մասին:
Բայց ինչպէ՞ս գիտնային, երբ իրենց ամբողջ ժամանակը տրամադրուած էր «սորվելու». կը չակերտեմ «սորվիլ» բայը, որովհետեւ մեր՝ Միջին Արեւելքի գրեթէ բոլոր երկիրներուն կրթական ծրագիրը կը ստիպէ գոց սորվիլ գրեթէ բոլոր նիւթերը, տղոց միտքը խճողելով, եւ դպրոցի հաճոյքը քամել-սպառելով: Ո՛չ մէկ հաճոյք ունին այդ տղաքը դպրոցներէն ներս, մինչդեռ սորվիլը կեանքի գեղեցիկ հաճոյքներէն մէկը պէտք է ըլլայ:
Այս մասին մտածելով էր, որ ծագեցաւ գիրքի ակումբ մը սկսելու գաղափարը միտքիս մէջ: Ուսանողներուն խթանեցի, որ հայագիտականէն դուրս իրենց ընկերուհիները եւս հրաւիրեն մասնակցելու այս ակումբին:
Որքան կը յիշեմ, սկիզբը Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» վէպն էր մեր կարդացածը:
Այնքա՜ն տպաւորուած էին ուսանողները ոչ միայն Շահնուրի վէպով, այլ նաեւ այն իրողութեամբ, որ ընթերցումը կրնայ հաճոյք պատճառել … Որովհետեւ մինչ այդ ինչ որ կարդացեր էին դաս էր, կարդացեր էին գոց սորվելու համար միայն:
Յետոյ կարդացինք Կոստան Զարեանի «Նաւը Լերան Վրայ» հատորը, Լեւոն Շանթի «Հոգիները Ծարաւի» հոգեբանական վէպը, Վահէ Օշականի «Թակարդին Շուրջ» հատորէն «Օծումը» երկար պատմուածքը, հալէպահայ վիպագիր Գէորգ Իփճեանի «Սանտրասեղը» վէպը…
Յետոյ հաւանաբար «Վերջին Բաժակը» կարդացինք, որ Շահնուրի առոյգ լեզուէն ետք քիչ մը «շատ հին» երեւցեր էր իրենց:
Իսկ Եսայեանէն ետք Վահէ Պէրպէրեանի երկրորդ՝ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ» վէպը կարդալը կարծեմ քիչ մը
յանդգնութիւն էր, որովհետեւ ոճերու միջեւ եղած հատումը բաւական ցնցիչ էր ուսանողներուն համար:
-Ո՜չ, պիտի չուզէի որ մանչս կարդար այս վէպը,- ըսաւ գիրքի ակումբի անդամներէն մէկը, որուն մանչուկը տակաւին երկու տարեկան էր:
Ոճական այս տարբերութիւնները մթնոլորտը առոյգ եւ հետաքրքրութիւնը սուր կը պահէին:
Կարծեմ Հալէպի ամերիկեան դպրոցը՝ ICARDA-ն1 եւս ունէր նման ակումբ, նոյնիսկ մանկապարտէզին համար. փոքրիկները ունէին իրենց պզտիկ սրահը, գետնին դրուած հանգստաւէտ բազմոցիկներով, ուր նստած մտիկ կ’ընէին ուսուցչուհիին կարդացած հեքիաթները կամ մանկական պատմութիւնները:
Այլ ակումբ մըն ալ կայ եւ մինչեւ այսօր կը գործէ _ որքան գիտեմ _ Լիբանանի հայկական գիւղաւանին՝ Այնճարի մէջ. հոն սակայն ընդհանրապէս անգլերէն գիրքեր կը կարդան, երբեմն միայն այդ ընթերցումները նաեւ հայերէն գիրքերով կէտադրելով:
Գիրքի ակումբներուն երեւոյթը այնքան տարածուած էր անցեալ դարու վերջերուն, որ ամերիկեան ֆիլմերուն մէջ յաճախ հեգնանքով կը ներկայացուէին անոնք եւ քմծիծաղի առարկայ կը դառնային հոն յաճախող երիտասարդները:
Այս հեգնանքն ու քմծիծա՞ղն են արդեօք, որ պատճառ դարձան այս ակումբներուն շիջումին, չեմ գիտեր:
Սխալ է սակայն ենթադրութիւնս, որովհետեւ վիճակագրական նոր տուեալներու համաձայն, ԱՄՆ-ի տարածքին 2015 թուականին հինգ միլիոն ամերիկացիներ մասնակցեր են գիրքի ակումբներու: «Սպասելի է,_ կ’ըսէ նոյն աղբիւրը,- որ 2024-ին անոնց թիւը աւելցած ըլլայ»: Այդ ակումբները նոյնիսկ իրենց «մասնագիտութիւնը» ունին, ինչպէս օրինակ ոճիրի գրականութեան ակումբներ, պատմական վէպերու ակումբներ, հոգեբանական վէպերու ակումբներ եւ այլն …
Գիրքի ակումբներուն սկզբնաւորութիւնը կ’երթայ մինչեւ … 1634, երբ Անն Հաչինսըն անունով կին մը, դէպի Ամերիկա գացող նաւու մը վրայ կը կազմակերպէ կիներու հանդիպումներ, Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրութեան եւ կարգ մը քարոզներ քննարկելու համար, շաբաթական դրութեամբ: Պէտք է նշել, որ քարոզները ժամանակին լայն տարածում գտած գրական ժանր էին:
18-րդ դարուն, Անգլիոյ մէջ եղած են գիրքի աւելի քան հազար ակումբներ, իսկ ֆրանսայի մէջ ազնուական դասակարգը նշանաւոր էր իր գրական, մշակութային, քաղաքական թէ փիլիսոփայական «սալոն»-ներով, ընդհանրապէս նշանաւոր տիկնոջ մը կողմէ կազմակերպուած, իր տան կամ պալատին մէջ:
Ամերիկայի մէջ նշանաւոր եղած է Բենիամին Ֆրանքլինի կազմակերպած Junto club-ը, որ շատ պաշտօնական եղած է՝ մասնակիցները պէտք է կարգ մը հարցումներու պատասխանէին եւ որոշ նիւթերու մասին էսսէներ գրէին:
Ամերիկայի մէջ 17-րդ դարու կիներու գիրքի ակումբները միջոց եղած են, որ անոնք իմացութիւն ամբարեն եւ կարգ մը նիւթեր սորվին, երբ տակաւին անոնց դպրոց կամ համալսարան յաճախելը արգիլուած էր: Նոյնիսկ հարցադրումի ենթարկած են իրենց կեանքին նպատակը, Մարկարէթ Ֆուլլըրի կազմակերպած հանդիպումներուն, եւ փորձած են պատասխաններ գտնել «Ինչո՞ւ ծնած ենք» եւ «Ի՞նչ կրնանք ընել» էութենական հարցումներուն:
Այլ ակումբ մը՝ Sorosis ծնունդ առեր է, երբ Չարլզ Տիքընզի դասախօսութիւններէն մէկուն կիներուն մուտքը արգիլեր են:
Ճիշդ է որ նախորդ դարերու հարուստ կիները թէ՛ ժամանակը եւ թէ՛ միջոցները ունէին նման ակումբներ կազմակերպելու կամ անոնց մասնակցելու, սակայն աշխատող կիները եւս, իրենց աշխատանքի ընթացքին կը զրուցէին «բնագիտութի՞ւն թէ արուեստ», «Սոկրատ արդարացի՞ էր իր անձնասպանութեան մէջ» եւ նման այլ նիւթերու շուրջ:
Ընկերային լուսանցքային խումբերու համար նման ակումբները ո՛չ միայն հաճելի ժամանցի վայրեր եղած են, այլ նաեւ ինքնազարգացումի միջոց եւ իրենց կենսավիճակը բարեփոխելու ծրագիրներ մտածել-ստեղծելու առիթներ:
Եւ ոչ միայն. նման խումբեր կ’օգնեն լաւ ընթերցող դառնալու, նոր յարաբերութիւններ ստեղծելու, նիւթ մը կամ երեւոյթ մը տարբեր դիտանկիւններէ դիտելու, բայց մանաւանդ զրոյցի եւ բանավէճի ճիշդ սովորութիւններ մշակելու:
Այսօր, համացանային BookTok եւ Bookstagram ծրագիրներուն հետ նոյնիսկ շատ աւելի դիւրին է, տան հանգիստ պայմաններուն մէջ մասնակցիլ գիրքի ակումբներու:
Նման ակումբներ կարելի է կազմակերպել անձնական միջոցներով, կամ մասնակցիլ հանրային գրադարանի մը գիրքի ակումբին. այս վերջիններուն մէջ տղամարդոց թիւը բաւական մեծ է, մասնակիցներուն կէսը կազմելու չափ, մինչ անձնական ակումբներու մէջ անոնց տոկոսը միայն 20% է:
Դիմատետրին վրայ կարելի է գտնել հայկական «Գրքի Բում» եւ «Գրքամոլների Ակումբ» խումբերը, ուր «գիրքի ակումբ», այսինքն մէկ գիրքի ընթերցում-քննարկում-վերլուծում-ի հասկացութիւնը չկայ դժբախտաբար. եղածը Դիմատետրին յատուկ ոճով նոր գիրքերու ներկայացում է՝ փոքրիկ, արագ ամփոփումով, պատկերներով, գիրքերէ առնուած խօսքերով:
Իսկ Հայատանի եւ Արցախի մէջ 2008 թուականէն կը նշուի «Գիրք Նուիրելու Օր», Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը՝ 19 Փետրուարին, Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախկին (մահացած) նախագահ Լեւոն Անանեանի նախաձեռնութեամբ եւ պետութեան որոշումով հաստատուած:
1- InternAtional Center for Agricultural Research in Dry Areas.
Մարուշ Երամեան